Երեքշաբթի, 7 յուլիսի երեկոյեան, 21 շրջանաւարտներ կազմեցին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի կրթական 2014-2015 տարեշրջանին հունձքը: Անոնք վկայուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան մը ընթացքին եւ, իբրեւ հարիւրամեակի հունձք, դարձան Հայ դատի մեր երկար երթին նոր ուղեւորները:
Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, քոլեճի բարեկամներու, բարերարներու եւ շրջանաւարտներու ստուար թիւով հարազատներու:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգները ներկայացնող տեսերիզներով, ուր շրջանաւարտները նկարուած էին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին եւ Պիքֆայայի Եղեռնի նահատակաց յուշարձաններուն շուրջ` քայլերգները երգելու պահուն:
Բացման խօսքը արտասանեց շրջանաւարտ Փաթիլ Մարգարեան: Ան ըսաւ, որ քոլեճին 47-րդ հունձքը կը կազմեն Ցեղասպանութեան չորրորդ սերունդի 21 ներկայացուցիչներ, պահանջատէր տղաք ու աղջիկներ, որոնք իրենց սիրելի քոլեճէն կը մեկնին հայ կեանքին նոր աւիշ տալու խոստումով:
Յայտագիրը լեցուն էր անակնկալներով: Պատրաստուած էին յատուկ տեսերիզներ, որոնք արդիական շունչ մը կու տային հանդիսութեան: Այսպէս, առաջին հերթին ներկայացուեցաւ «Ապրելով ապրիլ» երգին տեսերիզը` քոլեճին շրջանաւարտներուն կատարողութեամբ: Տեսերիզը շրջանաւարտները պատկերացուց ազգային պահանջատիրական կեցուածքներով եւ անոնց ընկերացող համապատասխան նկարներով:
Յաջորդեցին Ատանայի կոտորածին նուիրուած երգն ու պարը` քոլեճին երգչախումբի եւ պարախումբի անդամներուն կատարողութեամբ:
Ապա շրջանաւարտ Նաթալի Քելխաչերեան բեմական տպաւորիչ պատկերով մը ներկայացուց «Տէր Զօր» բանաստեղծութիւնը: Ներկայացման ընկերացաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը… Քելխաչերեանի հագուստին վրայ:
Ցեղասպանութեամբ հայութեան հասած հարուածը եւ այդ հարուածէն ետք վերականգնելու կամքը ներկայացուեցաւ բեմական պատկերով մը, ուր շրջանաւարտները հանդէս եկան բռնագրաւեալ մեր հողերու անունները կրող թի-շըրթներով: Անոնք փշրեցին Հայ դատի դէմ քաշուած լռութեան պատը եւ «Ապրիլեան յուշաթուղթ» խորագրեալ խմբային արտասանութեամբ իրենց յանձնառութիւնն ու հաւատարմութիւնը յայտնեցին ազգային մեր տեսլականներուն եւ հաւաքական իտէալներուն:
Գեղարուեստական վերջին բաժինով ներկայացուեցաւ այլ տեսերիզ մը, որ կը պատկերացնէր աշխարհի տարածքին սփռուած հայու բեկորները, որոնք Փարիզէն, Հռոմէն, Պրազիլէն եւ հայկական տարբեր գաղութներէն կ’արտայայտէին իրենց միասնականութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ծառայելու հայութեան եւ Հայաստանին: Տեսերիզը կ’ընդգրկէր նաեւ տարուան ընթացքին Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշակերտական ձեռնարկներէն նկարներ:
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինով հանդէս եկան աշակերտներ Ստեփան Թեքկելեան, Մհեր Գափլանեան, Արշօ Ինճէեան եւ Մելիսա Գուճանեան, որոնք ողջերթի եւ հրաժեշտի հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն խօսքերով հարազատ արտայայտիչները հանդիսացան քոլեճին աշակերտութեան եւ շրջանաւարտ սերունդին տրամադրութիւններուն:
Կատարուեցաւ քոլեճին գերազանց աշակերտներու եւ զանազան մրցանակներու արժանացած աշակերտներու մրցանակաբաշխութիւն: Մրցանակներ շնորհուեցան հայագիտական եւ գիտական նիւթերու փայլուն աշակերտներուն, արուեստի լուրջ հետաքրքրութիւններ ունեցող աշակերտներուն, քոլեճին տիպար աշակերտին, աշակերտուհիին, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի աշխատանքներուն առաւելագոյն մասնակցութիւն բերող աշակերտներուն:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք, տնօրէն Վիգէն Աւագեան ամավերջի հաշուետուութեան իր խօսքով անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանին քոլեճին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Իր խօսքին մէջ ան նշեց. «Մարդուժը մեր մեծագոյն հարստութիւնն է, եւ մենք պիտի շարունակենք մարդուժ պատրաստել մեր գաղութին` շրջանաւարտներու ճամբով եւ որակաւոր ուսուցիչներով: Հոգ չէ, եթէ արիւնահոսութիւն կատարուի: Մենք վարժ ենք տեւաբար նոր արիւն ներարկելու եղանակին»:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեան այս առթիւ իր խօսքը շրջանաւարտ սերունդին ուղղելով` շեշտեց. «Մենք ձեզ գաղութին եւ ազգին կը նուիրենք այսօր` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սերունդ: Կարեւորը արժանաւոր իրաւատէրը եւ պահապանը ըլլալն է Մաշտոցներով, Վարդաններով, Նարեկացիներով, Կոմիտասներով, Սիամանթոներով եւ Համբարձումնեաններով մեզի հասած մտքի, մշակոյթի եւ գիտութեան ժառանգութեան:
«Մարդու, նուիրեալ մարդու պէտք ունին ազգն ու հայրենիքը այսօր, եւ դուք պիտի ըլլաք այդ նուիրեալները: Գիտցէք, որ դուք աշխարհի արդարագոյն Դատին ծառաներն էք այսօրուընէ սկսեալ: Այդ Դատի մեծ գետին մէջ կը թափին բազմաթիւ հարկատուներ` մէկ հայութիւն, մէկ հայրենիք, բռնագրաւեալ հողերու ազատագրում, բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացում, նիւթական, մարդկային եւ բարոյական վնասներու հատուցում, հայապահպանում, հայ լեզուի եւ հայ մշակութային գանձերու պահպանում եւ այլն, եւ այլն:
«Ձեր կեանքերը այսուհետեւ թող զսպանակուին այս առաջադրանքներով, հետեւողական աշխատանքով եւ աննահանջ հաւատքով»:
Տնօրէնութեան խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու տուչութիւն, որմէ ետք հայրական իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդը ընդգծեց, որ Ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ մեր սերունդները կը ներկայացնեն մեծագոյն երաշխիքը մեր փայլուն ապագային: Ազգային վարժարանէն շրջանաւարտները պիտի ըլլան մեր վաղուան առաջնորդները, որոնք հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ իրենց ստացած գիտելիքները կրկնապատկուած ձեւով պիտի վերադարձնեն մեր ժողովուրդին:
Իր պատգամին աւարտին առաջնորդը շրջանաւարտներուն մաղթեց, որ անոնք միշտ կը մնան ազգային վարժարանին եւ ազգային մեր բոլոր արժէքներուն կողքին, որոնցմով իբրեւ հաւաքականութիւն կը մնանք հայ` հաւատարիմ մեր նախորդներու ազգային աւանդին եւ քաղաքական կտակին` միացեալ հայութեամբ միացեալ Հայաստանի տեսլականին:
Հուսկ, վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Վերջին զանգ» երգով, որմէ ետք շրջանաւարտները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:
Քոլեճին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հունձքը կազմեցին հետեւեալ շրջանաւարտները.
Գիտական բաժանմունքէն` Գափլանեան Մհեր, Այվազեան Մարիա, Ինճէեան Արշակուհի, Պուտագեան Ցոլեր, Թորոսեան Արա եւ Ուլիկեան Միսաք:
Տնտեսագիտական բաժանմունքէն` Աշըգեան Ռիթա, Գունտաքճեան Թամար, Մարգարեան Փաթիլ, Պազարպաշեան Շողակ, Իշխանեան Պերթա, Կրակեան Ռիթա, Շորճեան Սթեֆանի եւ Քելխաչերեան Նաթալի:
Արուեստից վարչագիտութեան բաժանմունքէն` Գուճանեան Անժելա, Եագուպեան Տիանա, Մկրտիչեան Սեւան, Պարտաքճեան Վանեսա, Պէրպէրեան Ցոլեր, Տիարպի Փէեկի եւ Քէօսէրօղլեան Նանօր: