Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները Եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Յուլիս 13, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150711-WA0024

Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմինին հովանաւորութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 10 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թէքէեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ  պատմութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան» գիրքի առաջին հատորին, զոր ներկայացուց հայրենի պատմաբան Սուրէն Սարգիսեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք «Զարթօնք» օրաթերթի նախկին խմբագիր Պայծիկ Գալայճեան  արտասանեց բացման խօսքը: Ան անդրադարձաւ 1947-ի հաւատաւոր, համախոհ ու հայ մշակութային պաշտամունքը իրենց հոգիին մէջ ունեցած անձերու կողմէ Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադրութեան, անցած ուղիին եւ ժողովուրդին կողմէ վայելած անսահման ու անսակարկ վստահութեան ու սիրոյն` միշտ ծառայելով մշակոյթին: Ըստ Պ. Գալայճեանին, այսօր աշխարհի չորս ծագերուն կը գործեն Թէքէեան մշակութային միութեան 22 մասնաճիւղներ, իսկ Հայաստանի տարածքին Վահան Թէքէեանի անուն կրող վեց վարժարաններով ու երկու մշակութային կեդրոններով ԹԹՄ-ը իր անդուլ ու խանդավառ աշխատանքով մշտարծած կը պահէ սէրը հայ մշակոյթին հանդէպ ու այդ կը նպաստէ հայապահպանման կենսական գործին:

Յաջորդաբար Քրիստիան Աթալլահ գեղարուեստական յայտագիրով բեմ բարձրացաւ ջութակով նուագելու համար «Բարի արագիլ»-ն ու «Ղարաբաղցին», որմէ ետք ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը, որով կը ցուցադրուէին Մկրտիչ Աւետիսեանի, Գերսամ Ահարոնեանի եւ Արմենակ Եկարեանի մասին վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ` անոնց իւրաքանչիւրէն մէջբերումներ:

Ապա Պայծիկ Գալայճեան հակիրճ ձեւով  ներկայացուց հայրենի պատմաբան Սուրէն Սարգիսեանը, որ կատարեց «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ  պատմութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան» գիրքին ներկայացումը: Ան այս առիթով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց գիրքի հեղինակին` Յակոբ Վարդիվառեանին եւ շնորհաւորեց անոր տարած լուրջ եւ բեղուն աշխատանքը: Ան ընդգծեց, թէ հեղինակը նրբօրէն ներկայացուցած է Մկրտիչ Խրիմեանի, Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Մկրտիչ Աւետիսեանի նուիրումները: Ան բարձր գնահատեց հեղինակին ձեռք բերած պատմական աշխատանքը, որ, ըստ անոր, կ՛ամբողջացնէ քննական, դրական շարադասութեան եւ հանրագիտականի պայմանները, որոնց կողքին նաեւ շօշափելի է հեղինակին իրատեսական մօտեցումը այս աշխատանքին: «Վարդիվառեան ոչ միայն լաւապէս անդրադարձած է պատմական իրողութիւններուն, այլ ան նաեւ հետաքրքրական ձեւով եւ գեղարուեստական միջոցներով թափանցած է գաղափարներուն եւ պատմուածքներուն խորքը»:

Ս. Սարգիսեան նաեւ անդրադարձաւ այս տարուան  զուգադիպող երեք տարեդարձներու, որոնք են`  ՌԱԿ-ի 130-րդ, «Արմէնիա» թերթին 130-րդ, ինչպէս նաեւ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին 100-րդ տարեդարձները: Ան իր խօսքը եզրափակեց` բեմ հրաւիրելով  Յակոբ Վարդիվառեանը եւ անոր յանձնելով յուշանուէր մը: Ապա Յ. Վարդիվառեան իր կարգին, Թէքէեան մշակութային միութեան մարմինին անունով, պատմաբան Սուրէն Սարգիսեանին պարգեւեց ՌԱԿ-ի զինանշանը, որմէ ետք կարդացուեցան աշխարհի տարբեր կողմերէ հասած շնորհակալագիրներ:

Իր կարգին, ՌԱԿ-ի մամլոյ դիւանի ատենապետ Սեւակ Յակոբեան, շնորհաւորեց գիրքին հեղինակը` շեշտելով, որ այս գիրքին անդրադարձը մեծ պիտի ըլլայ պատմութեան վրայ:

Ապա գիրքին հեղինակը բեմ հրաւիրուեցաւ արտայայտելու իր սրտին խօսքը: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան ձեռնարկը հովաւորող միութեան, որ նախաձեռնեց այս շնորահանդէսին: Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց գիրքը խմբագրողին` Վաչէ Ղազարեանին եւ սրբագրողին` Պայծիկ Գալայճեանին, առանց որոնց` կարելի չէր իրականացնել այս աշխատանքը: Ան փակեց իր խօսքը` ներկաներուն կոչ ուղղելով այս գիրքը արժեւորել իրենց ընթերցանութեամբ, որպէսզի կարենան փոխանցել իրենցմէ ետք եկող սերունդին, ինչպէս նաեւ տարտնուող շարքերը միացնելու քայլեր կատարելու:

Թէքէեան մշակութային միութեան Հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Յակոբ Գասարճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որ դժուար նկատեց թուել Յակոբ Վարդիվառեանի ինքնազոհ աշխատանքները, որոնք բոլորն ալ կը նպաստեն ՌԱԿ-ի գրականութեան: «Յակոբ Վարդիվառեանին երախտիքը մեծ է ԹՄՄ մէջ: Ան արժանի է  յարգանքի, առողջութեան եւ բեղուն գրիչի, որպէսզի շարունակէ իր աշխատանքը` ի յայտ բերելով գիրքին մնացած չորս հատորները»:

Ապա Յակոբ Գասարճեան սոյն գիրքի հեղինակ Յակոբ Վարդիվառեանը, Միքայէլ Պոյաճեանը, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանն ու  պատմաբան Սուրէն Սարգիսեանը կատարեցին Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ  պատմութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան» գիրքի Ա. հատորին գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ ետք հայր Անդրանիկ Կռանեանի օրհնութեամբ փակուեցաւ շնորհահանդէսը:

Աւարտին հեղինակը ներկաներուն մակագրեց իր գիրքին օրինակները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Արամ Խաչատուրեանի Տուն-Թանգարանի Տնօրէն Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեանի Եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի Տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեանին Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?