Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւրամեակի Հունձքով 29 Շրջանաւարտներ Եւս Կ՛աւելնան Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Ուռճացող Փաղանգին

Մայիս 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-15-15_Harboyan_Hantes

Ուրբաթ, 15 մայիս 2015-ի երեկոյեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը` նախագահութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ անգլիախօս վարժարաններու ընդհանուր համակարգող հայր Կապրիէլ Թապեթի:

Հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով` իրենց հօր ընկերակցութեամբ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր չորս լեզուներով արտասանուած ուղերձներ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն` «Յիշիր» երգով, շրջանաւարտներու պար` «Քոչարի»: Արինա Թեփիրճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը, ներկայացուեցաւ նաեւ նուագ` «Մուշ»` Էլի Ուաննուսի, Յակոբ Բամպուքեանի եւ Նարինէ Քէշիշեանի կատարողութեամբ, խմբերգ` «Հայ-հայ», ինչպէս նաեւ` «Մամա» երգը, որուն աւարտին աշակերտները նուռէ զարդեր նուիրեցին իրենց թանկագին մայրերուն:

Հայերէն ուղերձով` Կարպիս Նագգաշեան, արաբերէնով` Սալբի Կանիմեան, անգլերէնով` Բերլա Գանթարճեան, եւ ֆրանսերէնով` Նշան Նորաշխարհեան գեղեցկագոյն յիշատակներով հրաժեշտ տուին իրենց երկրորդ տան, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց երախտաշատ ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ իրենց նեցուկ կանգնած ծնողներուն: Անոնք նաեւ շեշտեցին հայ վարժարան յաճախած ըլլալու հպարտութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ եւ միշտ, ապացոյց է, որ «ցեղասպանը չկրցաւ իր երազը իրագործել, որն էր` մեզ սպաննել ֆիզիքապէս եւ մտապէս, որովհետեւ որպէս ազգ եւ որպէս աշակերտներ` մեր ձգտումները կարելի չէ կասեցնել կամ սահմանափակել մարդկութեան դէմ ոճիր գործածներու նենգ նկրտումներով», նշեցին անոնք:

Օրուան նախագահ հայր Կապրիէլ Թապեթ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ` «Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակները կարծես ժպտելով կ՛օրհնեն այսօրուան հանդէսն ու շրջանաւարտները, որովհետեւ իրենց նահատակութիւնը ի զուր չեղաւ, իրենց զոհաբերութիւնը արդիւնաւորուեցաւ, եւ ոխի գիշերուան մէջ իրենց քալած ուղին վերջ չգտաւ խաչին քով, այլ` յարութեան ապառաժին մօտ»: Հայր Թապեթ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` յիշելու, որ իրենք ունին փառաւոր պատմութիւն մը, որ կ՛երկարի Հայաստանի սիրտէն մինչեւ Լիբանանի գիրկը, եւ թէ` իրենցմէ շատ բան խնդրուած է այս առումով, որովհետեւ զիրենք դաստիարակողները շատ բան տուած ու զոհած են:

Յայտագրի ընթացքին շրջանաւարտներ Սալբի Կանիմեան եւ Վերա Պոզոյեան վարժարանին վահանը յանձնեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու` Ճոյս Մալտոսեանին եւ Մարիանա Վարդանեանին, որպէսզի յաջորդ սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:

Վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր փոխանցած խօսքին մէջ նշեց, որ մեր ազգային հաւաքական գոյութեամբ կու գանք Թալէաթի ժառանգորդներուն ըսելու, թէ իրենք ձախողեցան, որովհետեւ միայն մեր մարմինները սպաննեցին ու չկրցան մեռցնել մեր ազգային ոգին, որովհետեւ մենք կեանքը եւ ոչ թէ մահը սիրող ազգ ենք, եւ կը նահատակուինք` մերժելով նուաստանալ ու ենթակայ ըլլալ:

Ան աւելցուց, որ 2015 թուականը յատկանշական է նաեւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանին կրթական նուաճումներուն մակարդակով, որովհետեւ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքին եւ ամերիկեան ծրագրի բաժանմունքին մեկնարկման զուգահեռ, վարժարանը ունեցաւ նաեւ արուեստից բաժանմունքի աւարտական` BT3 բաժանմունքը, որուն առաջին հունձքը մեծ ուրախութեամբ կը քաղենք այս հանդիսութեան ընթացքին: Շեշտը դնելով հայ ազգի գոյատեւման երաշխիքը հանդիսացող հայ դպրոցի դերին ու կարեւորութեան վրայ` ան ըսաւ, որ Ս. Խաչ-Հարպոյեան հայաշունչ դարբնոցին մէջ հայ աշակերտը կը զինուի անհրաժեշտ գիտութիւններով, անոր ճակատը կը զարդարուի յաջողութեան պսակով, եւ անոր մէջ կը կոփուի ազգային պատկանելիութեան ոգին ու կը կերտուի անոր հայու նկարագիրը:

Վկայականներու բաշխման ժամանակ տնօրէնութիւնը գնահատանքի յուշանուէրով մը պարգեւատրեց վարժարանի գերազանց աշակերտ, շրջանաւարտ Սալբի Կանիմեանը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի լաւագոյն երեք միջիններ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումը` «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» ֆոնտին կողմէ, ձեռամբ Շահէ Պոյաճեանի:

Յայտագիրը վերջ գտաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի փակման աղօթքով:

Հանդիսութեան աւարտին շրջանաւարտները ուղղուեցան դէպի դպրոցին շրջափակ, ուր վարժարանի երգի ուսուցիչ Սոնիկ Բամպուքեան կատարեց Քրիսթինէ Պէպէլեանի «Շնորհաւոր» երգին կատարողութիւնը:

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Անարգ Ոճիրներ

Յաջորդը

Մեսրոպեանը Յանձնեց 70 Շրջանաւարտներէ Բաղկացած 100-Ամեակի Հունձքը

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In