Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանի 2014-2015 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

August 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-03-15_roupinian-(1)8-03-15_roupinian-(2)8-03-15_roupinian-(3)Չորեքշաբթի, 24 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային Ռուբինեան վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք աշակերտները գործադրեցին իրենց գեղեցիկ յայտագիրը:

Ներկաները հիացմունքով ըմբոշխնեցին Մեծ եղեռնի 100-րդ ամեակն ու հայ ժողովուրդը կանգուն պահող հայ վարժարանը խորհրդանշող` բեմի ետնապատի գծապատկերը, որ գործն էր վարժարանին նկարչութեան ուսուցիչ Ամալիա Երամեանին:

Մանկապարտէզի աշակերտները, որպէս նիւթ, ներկայացուցին «Մանուկին անմեղ ժպիտը»:

Ծաղիկ դասարանէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Փաթիլ Փափազեան, որ ըսաւ, թէ իրենց աւարտական հանդէսին պիտի ներկայանան անմեղ ժպիտով:

Յայտագիրին «Ժպիտ» իմաստին նուիրուած քառեակներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ծաղիկ դասարանէն Յարութ Կէրկէրեան եւ Թանիա Գասպա:

Բուրաւէտ ծաղկանոցի թիթեռնիկները յաջորդական ինքնավստահ ելոյթներով հրամցուցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանութիւններ, երգեր ու պարեր:

Բարձր գնահատուեցան «Իմ Երեւան», «Հայուհի եմ ես», «Արագածի փէշերին» հայրենասիրական երգերը:

Ապա բեմ բարձրացան մանկամսուրի քաղցրիկ փոքրիկները, որոնք զուարճացուցին բոլորը, յատկապէս ծնողները` իրենց պարով եւ ճկուն շարժումներով:

Դաւիթ Սիմոնեանի «Ժպտացէք հայ մայրեր» բանաստեղծութենէն ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, հայկական ազգային ճոխ պարով` «Հայ հայ», աւարտեցին իրենց բաժինը: Այս պարին մասնակցեցան նաեւ Կոկոն եւ Բողբոջ դասարաններու աշակերտները, որոնց կատարողութիւնը ծափողջոյններով գնահատուեցաւ:

Յայտագիրի Բ. բաժինը կ՛ընդգրկէր նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներու եւ վարժարանի երգչախումբին ելոյթները:

Հայերէն ուղերձը կարդաց Պետիկ Աթոքեան, որ ողջունեց ներկաները` ըսելով, որ` «Մենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հունձքերն ենք»:

Արաբերէն ուղերձը արտասանեց Մուրատ Քլէյլեթ, որ անդրադարձաւ աւարտական հանդէսին տխուր եւ ուրախ առիթ ըլլալուն: Ան հաստատեց, որ թէեւ պիտի բաժնուին վարժարանէն, սակայն իրենց հետ պիտի տանին քաղցր յիշատակներ:

Անգլերէն ուղերձը կարդաց Ճենիֆըր Արթինեան, որ հպարտութեամբ ըսաւ. «Այսօր յատուկ օր է իմ ու շրջանաւարտ դասընկերներուս համար: Սիրելի՛ ծնողներ, դուք մեզմով հպարտ էք, որովհետեւ մենք կը քալենք ճիշդ ուղիով եւ գիտենք ուսման կարեւորութիւնը եւ ուժը»: Հաստատելով, որ ուսումը կարեւոր է կեանքի պայքարին մէջ, ան ըսաւ. «Կը խոստանանք ուսման ճանապարհով ըլլալ գիտակից, ինքնավստահ եւ հայրենասէր հայեր, նաեւ` լաւ քաղաքացիներ»:

Ուղերձներէն ետք բեմը տրամադրուեցաւ վարժարանի երգչախումբին. աշակերտները երաժշտութեան ընկերակցութեամբ նախ ասմունքեցին` վարժարանի արուեստագէտ, հայերէն նիւթերու եւ երգի ուսուցիչ Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեանի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնած «Հայ ենք մենք, դարեր պիտի գոյատեւենք» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք կատարեցին երկու հայրենասիրական երգեր` «Հաւատքի երգը» (խօսք Արամայիս Սահակեանի) եւ «Մեր լեզուն» (խօսք Համօ Սահեանի):

Ապա նախ Զ. դասարանի շրջանաւարտները խմբային ասմունք կատարեցին` Եղիշէ Չարենցի «Կոմիտասի յիշատակին» բանաստեղծութիւնը:

Աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան: Ան աշակերտներուն վկայուիլը եւ նոր հանգրուան փոխադրուելու գործընթացը նկատեց գոհունակութիւն, որովհետեւ սերունդ մը եւս վայելած է ուսման լուսաւորութիւնը ու անկէ լուսարձակուող անվերջ բարիքները:

Տնօրէնը յիշեցուց, որ 2015-ը վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակն է, նշելով, որ Ազգ. Ռուբինեան վարժարանը 80 երկար տարիներ սերունդներ դաստիարակած է` անոնց տալով բարձրորակ ուսում, մարդասիրական կրթութիւն եւ հայրենասիրական ու ազգային ոգի: «Բոլորս խոստանանք  վարժարանին զօրավիգ կանգնիլ, որովհետեւ անիկա տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը», հաստատեց տնօրէնը:

Յակոբ Կէրկէրեան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք շրջանաւարտ եղող սերունդները կը փաստեն, որ թուրք ոսոխը չյաջողեցաւ իր հրէշային ծրագիրին մէջ, որովհետեւ` «կանգ ու կը գոյատեւենք եւ յանուն մեր Դատի արդարութեան` պիտի շարունակենք ապրիլ յիշելով եւ պահանջելով մեր իրաւունքները:

Պիտի շարունակենք դասաւանդել մեր լեզուն, ուսուցանել մեր կրօնն ու պատմութիւնը, որպէսզի երբ հնչեն Սարդարապատի զանգերը, պատրաստ ըլլանք պայքարելու», հաստատեց են:

Տնօրէնը իր խօսքը աւարտեց` շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու ծնողները, անոնց մաղթելով ուսման մէջ բարձունքներու նուաճում:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում եւ մրցանակաբաշխութիւն:

Նուէրներ ստացան վարժարանի տիպար աշակերտն ու իւրաքանչիւր դասարանի ուսման մէջ բարձրագոյն միջինը ունեցող աշակերտները:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ հաստատեց. «Մեծ է հայ վարժարանին դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ: Այնտեղ մեր պատանիները պիտի պատրաստուին իբրեւ իսկական հայեր` լիցքաւորուելով հայրենասիրական գաղափարներով:

Հայ վարժարանն է, որ կը շարունակէ սերունդը կանգուն պահել` անոնց տալով ազգային հոգի, վստահ ըլլալով, որ նոր սերունդի զաւակները իրենց սորվածը կեանքի մէջ պիտի օգտագործեն»:

Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ որքա՛ն դժուար գործ է դպրոց պահելը, դիտել տալով, որ տնօրէն, ուսուցիչներ, եկեղեցի, ծնողք` բոլորը մաս կը կազմեն հայ դպրոցի առաքելութեան, հայ վարժարանի նուիրական աշխատանքին:

Ան վստահեցուց նաեւ, որ երբ լաւ սերունդներ կը պատրաստենք, նոր նուիրեալներ պատրաստած կ՛ըլլանք: Հայեցի շունչով դաստիարակուած պատանին նուիրաբար պիտի ծառայէ սփիւռքին եւ այդ աշխատանքով պատիւ ընծայէ մայր հայրենիքին, ըսաւ ան:

Նախորդը

Համբիկ Ճապուրեանի Քաղցրահնչիւն Քլարինեթը

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 30-Ամեակի Կալա-Ընթրիքը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.