Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ օրուան պատգամախօս Վարուժան արք. Հերկելեանի, քահանայ հայրերու, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, Ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու, Ուսումնական խորհուրդի, , ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի, վարժարանի խնամակալութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ հանդիսականներու հոծ բազմութեան, շաբաթ, 4 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցան Ազգ. «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» քոլեճի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
Տարեփակի այս հանդէսը լուսարձակի տակ առած էր Մեծ Եղեռնէն ետք հայութեան վերածնունդի եւ պահանջատիրութեան հարիւրամեայ ուղին:
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքին յաջորդեց տնօրէնին բացման խօսքը:
Վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ներկայացուց հանդէսի թեման ու ըսաւ. «Չսպիացած կարմիր խաւարին մէջ կը բաժնուի հայոց պատմութեան մագաղաթը, օղակ առ օղակ կը կազմաւորուի սփռուած հայաշխարհ մը, ուր յուշարձաններ կ’ապացուցեն հիներուն վկայութիւնը: Այնուհետեւ պոռթկումի հրաբուխներ կը վառեն կրակը պահանջատիրութեան, անդին, թշնամիին բռնութեան ճեղքուող պատին տակ, Տինքը իր ակօսով ` խլուած հողին թաքնուած սերմերուն ծիլ կու տայ ու Աղթամարի Ս. Խաչ խորանին պատարագ կը մատուցուի»:
Իր խօսքը եզրակացնելով` տնօրէնը ըսաւ. «Մայր հողի վերածնունդը սրբազան Դատի ուխտակիր շարքերու խտացումով է, որ պիտի թնդայ: Պահանջատիրութեան մեր խարոյկի առաւել բոցավառումով է, որ վերադարձի արահետները պիտի լուսաւորուին, եւ մենք պիտի ունենանք հայրենատէր հայութիւն եւ ամբողջացած Հայաստան: Այս է մեր հաւատամքը իբրեւ պահանջատիրութեան դպրոց»:
Հանդիսութեան ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտները յաջորդաբար արտասանեցին Ռուբէն Սեւակի, Արսէն Երկաթի, Եդուարդ Պոյաճեանի, Մուշեղ Իշխանի, Ժաք Ս. Յակոբեանի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի պոռթկումի էջերէն քաղուած հատուածներ, որոնք ընդմիջուեցան գեղարուեստական խօսուն ընթացակարգով մը:
«Կիլիկիա» պարով բեմ բարձրացան 5-6 դասարաններու աշակերտները, որոնց միացան նախակրթարանէն եւ քոլեճէն աշակերտներ` ներկայացնելու համար խաչով նահատակ, խաչով գաղթական ու խաչով զրահաւորուած հայութիւնը:
Այնուհետեւ Ա-Գ կարգերու երգչախումբը «Իմ հայրենիք Վան» եւ «Մուսա Լերան զաւակներն ենք » երգով մեկնաբանեց հայ ժողովուրդի մղած յաղթական հերոսամարտերը:
Ապա սփռուած հայաշխարհի կազմութեամբ ու հիներու վկայութիւնը ներկայացնող յուշարձաններու պատկերով 9-11-րդ կարգերու աղջիկները բեմ բարձրացան «Գեղարդ» նազպարով:
Օրուան պատգամախօս Վարուժան արք. Հերկելեան իր խօսքը սկսաւ` ըսելով. «Լոյս իջնէ անոնց հոգիներուն, որոնք այս օճախը հաստատեցին եւ ուժ, իմաստութիւն եւ կորով` անոնց, որոնք կը տքնին այս օճախը կանգուն պահելու»: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Դարադարձի մը առաջին վկայեալներն էք դո՛ւք, ուստի ձեր ուսերուն կը դրուի պատասխանատութիւնը ձեր ծնողքին, ձեր ժողովուրդին եւ ձեր ազգային պատկանելիութեան,- ապա աւելցուց,- այս բեմին վրայ ձեր մէջ կը տեսնեմ մեր նախնիները, որոնք իրենց թեւերը պիտի բանային մեր կեանքը իմաստաւորելու պատմական հողերու վրայ սակայն թուրքը կոտրեց անոնց թեւերը, դո՛ւք ձայնն էք նահատակ պարման-պարմանուհիներուն»:
Սրբազանը թելադրեց շրջանաւարտներուն, թէ ո՛ւր ալ գտնուին, կապուած մնան ազգային գանձերուն: Ան հաստատեց, որ դիմացկունութեամբ կարելի է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները ու թելադրեց շրջանաւարտներուն, որ մարմարեայ նկարագիրով հայրենի հողին վրայ կերտեն իրենց դղեակները:
Եզրակացնելով իր խօսքը` սրբազանը մաղթեց շրջանաւարտներուն, որ վերոնշեալ խորհուրդները վերածեն իրենց անձին դրօշին եւ ծածանեն զանոնք իրենց գլխուն վերեւ ու իրենց ձայնը լսելի դարձնեն մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ 9-11 կարգերու տղոց ռազմապարով եւ Դ-Զ կարգերու երգչախումբի «10 միլիոն հայ ենք» եւ «Հայաստան» երգերով հայկական պահանջատիրութեան պոռթկումի հանգրուանները խտացուեցան ընդհանուր պատկերի մը մէջ:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, որմէ ետք տնօրէնը երախտագիտական ողջոյններ փոխանցեց վարժարանի ամրութեան ու վերելքին փափկանկատ բոլոր բարերարներուն, գիւղի ու գաղութի բոլոր միաւորներուն , որոնց մնայուն հոգածութեան կ՛արժանանայ մեր ազգային վարժարանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր մրցանակներու նուիրատու հայրենակիցներուն, եւ վերջապէս ըսաւ. «Վարձքը կատար, վարժարանիս շուրջ գործող կամաւոր բանակին եւ միաւորներուն, մասնաւորաբար` խնամակալութեան եւ ծնողաց խորհուրդին»:
Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը 7-8 կարգերու աղջիկներու «Սարերի հովին մեռնեմ» նազպարով, Վարանդ Տումանեանի «Ասպետին երգը» ասմունքով եւ 7-8-րդ տղոց «Քոչարի» ռազմապարով աշակերտները հանդիսատեսին փոխանցեցին անթեղուած ինքնութիւններու ծլարձակումը, արմատներու վերադառնալու եւ անկէ սնանելու լո՛ւռ, բայց հոգեխռով հոսանքի մը սաղմնաւոր նոր զարթօնքը:
Վերոնշեալ պատկերին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձներու ընթերցումը:
Շաղիկ Թերզեան հայերէնով, Քարին Գէորգեան անգլերէնով եւ Լէա Մաալուֆ արաբերէնով ուրախութեան ու յուզմունքի արտայայտութիւններով փոխանցեցին իրենց երախտագիտութիւնը:
Անոնք ըսին. «Ամէն բանէ աւելի, այս պահը մեզ կը մղէ ինքնարժեւորման. կ՛անդրադառնանք մեր ձեռքբերումներուն եւ, մանաւանդ, խորապէս կը գիտակցինք սրբազան առաքելութեան այս վարժարանին, որ ճիգ չխնայեց մեր մէջ ամրացնելու մարդկային եւ ազգային արժէքներ»:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` անոնք ըսին. «Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հունձք, այս բեմին վրայ կանգնած ենք հպարտ, որովհետեւ հունձքն ենք անդուլ պայքարի մը, հունձքն ենք հայակերտման հսկայ ճիգի մը, հունձքն ենք Ազգ. «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանի»: Անոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք