Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նշում Քեսապի Մէջ

May 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

image-0781f54af80d078f6736ad7eb7fed4b80bc390e10bd99aa94ea656671107347c-V23 ապրիլ 2015-ին, ժամը 19:15-ին, Քեսապ սովորական պահեր չէր ապրեր: Եկեղեցւոյ կոչնակները հարիւր ղօղանջ հնչեցին` իբրեւ յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան սրբացած անմեղ նահատակներու յիշատակին: Պահը ազդեցիկ էր, լսողին միտքն ու հոգին խայտաց:

23 ապրիլ 2014-ին Քեսապի մէջ բոլորովին տարբեր իրավիճակ կը տիրէր: Թուրքիոյ արիւնարբու կառավարութեան ու անոր հետեւորդին պիղծ շունչը հասած էր Քեսապ: Թուրքին գործակատարները տեղահանութեան ենթարկած էին Քեսապի զաւակները` զրկելով քեսապցին իր հայաշունչ գիւղէն, սակայն քեսապցին, հարբած կեանքի սիրով, տկարութիւն ու յուսահատութիւն չի ճանչնար:

image-b9f0f87825dd9e0404a55d236aabce3eb9fc505535297024497556e35807af33-V24 ապրիլ 2015-ին Քեսապի երեք համայնքներու անյաղթ զաւակները հոծ բազմութեամբ հաւաքուած էին Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Թշնամին այրած էր այդ եկեղեցւոյ պատերը եւ նիւթական իրերը, սակայն չէր կրցած այրել սէրը մեր հոգիներուն մէջ կեանքի ու եկեղեցւոյ եւ մեր գիւղի նկատմամբ: Ան չէր մտաբերած, որ քեսապցին` Կասիոս լերան զաւակը կրկին անգամ կրնար իր նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչել այդ հրկիզուած եկեղեցւոյ մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ տոհմիկ սովորութիւն դարձած է այդ յարկին տակ ապրիլեան ոգեկոչումներ համախմբել:

Տօնակատարութեան հանդիսավար Թամար Ղազարեան-Քէշիշեանը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներու յիշատակին:

image-43091ca0094cd74722a76790d16b33846b8154f766f2ce1c407aeb32992d6613-Vimage-07b465ee1d21640f11415365721279020b4ef385baf9089217388b66ffea363e-VՕրուան բացման խօսքը ներկայացուց պատուելի ժիրայր Ղազարեան: Ան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ հայը վերապրած ազգի զաւակ է, մահ չի ճանչնար, եւ թուրքը ցեղասպանութեան ծրագիրով չկրցաւ հայուն մահը հաստատել, այլ հաստատեց անոր նոր կեանք: Պատուելին անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ 100 տարի ետք պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Այսօր Արեւելքը կ՛ենթարկուի ջարդի` ձեռքով նոյն ցեղասպան թուրքին, որ անհանդուրժողութեան գաղափարը կը սրսկէ ժողովուրդներուն մէջ: Ան իր խօսքը աւարտեց` հաստատելով, որ հայը կը մնայ շինող` ի դէմս Թուրքիոյ, որ կը մնայ քանդող, հայը կը մնայ շինող` ի դէմս թուրքին, որ կը մնայ յափշտակող:

Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան կարդաց նաեւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքապետին` վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի Քեսապի զաւակներուն յղած պատգամը, որուն մէջ նշուած էր, թէ հարիւր տարիներ ետք հայը աւելի ուժեղ է եւ գիտակից` իր հայկական ինքնութեան: Իր ուղերձին մէջ ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած էր կաթողիկէ համայնքի քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին քաջ քայլը: Իր պատգամի աւարտին ան մատնանշեց, թէ քեսապցին տոկացած է ցաւին ու ան պիտի չդադրի իր արդար պահանջատիրութիւնը հետապնդելէ:

Օրուան բանախօսն էր գիւղին զաւակը, կրթական մշակ, Ազգ. Ք. Եփփէ ճեմարանի վաստակաւոր նախկին տնօրէնը` Վահէ Ղազարեանը: Բանախօսը որպէս նախաբան նշեց, որ ապրիլ 24-ին Քեսապի զաւակներուն հաւաքը յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ մեծ հարուած մըն է Թուրքիոյ, որ նախորդ տարուան ընթացքին Քեսապը զրկած էր իր զաւակներէն: Ան 100-ամեայ պատմական փուլերէն եւ իրադարձութիւններէն ընդգծեց պատմական հետեւեալ կէտերը: Ատանայի` Կիլիկիոյ ջարդը, 1915-ի կանխամտածուած Եղեռնը, համաթրքական թուրանական կայսրութեան ստեղծումը, ազերիներու ձեռքով գործադրուած Սումկայիթի ջարդը, Սպիտակի երկրաշարժը, ճերմակ ջարդը, որուն կ՛ենթարկուին հայ ազգի զաւակները, եւ մասնաւորաբար` Արեւելքի տագնապը, որուն զոհ գնաց նաեւ սուրիահայութիւնը:

Ան այդ դէպքերը պատմողական ոճով նկարագրելէ ետք անդրադարձաւ հայ ազգի զաւակներու սխրանքներուն` Հայաստանի Հանրապետութեան մայիսեան անկախութեան, հայ ազգի զաւակներուն վերականգնումին` իրենց ազգային դիմագիծի համապատասխան, արցախեան ազատամարտին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  վերանկախութեան:  Այս բաժինը եզրափակելով` ան հաստատեց, որ հայը ժառանգորդն է կրակներէն վերստին ծնող ժողովուրդի մը, մրցունակ ազգի զաւակն է հայը, որ տունէն առաջ շինած է դպրոց, ակումբ ու եկեղեցի, անմահ ազգի զաւակն է հայը:

Միջազգային ընտանիքի կեցուածքներուն անդրադառնալով` ան բարձր գնահատեց Վատիկանի քահանայապետին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական Միութեան ճանաչումը:

Բանախօսը իր խօսքի աւարտին դիտել տուաւ, թէ Թուրքիոյ բոլոր փորձերը` քաղաքակիրթ սեպուելու, ձախողած են, որովհետեւ ան կը մնայ արիւնարբու օսմանցիին ժառանգորդը. փաստը Սուրիոյ մէջ թշնամական մօտեցումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողական կեցուածքն է: «Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը» նախադասութեամբ ան փակեց իր խօսքը:

Հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց Քեսապի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին կազմակերպուածութիւնն ու գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակիցները: Ան յայտնեց, թէ 1915-ին պատահածը կը բնորոշուի ցեղասպանութիւն բառով, մեր դատը սեպեց անմահ, ան ընդգծեց, թէ հայը պահանջատէր պէտք է մնայ միշտ` ի դէմս ցեղասպան Թուրքիոյ: Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ հայրենիքը հայ տարագրեալները իր գիրկը առաւ, ուստի դատապարտութիւնը իսլամական կրօնին դէմ չէ, այլ` ցեղասպան թուրքին: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ Սուրիոյ  միտումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարութեան: Խօսքը փակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքով, որ Սուրիան յաղթական դուրս պիտի գայ այս պատերազմէն:

image-28e40c693dccfc1cb7927afcbb13223d6d51f95434a6658f7336a5a1457b5ad5--fՕրուան խօսքերու ընթացքին ներկայացուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:   Ազգ. Ուսումնասիրաց Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները «Գետաշէն» եւ «Կիլիկիա» երգերը երգեցին, աշակերտներէն Սոնա Մանճիկեանը արաբերէն մեներգ մը ներկայացուց: Երգերը ներկայացուեցան Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ պատուելի Ժիրայր Ղազարեանի: Սալբի Թիթիզեան իր իւրայատուկ կատարողութեամբ եւ դիւթիչ ձայնով երգեց «Երազ իմ երկիր» երգը: Վարդինէ Աղպաշեան-Դանիէլեան ասմունքեց  «Անլռելի զանգակատուն» քերթուածէն բաժիններ: Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որ կը ներկայացնէր Քեսապի երեք տեղահանութիւնները, 1909-ի Ատանայի կոտորածէն պատկերներ, 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ վերջին տեղահանութեան ու վերադարձի լուսանկարներ ու խօսքեր: Տեսերիզը շարժեց ներկաներուն զգացումները` արթնցնելով միամիայ տեղահանութեան դառն ու թարմ ապրումները:

image-5950649df1373389e2f3ec847e54329accd768e086e99879e1e70337e86f2892-fՏօնակատարութեան աւարտին, երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւներու առաջնորդութեամբ քայլերթը սկսաւ Քեսապի հրապարակէն դէպի Քեսապի գերեզմանատան Ապրիլեան նահատակներու յուշարձանը, ուր զետեղուեցան մեխակներ ու ծաղկեպսակներ: Պահը տպաւորիչ էր, քայլերթը յառաջացաւ ինքնավստահ քայլերով, հաստատ կամքով, թէ հայը  100-ամեակ մը ետք կը յիշէ եւ կը պահանջէ իր արդար իրաւունքը…

 

 

Նախորդը

Խօսք` Հալէպահայութեան Մասին

Յաջորդը

«Մենք Փորձեցինք Մեր Կարելին Փոխանցել, Արժեւորումը Կը Ձգենք Ժողովուրդին Դատողութեան», Հաստատեցին «Գայեանէ»-ի Պարուսուցներ Կարէն Եւ Ժաքլին Մակինեաններ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.