Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Նոյեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hpem-(1)_101515

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը   փառաբանած, գովերգած ու պանծացուցած է Մեսրոպ Մաշտոցի անմահ գործին` հայ գիրերու  գիւտին յիշատակը :

15 հոկտեմբեր 2015-ին` նոյն գիտակցութենէ եւ  ազնիւ հպարտութենէ մղուած, Պօղոս  Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտութիւնը  կոկիկ յայտագիրով մը նշեց եւ իր յարգանքի  տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան ու  մշակոյթի առաջին մշակներուն ու ոգեկոչեց հայ  ժողովուրդին հոգեւոր, գրական նուաճումներէն  մէկը հանդիսացող Սրբոց  Թարգմանչաց տօնը:

Այս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական  յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին  վարժարանիս նախակրթարանի եւ միջնակարգի  աշակերտները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէն լեզուի  դասատու` Մարալ Քէհեայեան: Ան իր խօսքին մէջ  անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնին   խորհուրդին եւ յայտնեց, թէ աշխարհի մէջ չկայ  ազգ մը, որ հայութեան չափ կառչած ըլլայ իր  լեզուին: Չկայ լեզու մը, որ յստակօրէն եւ  պարզօրէն  կարենայ գրական խոր միտքեր  արտայայտել, ինչպէս որ չկայ ազգ մը, որ իր  լեզուին տօնը ունենայ եւ իր լեզուն   պաշտամունքի առարկայ դարձնէ:

Ապա բեմ բարձրացան Թ. կարգի աշակերտներէն Ալին Պետոյեան, Աբօ Մսըրլեան եւ Սէրուժ Գէորգ` ընթերցելու Թարգմանչաց Տօնի իմաստն ու արժէք ներկայացնող գրութիւններ: Բ. դասարանի  աշակերները երգեցին «Հայերէն կ՛երգենք» երգը: Գ. դասարանի աշակերտները յստակ  առոգանութեամբ եւ ինքնավստահ արտասանեցին «Մեսրոպ Մաշտոցին» արտասանութիւնը, իսկ Դ. կարգի աշակերտները  արտասանեցին «Այբուբեն  հայոց»-ը: Ե. դասարանէն` Արման Փարթամեան ընթերցեց «Մեսրոպ Մաշտոցին» խորագիրով հատուած մը: Ա. դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Հայաստան» պարով: Դ. դասարանի  աշակերտները խմբերգեցին «Հայերէն» երգը:  Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան Է. կարգի  աշակերտները  արտասանելու «Հայ լեզուն» եւ Զ. կարգի աշակերտները արտասանելու` «Հայ  լեզուն տունն է հայուն» քերթուածները:

«Չինացիները կը սորվին հայերէն» խորագիրով  ընթերցում կատարեցին Ը. կարգէն` Սերենա եւ  Նաթալի Ղազարեանները:

Յայտագիրին վերջին բաժինով հանդէս եկան  Ե. դասարանի աշակերտները երգելով «Մայրենի  Լեզու» երգը:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեան դրուատեց աշակերներուն  ներկայացումը, ապա գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  յայտագիրը պատրաստողին, որ կարճ ժամանակամիջոցին կարողացաւ նման յաջող ձեռնարկ մը  պատրաստել: Իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ պէտք է սիրենք մայրենին գուրգուրանք եւ տէր կանգնիք այբուբենին:

Նախորդը

Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

ՄԱՀԱԵՄ-ի Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի Գնահատանքի Երեկոյ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?