Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարան. Երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան

Հոկտեմբեր 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mesrob_10-16-15mesrob1_10-16-15Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութեան հոգեւոր կրթութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ «Երկրպագութիւն` Սուրբ հաղորդութեան», դպրոցական նոր տարեշրջանի բացման առիթով:

Աղօթքի եւ խորհրդածութեան այս հաւաքին մասնակցեցան 6-12-րդ դասարաններուն աշակերտները: Անիկա կազմակերպուած էր վարժարանի հոգեւոր խմբակին կողմէ, վերահսկողութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ, խմբակի հոգեւոր վարիչ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի:

Հաւաքը բացուեցաւ Երիտասարդութեան միջազգային տարուան (2016) օրհներգով, որմէ ետք աշակերտներուն կողմէ հնչեցին խմբային երգեր,  մատուցուեցան աղօթքներ եւ Սուրբ հաղորդութեան մասին ընթերցումներ ու սուրբերու վկայութիւններ` հայերէն եւ ֆրանսերէն: Ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, որոնցմէ առաջինը նուիրուած է «Քորփուս տոմինի»` Յիսուսի մարմնի ու արեան տօնի թափօրին, իսկ երկրորդը` Գթութեան եւ նուիրումի գաղափարներուն: Ծանօթ է, որ 2016 թուականը Հռոմի քահանայապետին կողմէ հռչակուած է Գթութեան տարի, եւ հաւաքը առիթ եղաւ վեր բերելու գթութեան եւ ողորմութեան կարեւորութիւնը` քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ հաւաքի կեդրոնական նշանակութեան մասը` Սուրբ հաղորդութեան երկրպագութիւնը, ուր փառաւորուեցաւ Յիսուս Քրիստոսը` իբրեւ մարդկութեան փրկիչ եւ անոր սէրը` իբրեւ փրկութեան հիմնաքար: Սուրբ հաղորդութեան օրհնութենէն ետք խօսք առաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ  ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ, որ աշակերտներուն յիշեցուց, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն, ինչ որ կը թելադրէ, որ մարդիկ պարտաւոր եւ կարող են հասնիլ աստուածային նկարագրի բարձրութեան` սիրոյ եւ հաւատքի ճամբով: Ան գօտեպնդեց աշակերտները այս յոյսին մէջ` դիտել տալով, որ մարդու ճամբան կը ձգտի աստուածային կատարելութեան, ինչ որ միակ իմաստն է երկրաւոր կեանքին` Աստուծմէ մեզի պարգեւուած:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?