Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 30-Ամեակի Կալա-Ընթրիքը

Օգոստոս 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-03-15_Yeghishe-Manouguian

Ուրբաթ, 26 յունիս 2015-ի երեկոյեան, «Ֆոր Սիզընզ»  պանդոկի «Կրանտ պոլրում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային   Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կալա-ընթրիքը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին  եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, Ազգային իշխանութեանց  մարմիններու ներկայացուցիչներու, քոլեճի խնամակալութեան, տիկնանց  յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան  անդամներու, շրջանաւարտներու, ծնողներու եւ  բարեկամներու:

Վեհափառ հօր  սեղանօրհնէքէն  ետք, քոլեճի հայոց լեզուի  համադրող եւ միջնակարգի պատասխանատու Թալին Օրտողլեան ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, թէ «Հաւատք, կամք ու նուիրում» նշանաբանով 30 տարիներ առաջ կերտուած քոլեճը իր դրոշմը ձգած է լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ. «Կարծէք` երէկ էր տակաւին, երբ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի ջերմ ու գուրգուրոտ շրջափակէն դուրս կու գար Ազգ. Մարտիկեան միջնակարգ վարժարանը` դառնալու համար Ազգ. Ե. Մանուկեան երկրորդական քոլեճ եւ 30 տարիներու ընթացքին տալու շրջանաւարտներու փաղանգ մը, որ ո՛ւր ալ գտնուեցաւ, պատիւ բերաւ իր վարժարանին եւ բարձր պահեց անոր անունը», ըսաւ ան: Թ. Օրտողլեան հաստատեց, որ քոլեճը նախանձախնդիր է, որ իրեն վստահուած մանուկն ու պատանին իրենց ստացած գիտութեամբ մրցին մեծ համբաւ վայելող վարժարաններու հետ, սակայն գիտութեան կողքին, նախանձախնդրօրէն ան իր աշակերտներուն  մտքին ու հոգիին մէջ կը դարբնէ ազգային գիտակցութեան ոգին: Ան խօսքը եզրափակեց` հաստատելով, որ անեղծ հաւատքով, աննկուն կամքով ու անշահախնդիր նուիրումով երթը պիտի շարունակուի դէպի նոր վերելքներ ու փայլուն ամեակներ:

Երաժշտական կտորներով հանդէս եկաւ քոլեճի շրջանաւարտ ու ուսուցչուհի Մարիա Եագուպեան` քանոնի վրայ, շվիի ընկերակցութեամբ  Գէորգ Քէշիշեանի, ապա ներկաները դիտեցին Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Վերածնունդ» տեսերիզը, որ գեղարուեստական ոճով կը ներկայացնէր քոլեճի աշակերտներուն կատարումով հայկական պար մը:

Քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ դպրոցի եւ մանաւանդ հայ դպրոցի դերակատարութեան վրայ` հաստատելով, որ անոր մարդակերտման ու հայակերտման  դերին հաւատացողներու ջանքերով է, որ հայկական վարժարանները կը գործեն ու կը յաջողին դիմակալել տնտեսական դժուարին պայմանները: Քոլեճի 30-ամեակին առիթով Զոհրապ Ղազարեան յիշեց քոլեճի նախկին տնօրէնները, որոնք իրենց շունչը, ոգին ու իտէալները որպէս աւանդ ձգած են յաջորդող սերունդներուն:  Ապա անդրադարձաւ զանազան մարզերու մէջ քոլեճի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն արձանագրած պատուաբեր արդիւնքներուն, յաջողութիւններուն ու տիրացած մրցանակներուն` շեշտելով, որ այս բոլորը մեծ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը պատճառեն քոլեճի բոլոր հարազատներուն: Տնօրէնը լուսարձակի տակ առաւ 2014-15 տարեշրջանի ընթացքին քոլեճին մէջ կատարուած բարգաւաճումները, ինչպէս` միջնակարգի դասարաններուն փոխգործօն գրատախտակներով օժտուիլը, «Ժան Ապաճեան գրադարան»-ի բացումն ու ստեղծած հետաքրքրութիւնը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած մրցանքներու եւ ձեռնարկներու շարքը եւ մէկուկէս միլիոն խունկի հատիկ հաւաքելու արշաւը, որ եզրափակուեցաւ  քոլեճի բակին մէջ զետեղուած յուշակոթողի բացման հանդիսութեամբ:

Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր, սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ տնօրէնութեան կողքին  գտնուող  բոլոր կազմերուն` խնամակալութիւն, տիկնանց յանձնախումբ, շրջանաւարտից միութիւն, ուսուցչական կազմ,  ծնողներ ու բարեկամներ ու խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճին հիմքը զօրաւոր էր կառուցման առաջին իսկ օրէն, որովհետեւ հիմնադիրները ճիշդ սկզբունքներով ու տեսլականով դրած էին անոր հիմերը, եւ այդ իսկ պատճառով է, որ մենք կրցանք կառուցել, մեծցնել եւ ուռճացնել: Աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, միասնաբար աշխատելով` պիտի հասնինք նոր նուաճումներու: Կը մաղթեմ, որ քոլեճի ոչ թէ միայն 30, այլ 130-րդ ամեակը տօնեն մեր ժառանգորդները, սակայն ոչ թէ սփիւռքի, այլ` հայրենի հողին վրայ»:

Գեղարուեստական բաժինով մերթ ընթ մերթ հանդէս եկաւ CODA Music եռեակը` Հրաչ եւ Իզապէլ Իսահակեաններու նուագակցութեամբ եւ Մարի Քրիստինի երգեցողութեամբ:

Խօսք առաւ քոլեճի  շրջանաւարտ եւ  խնամակալութեան ատենապետ  Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեան,  որ գոհունակութեամբ յայտնեց,  որ  քոլեճին 30-ամեակը լի է կրթական յաջողութիւններով եւ յառաջդիմութեամբ, նշելով, թէ բարեկամներու աջակցութեամբ կարելի եղած է ամբողջացնել քոլեճի  նախորդող ընթրիքներուն  ներկայացուած  շինարարական  ու բարգաւաճման ծրագիրները` ի շահ հայաշունչ ու արդիական մեթոտներով դաստիարակութիւն ստացող աշակերտին: Առ այդ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր բարեկամներուն:

Գեղարուեստական դադարով մը, քոլեճի նախկին ուսանողներէն  Ցոլին  Գարճիքեան  ներկայացուց  հայկական  նազպար  մը:

Ապա  իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ շնորհաւորեց քոլեճի 30-ամեակը` իր գնահատանքը յայտնելով տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին,  խնամակալութեան, ծնողներուն  ու աշակերտներուն` մաղթելով, որ հայ ժողովուրդի  բոլոր զաւակները մասնակից  դառնան հայկական կառոյցներու հզօրացման աշխատանքին: Խօսքը ծնողներուն ուղղելով` վեհափառ հայրը ըսաւ. «Ձեր զաւակները վստահեցէ՛ք հայ դպրոցին, հայ դպրոցը մեզի համար սովորական դպրոց մը չէ, մենք բոլորս հայ դպրոցի աշակերտներ եղած ենք, հայու  ոգին ստացած ենք, ուրիշ դպրոցներ հայու ոգին  չեն կրնար տալ, եւ այդ ոգին է, որ մեր մէջ վառ կը պահէ հայութեան կրակը, հայութեան հաւատքը, հայութեան պայքարն ու տեսիլքը»: Կաթողիկոսը խօսքը եզրափակեց` գնահատելով բոլոր հայ դպրոցները եւ մաղթելով, որ իրենց կոչումին  գիտակցութեամբ  ու յանձնառութեամբ  շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

Շահէ եպս. Փանոսեան իր խօսքին մէջ  հաստատեց, որ այսօրուան պատասխանատուներն ու աշակերտները ժառանգորդներն են քոլեճի 30 տարուան ա՛յն վաստակին, որուն միջոցով քոլեճը ինքզինք հաստատած ու փաստած է հայ կեանքին մէջ եւ ծառայած` հայ մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան, փառք տալով Աստուծոյ, որ կրթական կեանքին մէջ կան վաղուան համար ծրագրողներ ու տեսիլք ունեցողներ, որոնք կը փորձեն  զանոնք իրագործել` հայ նորագոյն սերունդներու  առողջ դաստիարակութեան ի խնդիր: Ան մաղթեց, որ ներկաները, գնահատելու համար քոլեճին մէջ տարուող աշխատանքը եւ աջակցելու համար հայ աշակերտին ի նպաստ կատարուող ծրագիրներուն, առատաձեռն գտնուին, որպէսզի պատասխանատուները յաւելեալ համարձակութեամբ ծրագրեն ու տեսնեն ապագան: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդը մաղթեց, որ քոլեճի նորանոր յաջողութիւններով աւելի եւս ճոխանայ համայնքին կեանքը, եւ 30-ամեակին յաջորդեն նորանոր ամեակներ:

Ընթրիքի աւարտին ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գոյացաւ 55 հազար տոլար, իսկ քոլեճի շրջանաւարտ ու խնամակալ Քրիստիան Մանուկեան, խոստացաւ մինչեւ 2015-16 տարեշրջանի աւարտը, իր նիւթական թէ մարդուժի ներդրումով, 2 յարկ եւս  կառուցել, քոլեճի գրասենեակներու բաժանմունքին վրայ:

Նախորդը

Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանի 2014-2015 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 32-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Հյդ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?