Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՕԽ-ի 37-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը Սկիզբ Առաւ Հալէպի Մէջ

September 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sokh-3_9-11-15

Սուրիահայ օգնութեան խաչի 37-րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը սկիզբ առաւ երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2015-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Անի» սրահին մէջ` ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ նստավայրի եւ Քեսապի ու Լաթաքիոյ մասնաճիւղերուն. կը բացակայէին Դամասկոսը եւ Գամիշլին:

Աշխատանք, յարատեւ աշխատանք, ազգային գիտակցութեամբ ու զոհաբերութեան ոգիով, ներդաշնակ ու համագործակցութեամբ առլցուն, հաւատքով ու անձնուիրութեամբ աշխատանք:

Դժուար է ամփոփել մարդկային ազնուագոյն զգացումներու արգասիքը եղող այս հսկայ ու կազմակերպուած կառոյցին` ՍՕԽ-ին մարդասիրական ու բարեսիրական իրագործումները, որոնք վերջին չորս տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ տագնապալի ու պատերազմական իրավիճակին իբրեւ հետեւանք կրկնակի թափ ստացան ու օրուան հրամայականին հետ ծրագրուած ուղեգիծով իրականացան` հասնելով կարօտեալին, անկարին, անպատսպարին եւ բոլորին, հո՛ն ուր գթութեան կանչը կ՛արձագանգէր:

sokh-2_9-11-15

Սուրիահայ օգնութեան խաչի 37-րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման արարողութեան ներկայ եղան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Գրիգոր Տունկեան, Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան:

Ժողովին ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Զեփիւռ Ռէյիսեան:

Ժողովը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ՍՕԽ-ի ընթացաւարտ վարչութեան:

ՍՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ընդգծեց ՍՕԽ-ի դերակատարութիւնը Սուրիոյ պատերազմական տարիներուն եւ յատկապէս սուրիահայ կեանքին մէջ` իբրեւ կնոջական բարեսիրական մեծ ընտանիքի ներդրում, օժանդակութեամբ նուիրեալ ընկերուհիներու, որոնք կամաւոր ծառայութեամբ տարուէ տարի նոր նուաճումներով կը յառաջանան ազգային գիտակցութեամբ, կարիքաւորներու օգնութեան հասնելու իրագործումներով:

Աննա Տէր Յակոբեան երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ միշտ միութեան կողքին կանգնեցաւ, դժուարագոյն օրերուն անգամ եղաւ խաչուհիներուն կողքին` իր խրատներով, ցուցմունքներով եւ օրհնութեամբ` գոյատեւելու ուժ եւ հաւատք ներշնչելով բոլորիս: Ապա հրաւիրեց  Շահան արք. Սարգիսեանը այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցելու:

Սրբազան հայրը օրհնեց ժողովը եւ իր խօսքը  սկսաւ աղօթքով: Ապա ըսաւ. «Փառք եւ գոհութիւն ամենակալին` Աստուծոյ, որ նոր առաւօտ մը եւս բացաւ ամբողջ աշխարհին, յատկապէս` սուրիական հայրենիքին եւ մեր սիրելի քաղաքին, վշտակիր, տառապակոծ, չարչարուած, բայց միշտ ինքնավստահութեամբ ամրացած եւ հաստատուն մեր ժողովուրդին վրայ:

Կրկնակիօրէն մեր սրտերը հպարտութեամբ, ցնծութեամբ եւ արիութեամբ կը լեցուին` ի տես Սուրիահայ օգնութեան խաչի այս ժողովին: Սուրիոյ տագնապին ընթացքին ՍՕԽ-ը հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ իր հիմնադիրներու սկզբունքներուն», ըսաւ սրբազան հայրը:

Ապա ժողովը ունեցաւ իր ընթացքը: Ժողովը իր աշխատանքները շարունակեց ծրագրուած կերպով:

Նախորդը

«Շուշանեան» Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ամառնային Համախմբում

Յաջորդը

Աւան-Շուշի Ասմունքի Փառատօնի Մրցանակակիրներ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.