Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջին Արեւելքի Տագնապները Կարելի Չէ Լուծել Զինուորական Ուժով, Այլ Միայն` Քաղաքական Գործընթացով» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հոկտեմբեր 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

HH-Aram-I-(2)_102715

«Միջին Արեւելքը այսօր վերստին դարձած է տագնապներով լեցուն շրջան մը: Տագնապներ,  որոնք կը հրահրուին արտաքին ուժերու կողմէ` ի շահ իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրներուն: Այս տագնապները ամբողջական ու մնայուն լուծում կրնան գտնել միայն քաղաքական գործընթացով` մասնակցութեամբ տեղական ուժերու եւ մեկնելով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամուր պահող յանձնառութենէն», այս շեշտաւորումով Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ներկայացուց Աթէնքի մէջ 18-20 հոկտեմբեր 2015-ին գումարուած միջազգային համագումարին:

Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Կը մասնակցէին շուրջ երկու հարիւր ներկայացուցիչներ, պատրիարքներ, հոգեւոր առաջնորդներ, արտաքին գործոց նախարարներ, դեսպաններ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ. Փաքիստանէն ու Հնդկաստանէն սկսեալ

միջինարեւելեան երկիրներ, Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն սկսէալ մինչեւ եւրոպական երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա: Համագումարին ընդհանուր խորագիրն էր «Միջին Արեւելքին մէջ կրօնական ու մշակութային բազմազանութեան խաղաղ գոյակցութիւնը»:

Համագումարին բացումը կատարեց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որուն յաջորդեց արտաքին գործոց նախարարը: Անոնք շեշտեցին համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, որ եղած է օրրանը երեք միաստուածեան կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու:

Նախագահին ու նախարարին բացման խօսքերէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին զանազան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները: Խօսք առաւ նաեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Յիշեցնելէ ետք, թէ Միջին Արեւելքը կը գտնուի իր պատմութեան մէկ ճակատագրական հանգրուանին եւ յիշելէ ետք այն ազդակները` շրջանային թէ արտաքին միջամտութիւնները, որոնք պատճառ հանդիսացած են ներկայ բարդ կացութեան յառաջացման, վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը. ա) Արտաքին միջամտութիւնները ձախողեցան շրջանի տագնապները լուծման առաջնորդող միջոցներ գտնելու, որովհետեւ անոնց կը պակսէր շրջանի զգայնութիւններու եւ խնդիրներու ամբողջական ճանաչումը, ինչպէս նաեւ անոնք իրենց կենսական շահերը գերակշիռ նկատեցին,  քան` տեղական ժողովուրդներու շահերը, բ) Ներքին իսլամական հակամարտութիւնները` անցեալէն ժառանգուած, տագնապները աւելի սրեցին զանոնք լուծման առաջնորդող ճամբաները արգելափակելով, հետեւաբար այս ծիրէն ներս համախոհութիւնը անհրաժեշտ է, գ) Ծայրայեղականութիւնը դարձած է շրջանի տագնապներու գլխաւոր պատճառներէն մէկը: Ծայրայեղականութիւնը վերածուած է մշակոյթի իր յատուկ գաղափարախօսութէամբ եւ օրակարգով, այնպիսի մշակոյթ մը, որ սահմաններ չունի ու մարդկային արժէքներու չի հաւատար, դ) Անարդարութիւնը, ընկերատնտեսական տագնապը ու ամբողջատիրական կառոյցները յառաջացուցած են ժողովրդային ընդվզում, երեւոյթ մը, որ դժբախտաբար շահագործուած է ծայրայեղականներու եւ արտաքին ուժերու կողմէ,  է) Յիշեալ ազդակները սկսած են խախտել քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը եւ մղել քրիստոնեաները արտագաղթի:

Վեհափառ հայրապետը վերոյիշեալ կէտերուն լայնօրէն անդրադառնալէ ետք կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքին մէջ կրօնական, մշակութային եւ ցեղային զանազանութեան պահպանումը կարելի է երաշխաւորել.- ա) Ժողովրդային կարգերու հաստատումով, որ կ՛ենթադրէ բոլոր կողմերու մասնակցութիւն, հաւասարութիւն եւ արդարութիւն, բ) Ծայրայեղականութեան յաղթահարումով` մասնակցութեամբ իսլամ ու քրիստոնեայ կրօններու ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային ուժերու:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքի աւարտին յիշեցուց, որ Միջին Արեւելքի իւրայատուկ հարստութիւններէն մէկը եղած է բազմազանութիւնը, հետեւաբար ամէն գնով պէտք է պահպանել զայն:

Համագումարի աւարտին որդեգրուեցաւ ընդհանուր յայտարարութիւն մը, ուր կը շեշտուէր,  թէ Յունաստանի պետութիւնը յանձնառու կը դառնայ Միջին Արեւելքի կացութեան մօտէն հետեւելու յատուկ կեդրոնի մը հաստատման:

Սոյն համագումարին նաեւ ներկայ էին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի 71-րդ Համահայկական Ժողովը Նոր Աւիշ Ներարկեց Հայութեան . Ջահակիր Հայուհիներ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կարեւոր Հանդիպումներ Ունեցաւ Աթէնքի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?