Հաղորդագրութիւն. «Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները: Արդարեւ, կիրակի, 24 մայիսի երեկոյեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը եւ յաջորդող երաժշտական խտասալիկի շնորհահանդէսը, երկուշաբթի, 25 մայիսէն չորեքշաբթի, 27 մայիս երկարող գիտաժողովի նիստերը, կլոր սեղանը, գիրքի շնորհահանդէսը եւ կից ցուցահանդէսը` Հայկազեան համալսարանին կողմէ հրամցուած գիտական-մշակութային տօնահանդէսի վերածուեցան: Կիրակի, 24 մայիսի երեկոյեան, պաշտօնական բացման հանդիսութեան, կեդրոնի տնօրէն...




















