Ուրբաթ 26 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Հայ աւետ. Կէրթմէնեան վարժարանի Զ. դասարանի հանդէսը:
Վարժարանի սրահը լեցուն էր ծնողներով եւ բարեկամներով, որոնք յոտնկայս դիմաւորեցին շրջանաւարտները: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի երգչախումբը մեկնաբանեց հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով հոգեւոր երգերու փունջ մը, որուն յաջորդեց արաբերէն լեզուով խմբային արտասանութիւն մը: Այնուհետեւ աւարտական դասարանի աղջիկները ներկայացուցին հայկական նազպար մը:
Արաբերէն ուղերձը կարդաց Նաթալի Նիկողոս: Ապա վարժարանին երգչախումբը մեկնաբանեց հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ազգային երգերու փունջ մը, որմէ ետք Գարին Սարգիսեան ջութակի վրայ, իսկ Սերենա Տէտէեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ: Հայկական պարին յաջորդեց հայերէն ուղերձը` կատարողութեամբ Սագօ Տեմիրճեանի: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխում :
Վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան իր խօսքին մէջ յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն, պատուոյ ցանկին վրայ եղող աշակերտներուն եւ յոյս յայտնեց, որ միշտ բարձր պահեն Կէրթմէնեան վարժարանին անունը, որ իրենց ջամբած է կրթութիւն եւ հաւատք: «Դուք ադամանդներ էք, որ անպայման պիտի փայլիք այլ վարժարաններէ ներս», հաստատեց տնօրէնը:
Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` տնօրէնը հաստատեց, որ վարժարանը տուած է մեծ թիւով շրջանաւարտներ, որոնք մէկական ոսկի հաւկիթ եղած են, աւելցնելով, որ մանկապարտէզի հանդէսին ինք կոչ ուղղած էր ներկաներուն, որ իրենց կարելին ընեն, որպէսզի «ոսկի հաւկիթ ածող հաւը չմորթուի», այլ խօսքով` վարժարանը չփակուի: Սակայն ապարդիւն: Վարժարանը փակուած է եւ ասկէ ետք «ոսկի հաւկիթ» պիտի չունենանք:
Իսկ խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անսակարկ նուիրումին համար տարիներ շարունակ, իրենց սիրելի վարժարանին եւ ներշնչուած «Զարթիր որդեակ» երգէն` ըսաւ անոնց.
«Գացէ՛ք, գտէ՛ք նոր սերունդներ,
կրթեցէք նոր մանուկներ:
Փրկելու մեր վարժարանը`
ձեռք չերկարեց համայնքը»:
Հանդէսը աւարտեցաւ Ա. եւ Բ. դասարաններու մեկնաբանութեամբ` «Խաչին զինուոր» երգով:
Զ. դասարանի շրջանաւարտներն են` Նիկողոս Նաթալի, Սանճեան Նաթալի, Սարգիսեան Գարին, Գոզանեան Խաչիկ, Պալապանեան Ֆրետի, Տեմիրճեան Սագօ: