Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Հայ Ծերանոց Այցելեցին Շահան Արք. Սարգիսեանն Ու Պետրոս Արք. Միրիաթեանը

Հոկտեմբեր 24, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

arachnortner_10-20-15

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի Հայ ծերանոց այցելեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Շահան արք. Սարգիսեանն ու հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը:

Շահան սրբազանն ու գերապայծառ Միրիաթեանը Ծերանոցի շէնքին մուտքին դիմաւորուեցան Հայ ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեանի եւ Խնամակալութեան փոխ-ատենապետ պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի կողմէ, որմէ ետք երկու պատսպարեալներ ծերանոցի դրան մուտքին ծաղկեփունջեր յանձնեցին երկու առաջնորդներուն:

Շահան սրբազանն ու գերապայծառ Միրիաթեանը տնօրէնութեան սենեակը ընդունուեցան: Ներկայ էր Հայ ծերանոցի խնամակալութեան եւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին անձնակազմը:

arachnortner2_10-20-15arachnortner3_10-20-15Հայ ծերանոցի մեծ ընտանիքին կողմէ բարի գալուստի խօսքեր արտասանուելէ ետք առաջնորդները շրջագայութեան սկսան նախ պատսպարեալներու սենեակները մուտք գործելով, ծանօթացան պատսպարուած մամիկներուն եւ պապիկներուն կացութեան, առանձին-առանձին զրոյցներ ունեցան եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ ստացան: Առաջնորդները մխիթարական եւ քաջալերական խօսքերով խրախուսեցին պատսպարեալները, ինչպէս նաեւ օրհնութեան եւ փառաբանութեան աղօթքներ վեր բարձրացուցին: Շրջագայութիւնը շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ Ծերանոցի սենեակները, խնամակալութեան եւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի նոր պատրաստուած եւ կահաւորուած սենեակները, պահեստանոցները, խոհանոցը, լուացքի սենեակը, հանդերձարանները: Ինչպէս նաեւ սրահը, որ կը պատրաստուի մատուռի եւ հաւաքատեղիի համար: Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան մանրամասն եւ ամբողջական տեղեկութիւններ տուաւ ծերանոցի պատսպարեալներուն, սենեակներուն, առողջապահական վիճակին, կենցաղային դժուարութիւններուն, անձնակազմի եւ տեղի ունեցած նորոգութիւններու ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Տնօրէն Գաթրճեան, առաջնորդներուն ինչպէս նախապէս ալ տեղեկացուցած էր բարերարներու կատարած նուիրատուութիւններու մասին, այս հանդիպումին ալ բացատրութիւններ տուաւ, որ այդ բարերարներուն կատարած նուիրատուութիւնները իրենց նպատակին կը ծառայեն անշահախնդրօրէն եւ այդպիսով հաստատութեան կարիքները իր կատարելագործումին կը հասնի, քանի որ սուրիական պատերազմի այս օրերուն արդէն թէ՛ բարերարները, թէ՛ բարերարներու նուիրատուութիւնները մեծ անկում կրած են: Միւս կողմէ, վերջին պայթումներու պատճառով վնասուած բաժիններուն ալ ականատես եղան առաջնորդները:

Շրջագայութենէ ետք հիւրերը ընդունուեցան ծերանոցի փոքր սրահը, ուր յիշատակի լուսանկարներ նկարուեցան, որմէ ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան` կազմակերպութեամբ Հայ ծերանոցի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին:

Պէտք է նշել, որ նկատելի էր նաեւ ծերանոցի եւ պատսպարեալներու մաքրութիւնը, որուն մեծ բաժինը կ՛երթայ Հայ ծերանոցի պաշտօնեաներուն, որոնք իրենց նուիրական աշխատանքը կը կատարեն ամենայն պարկեշտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, քանի որ մարդասիրական եւ աստուածահաճոյ գործ մըն է, զոր կը կատարեն, եւ իրենք են, որ իրենց վերաբերմունքով մեծ դերակատարութիւն ունին Հայ ծերանոցի անունը բարձր պահելու մէջ:

Շահան արք. Սարգիսեանն ու Պետրոս արք. Միրիաթեանը աղօթքներով, լաւագոյն տպաւորութիւններով, յոյսով եւ վստահութեամբ ներշնչուած` մեկնեցան Հայ ծերանոցէն:

Նախորդը

Որպէս Միակ Հայուհի Պատուոյ Հիւր Մասնակցելով Պելճիքայի Պիենալին. «Առանց Արուեստի Կեանքը Շատ Դառն Ու Տխուր Պիտի Ըլլար» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Լիբանանահայ Տաղանդաւոր Արուեստագիտուհի Ժաքլին Օհանեան

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Հակամարտութիւններու Հակասութիւնները, Կամ Ո՞վ Որո՞ւ Հետ Է Եւ Որո՞ւ Դէմ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?