տէր կը կանգնին ազգային օճախին, ամէն գնով կը փորձեն անմար պահել վարժարանին ջահը` ապահովելով սերունդներու առողջ դաստիարակութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրի իբրեւ փակում` մայր հողի վերածնունդի եւ պահանջատիրութեան բոցավառումի պատկերով ազգային պարերու շարանով բեմ բարձրացան առաջին դասարանէն ԺԱ. դասարանի պարախումբէն 125 աշակերտներ: Ապա վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն խօսքը ուղղեց նախ նախակրթարանի շրջանաւարտներուն` ու ըսաւ. «Խիստ կարեւոր է, որ ականջալուր ըլլաք հարազատ կանչերու եւ ընդունիք այդ խայծերը միայն, որոնք ազնիւ ձգտումներ ու նպատակներ կը յառաջացնեն: Խաբուսիկ դրդրացումները, մակերեսային գրգիռներն ու աժան օրինակները` տարտղնելով ձեր պատանի ինքնութիւնը` ձուլարան թող չհասցնեն ձեզ». ան շրջանաւարտները թելադրեց մնալ ամուր եւ վարժարանէն ստացած ինքնութեան վահաններով զրահաւորուած` շարունակեն իրենց երթը:
Ապա դառնալով աւարտական դասարանի աշակերտներուն` տնօրէնը ըսաւ. «Ձեր վկայականներուն հետ կը վերցնէք նաեւ յանձնառութիւն սրբազան Դատի տիրութեան ու անոր յաղթական յառաջխաղացքին»:
Իբրեւ 100-ամեակի սերունդի եւ իբրեւ շրջանաւարտ 50-րդ սերունդի, տնօրէնը թելադրեց ըլլալ արթուն պահակը Տինքով բացուած ակօսին, որպէսզի անոր հունը անշեղ ու անխափան պահուի: «Եղէք հայոց պատմութեան բաժան-բաժան եղած մագաղաթները միացնող եւ մայր հողին վերադարձնող ասպետներ` քաջ գիտնալով, որ մայր հողէն աճող պատմութիւնը յաւերժ է», ըսաւ ան:
Ապա կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը:
Առաջնորդ սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը հանդիսութիւնը որակելով «հոգեհարազատ տօնախմբութիւն, որ կը տօնախմբէ հայ վարժարանի յաղթանակը»:
Մատնանշելով բեմին երկու կողմերուն տեղադրուած շրջանաւարտներուն «բարի երթ» մաղթող ցուցատախտակներուն` ան ըսաւ. «Մեր սրտի ըղձանքն է, որ այդ երթով բարիք բերէք մեր ժողովուրդին եւ ձեր երթը ըլլայ բարի ուղիներով»:
Ապա սրբազան հայրը անդրադառնալով անցնող 100 տարիներուն` ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը շնորհիւ իր ցեղային նկարագրին ու հոգեւոր տենչերուն` անշեղ կեցուածքով ապրեցաւ , մնաց արի ու կանգուն:
Ան թելադրեց շրջանաւարտներու, որ անոնց քայլերը ըլլան հաստատ ու ամուր եւ իրենց ունեցածը արդիւնաւորեն իրենց վարժարանին մէջ:
Առաջնորդ սրբազանին պատգամին յաջորդեց շրջանաւարտներուն «Կը յիշենք կը պահանջենք » երգը:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:
Վկայական ստացան`
ԺԲ. ԴԱՍԱՐԱՆ
Արփա Թասլաքեան, Պօղոս Սթամպուլեան, Տաւիղ Ադամեան, Շաղիկ Թերզեան, Վարագ Քէօհիւլեան, Գառնի Քենտիրճեան, Քարին Գէորգեան, Լէա Մաալուֆ, Էլիաս Մաալուֆ, Դալար Տեմիրճեան, Սեւանայ Ճապրայեան եւ Վարանդ Տումանեան:
Զ. ԴԱՍԱՐԱՆ
Ալիսա Չափարեան, Ալեքս Ատաճեան, Աննա-Ռոզ Գույումճեան, Թալին Վարդանեան, Թովմաս Հապէշեան, Ռուպի Պետրոսեան, Զելլա Այվազեան, Օմար Սմայլի, Սիւզան Սապունճեան, Վանայ Անտոնեան, Քրիստափոր Գէորգեան, Լարա Աբրումեան, Լալէ Զէյթլեան, Լեւոն Սգայեան, Նայրա Աշըգեան եւ Հայկազ Քէօհիւլեան: