Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Նախագահէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին

Նոյեմբեր 6, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_M-O_110315

Երեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Գահիրէի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ  ընթացք առաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովը` ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն:

Բացման խօսքը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Ան նշեց, որ իբրեւ քրիստոնեայ համայնքներ եւ իբրեւ եկեղեցի մենք անմիջական մէկ մասը կը կազմենք Միջին Արեւելքին եւ ազդուած ենք ու տակաւին կ՛ազդուինք շրջանին մէջ տիրող աղէտալի կացութենէն: «Բոլոր եկեղեցիները հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին, եւ այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար եկեղեցիներու միութիւնը հրամայական է: Միջեկեղեցական շարժումը պէտք է իր յստակ կեցուածքն ու պատասխանը ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ: Միասնականութիւնը պէտք է նկատել աղբիւրը մեր զօրութեան: Այս գիտակցութեամբ բոլորս` իբրեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդ, հաւաքուած ենք միասնաբար խորհելու եւ միասնաբար գործելու ընդդէմ մեր եկեղեցիները վտանգող ժամանակակից կացութիւններու եւ մարտահրաւէրներու», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Յայտնենք, որ ժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ չորեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2015-ի կէսօր: Երեք իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին պիտի ներկայացուին զեկուցումներ եւ քննարկումներ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող ժամանակակից հարցերուն, ինչպէս նաեւ մշակուելիք ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մասին:

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Դասախօսական Հանդիպում` Երեւանի Պետական Համալսարանի Դասախօսներուն Հետ

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?