Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, լիբանանեան կարգ մը արաբական դպրոցներ, անձնական նախաձեռնութեամբ, կազմակերպեցին ձեռնարկներ` ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Այս սիւնակներով կ՛անդրադառնանք Ղազիրի Անտոնեան քոյրերու Մար Էլիաս երկրորդական դպրոցին, ինչպէս նաեւ` Ճիզըս էնտ Մերի դպրոցին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն:
Ղազիրի Անտոնեան քոյրերու Մար Էլիաս երկրորդական դպրոցին մէջ, Սալբի Կեցոյեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որ յատուկ էր միջնակարգ եւ երկրորդականի կարգերու աշակերտներուն: Նշենք, որ թերեւս միայն մէկ հայ աշակերտ այս դպրոցը կը յաճախէ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Եսայի Ալթունեանի «Ժը նուպլիէ բա» երգով, ապա կատարուեցաւ անգլերէն լեզուով փաուըրփոյնթ ներկայացում մը, որուն ընդմէջէն աշակերտութեան ուշադրութեան յանձնուեցան շարք մը միտքեր:
Ներկայացումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ժամանակը պիտի չկարենայ ջնջել արձանագրուած այդ ոճիրներուն ահաւորութիւնը, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը զայն կը կոչէ Հայոց ցեղասպանութիւն եւ կը բացատրէ այդ եզրին իմաստը:
Ապա ներկայացուեցան Արեւմտեան Հայաստանի մասին պատմական ու աշխարհագրական տեղեկութիւններ` լուսարձակի տակ առնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը գործելու մղած պատճառները:
Այդ պատճառները եւ տիրող ընդհանուր կացութիւնը բացատրելու շրջագիծին մէջ մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ հայոց ֆիզիքական եւ մշակութային ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ թրքացումի քաղաքականութեան իրագործումին մասին:
Այս բոլորին կողքին, շեշտուեցաւ հայոց կառչածութիւնը կեանքին եւ հայկական իրենց գոյութիւնը պահպանելով` իրենց կեանքը շարունակելու կարողութիւնը:
Միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն տրուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը խորհրդանշող անմոռուկին իմաստը, ինչպէս նաեւ` 100-ամեակի «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսին նշանակութիւնը:
«Հայութիւնը կը պահանջէ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութենէն չուրանալ պատմութիւնը եւ չնենգափոխել զայն, այլ` ճանչնալ այդ կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել եւ հատուցում կատարել: Կը պահանջուի նաեւ աշխարհի բոլոր երկիրներէն, որոնք հարիւր տարիէ ի վեր չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ճանչնան զայն եւ դատապարտեն զայն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ աշխարհին մէջ մարդկութեան դէմ գործուող բոլոր ոճիրներուն, այլ խօսքով` ցեղասպանութիւններուն», շեշտուեցաւ ձեռնարկին ընթացքին:
Ապա ցուցադրուեցան` Ցեղասպանութեան մասին, սփիւռքի տարածքին հայկական թաղամասերուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մշակութային, արուեստի, տնտեսական եւ շինարարական իրավիճակը խորհրդանշող շարք մը լուսանկարներ:
Նոյն դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ այլ ձեռնարկ մը, որ 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններուն յատուկ էր:
Այդ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան Մեծ եղեռնէն ճողոպրած հայերու յատուկ վկայութիւններ, որուն յաջորդեց լսարան մը` հայոց անցեալին եւ ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ապագային մասին:
Այս շրջագիծին մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ դատի պայքարին մասին տեղեկութիւններ, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան արարքը ներելու հայութեան կարողութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած աշակերտները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ իրենց հարցումներուն ընդմէջէն բաւական յուզիչ եւ ազդեցիկ զրոյց մը զարգացուցին: Սակայն ամէնէն տպաւորիչը եղաւ 7-րդ դասարանէն աշակերտի մը խօսքը, երբ ան ներում հայցեց Սալբի Կեցոյեանէն` թրքական ծագում ունենալուն համար: Երբ ան ընդունեց ներողութիւնը, աշակերտը սկսաւ բարձրաձայն լալ` յուզում պատճառելով նաեւ իր շուրջիններուն:
Ձեռնարկին աւարտին Ս. Կեցոյեան հայերէնով «Հայր Մեր»-ը աղօթեց, իսկ աշակերտները իրենց մտքերով աղօթեցին մէկուկէս միլիոն հայ սուրբ նահատակներուն համար:
Ճիզըս Էնտ Մերի Դպրոցին Մէջ
6 Տարբեր Ձեռնարկներ
Մեծ թիւով հայ աշակերտներ ունեցող Ճիզըս էնտ Մերի դպրոցին մէջ տեղի ունեցան վեց ձեռնարկներ` ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ առաջինը յատուկ կերպով կազմակերպուած էր ուսուցիչներուն համար:
Դպրոցին թուաբանութեան դասերու համադրող Սալբի Կեցոյեան ուսուցչական կազմին փաուըրփոյնթով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ:
«Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, ես կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել իմ ազգիս դիմագրաւած արհաւիրքները, եւ կը ներէք, որ ստիպուած եմ ներկայացնել լուսանկարներ, որոնք կրնան ցնցիչ ըլլալ», ըսաւ ան:
Կեցոյեան նշեց, որ աշխարհին մէջ շատ մը երկիրներ գիտեն Ցեղասպանութեան եւ կամ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրին մասին, սակայն միայն 24 պետութիւններ եւ Միացեալ Նահանգներու 43 նահանգներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին մատուցած պատարագին, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ 20-րդ դարուն հայ ժողովուրդին դէմ գործուածը ցեղասպանութիւն էր:
Կեցոյեան ակնարկեց նաեւ Հայաստանի տարածութեան` շեշտելով, որ բռնագրաւուած հայկական հողերը ներկայ անկախ Հայաստանին բազմապատիկն են:
«24 ապրիլ 1915-ի երեկոյեան Օսմանեան կայսրութիւնը հայ մտաւորականներ ձերբակալեց եւ անճիտեց: Յաջորդող օրերուն տղամարդիկ ձերբակալուեցան, իսկ անոր յաջորդեց կիներուն, երեխաներուն եւ տարեցներուն վտարումը իրենց բնակարաններէն` դէպի Տէր Զօրի անապատները: Օսմանեան կայսրութիւնը ահաւոր ոճիրներ գործեց, պատմութեան մէջ ամէնէն անարգ եւ քստմնելի ոճիրները, որոնց շարքին են գլուխները կտրելու, կախաղան բարձրացնելու, յղի կիներուն փորերը դաշոյններով ճեղքելու, հայ օրիորդներու բռնաբարելու եւ խաչելու, ինչպէս նաեւ երեխաներ առեւանգելու եւ չարչարանքի ենթարկելու արարքներ, որոնց պատճառով զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր», ըսաւ Կեցոյեան եւ ցուցադրեց ջարդի, սպանդի եւ տեղահանութեան ցնցիչ լուսանկարներ:
Ան իր ներկայացումին աւարտին բացատրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով որդեգրուած խորհրդանշանին` անմոռուկին, ինչպէս նաեւ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսին իմաստները, ընդգծելով, որ հայութիւնը կը պահանջէ ներկայ Թուրքիայէն ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել եւ հատուցում կատարել:
Ուսուցչական կազմին համար կատարուած այս ներկայացումին աւարտին հարցումներու տարափ մը արձանագրուեցաւ, ինչպէս նաեւ զօրակցութեան եւ յարգանքի յատուկ զգացումներու արտայայտութիւն` հայութեան հանդէպ:
Կարգ մը ուսուցիչներ նաեւ մղուեցան յաւելեալ աշխատանքի եւ համացանցին միջոցով ուսումնասիրութիւններ կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Աշակերտական ձեռնարկները սկսան մանկապարտէզէն: Ուսուցիչներ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին հաւաքեցին մանկապարտէզի աշակերտները եւ առաւօտեան աղօթքը նուիրեցին Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:
Մանկապարտէզի ուսուցչարանին մէջ Արփի Արքուսեան յատուկ պատի թերթով մը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ուսուցչարանին մէջ այդ մասին քննարկումներ եւ խորհրդակցութիւններ կատարուեցան, Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր կատարած ներկայացումին աւարտին:
Մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարած աղօթքի խորհրդաւոր պահէն բացի, Ճիզըս էնտ Մերի դպրոցին մէջ առաջինէն մինչեւ պրըվէ դասարանին համար տեղի ունեցան երեք տարբեր ձեռնարկներ, որոնք ընթացան հետեւեալ կարգով.
Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններուն համար ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, նշելով, որ 24 ապրիլին դպրոցը այդ առիթով փակ պիտի մնայ:
Ս. Կեցոյեան աշակերտներուն բացատրեց սակայն, որ անիկա տօն մը չէ հայոց կեանքին մէջ, այլ` սգատօն մը եւ օր մը, որ 100 տարի առաջ կատարուած պատմական արհաւիրքներով լեցուն օր մըն է:
Ան շեշտեց, որ այդ օրուան ընթացքին հայութեան պարտադրուած էր լքել իր տունը, ինչքերը, կալուածները եւ տեղահանուիլ, սովի ենթարկուիլ եւ սպաննուիլ, սակայն հայը ապրեցաւ եւ դարձաւ պահանջատէր ու ան ցարդ կը պահանջէ իր իրաւունքները:
Իր կարգին Ալիք Մարտիկեան, որ նոյն դպրոցին մէջ նախակրթարան կարգերու ուսուցչուհի է, ներկայացուց վիտէօ մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան` յուզելով բոլորը:
Ձեռնարկին աւարտին Ս. Կեցոյեան բացատրեց անմոռուկին եւ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսին իմաստները:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր աշակերտի յանձնուեցաւ անմոռուկէ բացիկ մը, որ պատրաստուած էր ուսուցիչներուն կողմէ:
Ձեռնարկին աւարտին Կեցոյեան եւ Ա. Մարտիկեան «Հայր Մեր»-ը աղօթեցին հայերէնով, իսկ աշակերտները իրենց միտքէն արաբերէնով կամ անգլերէնով աղօթեցին «Հայր Մեր»-ը` մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակին:
Դ., Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտներուն համար կատարուեցաւ նոյն ներկայացումը, միակ տարբերութեամբ, որ անոնց ցուցադրուած տեսերիզը տարբեր էր: Անիկա կ՛ընդգրկէր 105 տարեկան վերապրող Էլմաստ Պօղոսեանին վկայութիւնները:
Է., Ը. եւ Թ. դասարանները իրենց կարգին ներկայ գտնուեցան ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան նոյն հիմնական տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան մասին պատմող տեսերիզը ու Էլմաստ Պօղոսեանին վկայութիւնները:
Դպրոցին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկները եզրափակուեցան Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպուած ձեռնարկով, որ բացուեցաւ Եսայի Ալթունեանի «Ժը նուպլիէ փա» երգով:
Ս. Կեցոյեան երկրորդական կարգի աշակերտներուն ներկայացուց ճիշդ այն դասախօսութիւնը, որ կատարուած էր դպրոցին ուսուցչական կազմին համար:
Ան մանրամասնութեամբ բացատրեց Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն մասին, ինչպէս նաեւ բացատրեց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայկական սփիւռքի կազմութեան հանգրուանները` ընդգծելով իւրաքանչիւր հայու համար Արարատ լերան կարեւորութիւնը:
Անմոռուկին եւ յիշելու ու պահանջելու կարգախօսին մասին ներկայացուած բացատրութեան ընդմէջէն հաստատուեցաւ հայուն պահանջատիրական ընթացքին շարունակութիւնը: Ապա ցուցադրուեցան Պարետ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնէն բաժիններ:
Ձեռնարկին աւարտին Ս. Կեցոյեան բեմ հրաւիրեց Ճիզըս էնտ Մերի յաճախող հայ աշակերտները, որոնք հայերէնով աղօթեցին «Հայր Մեր»-ը` յարգելով մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը: