Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

CHSPR15-(313)_8-04-15

CHSPR15-(342)_8-04-15

Կրթական տարեմուտի աւարտին` մեծ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ շաբաթ, 27 յունիս 2015-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը:

Ներկայ էին Էշրէֆիէի եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներ, կրթական խորհուրդի պատասխանատուներ, ծնողաց յանձնախումբի անդամներ, հիւրեր, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Ընթերցուեցաւ Աստուածաշունչէն հատուած մը, ապա հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին նախակրթարանի Զ. եւ երկրորդականի ԺԲ. կարգերու  շրջանաւարտներ եւ ուսուցիչներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Վարդի Պօտուքեան կարդաց աղօթք մը, որմէ ետք վարժարանի երգչախումբը մատուցեց «Դարձիր ազգս հայ» երգը: «Տուն իմ հայրենի» մեներգով հանդէս եկաւ Մինաս Ադամեան` Արի Վարդանեանի նուագակցութեամբ:

Ներկայացում ասմունք մը տեղի ունեցաւ 6-րդ դասարանի աշակերտներու կողմէ, որուն յաջորդեց պարախումբի ելոյթը:

Յանուն ԺԲ. կարգի շրջանաւարտներու ուղերձներ ընթերցեցին Սեւակ Պոյաճեան եւ Յարութ Չիլինկիրեան, իսկ 6-րդ կարգէն` Ներսէս Չուլճեան:

Վկայականներու բաշխումէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հունձքին մարմնաւորած խորհուրդին եւ շեշտը դրաւ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ունենալու վրայ: Ապա ան շրջանաւարտները հրաւիրեց կառչելու հայու հոգիին եւ հեռու մնալու օտարամուտ զգացումներէ, որոնք կ՛աղաւաղեն ազգային դիմագիծն ու պատկանելիութիւնը:

Ան վեր առաւ մարդկային ազնիւ ու անկաշառ բարեմասնութիւնները եւ մաղթեց որ հայ վարժարանին մէջ հասակ նետած շրջանաւարտներ ապրին հայու հարազատ հոգիով, շրջապատին կողմէ ճանչցուին իրենց պատուաբեր գործերով ու ինքնաբուխ նուիրաբերումով, պահապանը ըլլան ազգային արդար իրաւունքներու ինքնութեան, ինչպէս նաեւ` իմաստութեամբ, անկեղծութեամբ եւ իրերօգնութեամբ շարունակեն ապրիլ իրենց կեանքը:

Մ. Տէյիրմենճեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ընթացաւարտ տարեշրջանի կրթական թէ վարչական իրագործումներուն, յայտնեց, թէ մշակուած են տարբեր ծրագիրներ եւ ուրախութեամբ փոխանցեց, թէ վարժարանի բարերար Ճերի Թրբանճեան (Միացեալ Նահանգներէն) որոշած է յառաջացնել ֆոնտ մը, Հայկազեան համալսարանի մէջ  ԿԲՎ-ի շրջանաւարտներուն ընծայելով ուսումը շարունակելու առիթ:

Հուսկ, ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց անշահախնդիր նիւթաբարոյական ներդրումը բերին   վարժարանի վերելքին, ծաղկումին, զարգացման եւ յառաջդիմութեան,  մասնաւորաբար յիշելով ընտանեկան ֆոնտերը, բարերարները, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ եկեղեցւոյ հովիւը:

Իրենց գերազանց նիշերուն համար տարբեր նիւթերու մրցանակներ ստացան բազմաթիւ աշակերտներ: Սոյն մրցանակները հաստատուած են ԿԲՎ-ի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Շրջանաւարտից միութեան կողմէ:

Արդարեւ, կենսագիտութեան դասարանի բարձրագոյն միջինի մրցանակը ստացաւ Սեւակ Պոյաճեան, տնտեսագիտութեան դասարանի բարձրագոյն միջինի մրցանակը` Յարութ Չիլինկիրեան, Սեւակ Պոյաճեանի վերջին երեք տարիներու բարձրագոյն միջիններուն հիման վրայ տիրացաւ հետեւեալ մրցանակներուն` Սուրբ գիրքի մրցանակ, որ տրամադրուած է Էրշէֆիէի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ կողմէ, հայերէնի եւ ուսողութեան բարձրագոյն միջինի մրցանակ, եւ արաբերէնի բարձրագոյն միջինի մրցանակը, որ տրամադրուած է «Սիլվա Գալֆայեան» ֆոնտի կողմէ:

Յակոբ Օհաննէս ստացաւ վերջին երեք տարիներու, անգլերէնի բարձրագոյն միջինի մրցանակ, Արի Վարդանեան` առաջնորդութեան մրցանակ, Արաքս-Նայիրի Հարֆուշեան` ծառայասիրութեան մրցանակ, Մինաս Ադամեան տաղանդաւոր աշակերտի մրցանակ, իսկ Զ. կարգէն Ներսէս Չուլճեան ստացաւ  բարձրագոյն միջինի մրցանակ, իսկ վարքի մրցանակներ կը ստանան` Ներսէս Չուլճեան, Սինթիա Նարկիզեան եւ Սեւակ Քրտեան:

Այս հանդիսութեան հոգեպարար երեւոյթներէն մէկն է վարժարանի Վահանի փոխանցումը` 12-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն միջեւ. նախաձեռնութեան մը, որ  աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի եւ այդպիսով շրջանաւարտներ կը յայտնեն իրենց երախտագիտութիւնը հանդէպ վարժարանի առաքելութեան ու դաստիարակութեան, եւ ջահը կը փոխանցեն կրտսեր սերունդին, շարունակելու համար սրբազան երթը:

Շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին խմբերգ մը, որուն յաջորդեց օրհնութեան աղօթք վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի կողմէ:

Աւարտական ԺԲ. դասարանի շրջանաւարտները.

Կենսագիտութիւն – Գիպինեան Սէմ, Դաւիթեան Նժդեհ, Պոյաճեան Սեւակ, Սանթուրեան Եղիշ, Օհաննէս Յակոբ:

Ընդհանուր գիտութիւն – Աուն Ժիրայր, Հարֆուշեան Արաքս-Նայիրի:

Տնտեսագիտութիւն – Ադամեան Մինաս, Ասողլեան Վանա, Գրուզեան Լիւսի-Մարիա, Երամեան էլիզապէթ, Էքմէքճի Ճորճ, Չէքմէեան Մարքօ, Չիլինքիրեան Յարութ, Պօտուքեան Վարդի, Սարգիս Քարլա, Սարգիսեան Ժորժ, Ստեփանեան Սերոբ, Վարդանեան Արի:

Նախակրթարանի Զ. կարգի աշակերտներ. Այնթէպլեան Սթիւ, Գասապեան Քրիսթէլ, Գարակէօզեան Սեւակ, Գարավարդանեան Նարեկ, Խաչիկեան Սարին, Կարապետ Մանուէնլլա, Կիւմիւշեան Կարօ, Նազարէթեան Սերուժ, Նարկիզեան Սինթիա, Չուլճեան Ներսէս, Տէքէրմէնճեան Մելանի, Քէօմպէճեան Նարին, Քրտեան Սեւակ:

 

Նախորդը

Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

17 Յունիս 1971-ին Պարոյր Սեւակը Հեռացուցին Մեր Կենաքէն. Սեւակով Կը Լուսաւորենք Մեր Ուղին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?