Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Տիկնանց Ընկերային Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Այցելութիւն «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

September 15, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bezikian-museum_9-08-15

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր  2015-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 100 անձեր, որոնք վարժարանի ծնողներ էին, աշակերտներ, ինչպէս նաեւ քոլեճի բարեկամներ եւ հիւրեր:

Առաջին վայրը, ուր կանգ առին մարդատարները, Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանն էր: Մասնակիցները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով շրջագայեցան  թանգարանին մէջ մօտէն ծանօթանալու ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու պատմութեան` որ ներկայացուած էր նկարներով, լսատեսողական արդիական միջոցներով, իրերով, գիրքերով, գրութիւններով, տեսերիզով եւ այլն: Թանգարանի պատասխանատուներ Ռիթա Գալինճեան եւ Պսակ վրդ. Թեփիրճեան մանրամասն բացատրութիւններ տուին որբերու ապրած կեանքին եւ թանգարանին մէջ ցուցադրուած նկարներուն ու իրերուն մասին: Մասնակիցները ուշադրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն եւ մեծապէս գնահատեցին այս ողջունելի նախաձեռնութիւնը` թանգարանի կառուցումը բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի:

Թանգարանէն ետք մարդատարները ուղղուեցան դէպի Սրբուհի Ռաֆքայի եւ Ս. Հարտինիի վանքերը, ուր կրկին ծանօթացան իւրաքանչիւրին ապրած կեանքին ու գործունէութեան:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պտոյտին մասնակիցները  հասան Զղարթայի Պնաշիի լիճի ճաշարան: Հայ աւետարանական քոլեճի տիկնանց ընկերային յանձնախումբի անունով Մարալ Մխսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց մասնակցութեան եւ քաջալերանքին համար: Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա առաջին պտոյտն էր, զոր կը կազմակերպէր յանձնախումբը եւ խոստացաւ յառաջիկային եւ նման պտոյտներու նախաձեռնել: Մասնակիցները մեծապէս գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին յանձնախումբին` իրենց աշխատանքներուն մէջ:

Նախորդը

Մուսա Լեռ. Լորտ Ճէյմս Պրայս «Կապոյտ Գիրք» (Հայերի Վիճակը Օսմանեան Կայսրութիւնում 1915-1916 Թուականներին) (Անգլերէնից Հայացրեց Պօղոս Արմենակ Լագիսեան)

Յաջորդը

Լրագրող Ըլլալու Պատիւին…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.