Ազգային Ինքնութեան Ոչնչացումը
Ճ. Տ. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Հայ ազգի գոյութեան ու գոյատեւման պատճառներէն մէկն է Հայ ինքնութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ իւրայատուկ կապը, յատկապէս` առաքելական եկեղեցւոյ պարագային: Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները եղած են ապաստանը հայութեան մեծամասնութեան, մասնաւորապէս` այն 600 տարուան ընթացքին, երբ հայերը կ՛ապրէին օտար երկիրներու լուծին տակ: Այսօր կը գտնուինք դժբախտ իրականութեան մը դիմաց, երբ հայ կաթողիկոսութիւնն ու Ամենայն Հայոց...

















