Չորեքշաբթի, 8 յուլիսի երեկոյեան, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ- Լիբանանի սկաուտական շարժումի 35 սկաուտներ եւ արենուշներ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան կեդրոն»-էն մեկնեցան Երեւան` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սեփական «Անդրանիկ սկաուտական բանակավայր»-ին մէջ մասնակցելու համասկաուտական ութերորդ եւ այս տարուան առաջին բանակումին:
Ծնողներու եւ հարազատներու կողքին, մեկնող պատուիրակութեան բարի ճանապարհ մաղթեցին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, ՀԵԸ-Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ատենապետ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Աւետիքեանը, ինչպէս նաեւ` ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արթիւր Գունտաքճեանը:
Լիբանանի կողքին, բանակումին պիտի մասնակցին Սուրիայէն, Իրաքէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Վրաստանէն եւ Քալիֆորնիայէն ժամանած հարիւրաւոր ՀԵԸ-ի սկաուտներ:
Բանակումի ընթացքին ՀԵԸ-ական պատանի-պարմանուհիները պիտի հետեւին իրենց սկաուտական գիտելիքները հարստացնող յայտագիրներու, ինչպէս նաեւ պիտի այցելեն տեսարժան վայրեր` աւելի մօտէն ծանօթանալու հայրենի բնութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին:
Բանակումի աւանդական խարուկահանդէսը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին: Սկաուտները Պէյրութ պիտի վերադառնան չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2015-ին: