«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»
Ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին, եգիպտահայ գաղութը իր հարուստ պատմութեան էջերուն աւելցուց թանկագին էջ մը եւս, այս անգամ` արձանագրուած Փոր Սայիտ քաղաքի ափերուն վրայ: Նօսրացած, սակայն մինջեւ օրս աշխուժ գաղութէս 250 անդամներ, Գահիրէէն ու Աղեքսանդրիայէն, ուղեւորուեցան դէպի այն քաղաքը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, Մուսա լերան հերոսամարտէն 4231 հայեր 4 տարի ապաստան գտան: Սուէզի ջրանցքի արեւելեան ափին գտնուող Փոր Սայիտ քաղաքի ուղղափառ համայնքներուն յատկացուած գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւն` հաւաքական դամբարան-յուշակոթողին, որ վերակառուցուեցաւ ի յիշատակ հերոսամարտէն փրկուած եւ Փոր Սայիտ ապաստանած հայորդիներուն ու գաղթակայան-վրանաքաղաքի ննջեցեալներուն:
Յուշակոթողին վերականգնման աշխատանքները նախաձեռնած է Գահիրէի Ազգային իշխանութիւնն ու ԵԳՄ հոգաբարձութիւնը:
Արարողութիւնը կատարեց Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան` ներկայութեամբ` Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, Յակոբ քհնյ. Յակոբեանի, հայր Գաբրիէլ վարդապետի, Աղեքսանդրիոյ հովիւ Գրիգոր քհնյ. Մուրատեանի, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանի, Փոր Սայիտ քաղաքի ղպտի սրբազան Սամուէլի երկու ներկայացուցիչներուն, Գահիրէի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենապետներուն, մշակութային եւ բարեսիրաց միութեանց ատենապետներուն եւ անդամներու, եգիպտահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, հայ թէ օտար մամուլի լրագրողներու եւ հայազգի հոծ հասարակութեան: Հոգեհանգստեան ու յուշակոթողի բացման արարողութեան բացառիկ ներկայութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի 28 սկաուտներ` իրենց խմբապետներուն առաջնորդութեամբ:
Աննախադէպ երեւոյթ մըն էր նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի հայրենակիցներու սերունդէն, մասնաւորապէս այս առթիւ ներկայութիւնը Լիբանանէն խումբ մը այնճարցիներու, որոնց նախնիները հերոսամարտէն Փոր Սայիտ ապաստանած են: 14 հոգինոց խումբը կ՛առաջնորդէր ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, ներկայ էր նաեւ Այնճարի քաղաքապետ Կարապետ Փամպուքեան: Խումբին կ՛ընկերակցէին նաեւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, թաղապետ Յարութ Լաքիսեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Աբրահամ Մալքըճեան:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկ մը` հաստատելով, թէ թուրքերը ձախողած են բնաջնջել հայը աշխարհի երեսէն, հակառակ անոր որ հայուն հանդէպ ունեցած են ոճրագործ ծրագիրներ: «Հայը միշտ կայ եւ պիտի ապրի, որովհետեւ ունի իր մէջ սրբութիւնները պահելու մեծ ուժ մը, հայրենասիրական մեծ ուժ մը, իր արեան ու հողին կառչած ըլլալու մեծ ուժ մը, ունի ստեղծագործելու ուժ մը, պայքարելու ուժ մը եւ ունի այնպիսի շնորհներ, որոնց շնորհիւ իրեն երբեք ոչ մէկը կրնայ զայն սասանել իր երկրէն, մայր հողէն եւ նոյնիսկ օտարութեան մէջ», ըսաւ Աշոտ սրբազան:
Ապա, յանուն Այնճարէն ժամանած հայորդիներուն, խօսք առաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, որ այս պատմական օրը բացառիկ համարեց հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներու շարքին մէջ, «քանի որ այսօր մենք կը վերադառնանք հոն, ուր առաջին անգամ ոտք կոխած էին հերոսամարտէն փրկուած մեր նախնիները»: Հաւաթեան ներկաներուն տեղեկացուց, թէ Ֆրանսական նաւերը նախ դիմած էին Կիպրոսին` ընդունելու համար գաղթականները, սակայն անոնք մերժած էին, ապա դիմեցին Եգիպտոսին, որ անմիջապէս ընդունած էր հիւրընկալել զանոնք: «Ամէնէն առաջ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Եգիպտոսի արաբ ժողովուրդին, շնորհակալութիւն ձեր ընդունելութեան», ըսաւ Հաւաթեան: Ան սոյն նախադասութիւնը կրկնեց արաբերէնով, որ ընդունուեցաւ խիստ ծափողջոյններով:
Հաւաթեան, որուն հայրը ծնած է 1919 թուականին, Եգիպտոս, հաստատեց նաեւ, թէ մուսալեռցի գաղթականները առանձին չմնացին, երբ հասան վրանաքաղաք, քանի որ եգիպտահայ գաղութը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ իր առաջնորդարանով, քաղաքական ժողովի անդամներով, միութիւններով, Բարեգործականով, Կարմիր Խաչով ու տիկնանց միութիւններով, «որուն համար է, որ մենք եկած ենք հարիւր տարի ետք շնորհակալութիւն յայտնելու եգիպտահայութեան, այն հայութեան, որ առաջին օրէն օգտակար հանդիսացած է, որպէսզի չմեռնի մեր ժողովուրդը այս աւազին վրայ, եւ` այն հայութեան, որ լուսաւոր գաղափարը ունեցաւ հարիւր տարի ետք այս հաւաքական կոթողով վերականգնելու, վերյիշեցնելու պատմութիւնը:
Յուզումնախառն զգացումներով, ներկաները միաբերան մեկնաբանեցին հայազգի մանկավարժ, հասարակական գործիչ, կեսարացի Նահապետ Ռուսինեանի գրած բանաստեղծութիւնը` «Կիլիկիա»-ն, գրուած 1860-ին, որուն երաժշտութիւնը հեղինակած է հայազգի երգահան Գաբրիէլ Երանեան:
Յուշակոթողի ճարտարապետական գործերը ստանձնած էր Եգիպտահայ ճարտարապետ Նայիրի Համբիկեան: Ան մեր թղթակիցին («Յուսաբեր»-ի) յայտնեց, թէ յուշակոթողը կը խորհրդանշէ Սարդարապատի ու Եղեռնի յուշարձաններու միատեղ միտքը, քանի որ հոն կայ յաղթանակ մը, նաեւ` ցեղասպանութիւն մը:
Ճարտարապետ Նայիրի Համբիկեան դամբարանին վերականգնումը կը համարէ «աճիւններու վերականգնում»:
ԵԳՄ հոգաբարձութեան ատենապետ Մարտիկ Թերզիպաշեան յայտնեց, թէ դամբարանը վերանորոգելու արտօնութիւն ստանալու դժուարութիւններու դիմաց գտնուեցան, սակայն յաղթահարեցին զանոնք: «Մօտաւորապէս 400 հոգիի աճիւններ կան այդ դամբարանին մէջ», կը յայտնէ Թերզիպաշեան: Ըստ Թերզիպաշեանի, եգիպտահայ համայնքին կողմէ 25 տարիներ առաջ գոյութիւն ունէր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնելու գաղափարը, որուն նախագիծ-գծագրութիւնը պատրաստած էր ճարտարապետ Սաթօ Աբգարեան:
Անդրադառնալով հերոսամարտին` Մուսա Լերան շրջակայքը գտնուող գիւղերուն բնակիչները 53 օր ինքնապաշտպանութեան դիմեցին Օսմանեան ուժերուն դէմ, երբ իշխանութիւնները սկսան հայերու տեղահանութեան գործադրութեան: 5000 մուսալեռցիներ բարձրացան լեռ 1915-ի յուլիս 29-ին: Ինքնապաշտպանական մարտերուն մուսալեռցիք տուած են 18 զոհ:
Մուսալեռցիք հասկնալով իրենց սպառնացող վտանգը` արտաքին աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւելու համար դիմեցին զանազան միջոցներու, օտար լեզուներով ուղարկեցին նամակներ ամէնուր: Սեպտեմբեր 5-ին ֆրանսական «Կիշեն» նաւը կը մօտենայ, ապա 5 մարտանաւերով 12 սեպտեմբերին 4231 մուսալեռցիք կ՛ուղղուին դէպի Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքը, Կիպրոսէն մերժուելէ ետք: Հետագային շատեր կը մտնեն ֆրանսական-հայկական լեգէոնի կազմին մէջ:
Ֆրանց Վերֆել ըսած է. «Երբ կը կարդաս հայոց պատմութիւնը, անխուսափելի հարց կը ծագի քու մէջ, թէ ինչո՛ւ պէտք էր խլել մեծ տաղանդի, միտքի, հոգիի տէր ժողովուրդի մը ապրելու իրաւունքը»:
Խունկ եւ աղօթք` Մուսա լերան հերոսամարտի դիւցազուն ննջեցեալներուն: