Հովանաւորութեամբ Սպանիոյ Քասթիյա եւ Լէոն ինքնավար համայնքի Կրթական խորհուրդի եւ կազմակերպութեամբ Փոնֆերատա քաղաքի Խիլ ի Քարրասքօ վարժարանի պատմութեան եւ կրօնի բաժանմունքի միացեալ գրասենեակներու, ուրբաթ, 24 ապրիլին տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած դասախօսական երկու հանդիպում եւ Եղեռնի մասին լուսանկարներու ցուցահանդէս:
Առաւօտը յատկացուած էր քաղաքի վարժարաններու երկրորդական բաժինի աշակերտութեան, իսկ կէսօրէ ետք` հանրութեան, քաղաքապետարանի սրահին մէջ:
Օրուան դասախօսն էր Պուրճ Համուտի զաւակ` հոգեբան-մանկավարժ դոկտ. Ռոպէր Քենտիրճեանը: Ներկայիս Սպանիոյ Քասթիյա եւ Լէոն ինքնավար համայնքի կառավարական դպրոցներու կրօնի բաժանմունքի գրասենեակի վարիչն է:
Ներկայութեամբ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու, Խիլ ի Քարրասքօ վարժարանի պատմութեան բաժանմունքի գրասենեակի վարիչ Արմանտօ Մակայանես Փեռնաս իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, թէ «մեծ բախտաւորութիւն է մեզի մտիկ ընել այսօրուան դասախօսը` տրուած ըլլալով, որ ան հարազատ ազգականն է Մարտին քաղաքի մէջ Մալոյեան արքեպիսկոպոսի հետ նահատակուած, Գաբրիէլ վրդ. Գութմարճեանի եւ թոռնիկը` քեսապցի Չեթթէ Մեսրոպ հայդուկ ֆետայիին… Ան իր արեան մէջ կը կրէ թէ՛ նահատակ եւ թէ՛ հերոս ու յարուցեալ ժողովուրդի արիւնը… Ան,- աւելցուց,- կենդանի ձայնն է Մեծ եղեռնէն վերապրած իր հարազատներու ողբերգութեան ու դժոխային տառապանքներուն»:
Դասախօսը ներկաներուն մէջ հետաքրքրութիւն, յարգանք, յուզում ու սէր արթնցուց հայ ժողովուրդին հանդէպ: Մանաւանդ երբ նկատել տուաւ, թէ Մատրիտ 1383-էն մինչեւ 1391 Հայաստանի մայրաքաղաք դարձած է Լեւոն Զ. հայոց թագաւորին օրով:
Արդարեւ, երբ Եգիպտոսի մեմլուքները 1375-ին կը գրաւեն Կիլիկիան, իրենց հետ գերի կը տանին Լեւոն Զ. թագաւորը, որ օգնութիւն կը հայցէ Եւրոպայի քրիստոնեայ թագաւորներէն: Միայն Սպանիոյ Քասթիյայի Խուան Ա. թագաւորը կը պատասխանէ, կը վճարէ իր փրկագինը եւ անոր կը շնորհէ Մատրիտը` որպէս Հայաստանի մայրաքաղաք:
Դասախօսը եզրափակելով իր խօսքը` շեշտեց. «Ամէն ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդը, անխախտ հաւատքով ու աննուաճ կամքով, մարդկութեան բարձրաղաղակ կը յիշեցնէ անպատիժ ցեղասպանութեան մը փաստը, անտեսուած դատի մը գոյութիւնը եւ իրաւազուրկ ժողովուրդի մը պահանջը: Հարիւր տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդի զաւակները կը կրկնեն ապրիլ 24-ը սգատօն է, յուշատօն է, ուխտի վերանորոգման տօն է. վստահ եմ` պիտի գայ այն օրը, երբ անոր վրայ պիտի կարենանք աւելցնել ապրիլ 24-ը արդարութեան եւ հատուցման տօն է, ի փառս հայութեան եւ ի պատիւ մարդկութեան: Արդարեւ, ճշմարտութիւնը ու արդարութիւնը կրնան պահ մը` ժամանակի մը համար լռեցուիլ, բայց երբե՛ք` թաղուիլ»:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները մեծ յուզումով հետեւեցան գերմանացի բժիշկ Արմեն Վեկների` Ցեղասպանութեան մասին լուսանկարներու ցուցահանդէսին եւ իրենց ստորագրութիւնը ձգեցին, որպէսզի Սպանիոյ կառավարութիւնը պետականօրէն ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ռոպէր Քենտիրճեանը Սպանիա հաստատուելէ ի վեր քարոզչական հսկայ աշխատանք կը տանի ծանօթացնելու համար Հայոց դատը բոլոր այն սպանացիներուն, որոնք տեղեակ չեն 1915-ին հայ ազգը ոչնչացնելու ծրագիրէն:
Յիշենք, որ Սպանիա պետական մակարդակի վրայ տակաւին չէ ընդունած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ներկայիս միայն Քաթալոնիոյ, պասքերու երկրի եւ Քանարեան կղզիներու ինքնավար երեք համայնքները ընդունած են զայն:
Ըստ Հայաստանի դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն, Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ 35-40 հազար հայեր կ՛ապրին:
Դեսպանատունը հաստատուած է 2010-ին: