Ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2015-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Ասատուր Պասմաճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ լեզուն տունն է հայուն, զէնքն է ու կեանքն է հայուն: Հաւատամք մը, որ կտակուած է մեզի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն, եւ եղած է յոյսը եւ յաւերժութեան ճամբան` դարեր շարունակ անտէր մնացած հայ ժողովուրդին: Պասմաճեան շեշտեց, թէ ի զուր չէ, որ աշխարհի վրայ չկայ ազգ մը, որ մեզի չափ կառչած է իր լեզուին, ազգ մը, որ իր լեզուին տօնը ունենայ եւ պաշտամունքի առարկայ դարձնէ զայն: Ուրիշ ազգեր մեզի պէս չունին իրենց լեզուն պաշտող, ծաղկեցնող ու գովաբանող բանաստեղծներ, երգեր չունին` նուիրուած իրենց լեզուին, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց ըլլալու հաւատարիմ մեր լեզուին եւ ստեղծագործել հայերէնով:
Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներու կատարած խմբերգներով` հայերէն երգելու, գրելու եւ խօսելու, որմէ ետք 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ դասարաններու աշակերտները այբուբենի իւրաքանչիւր տառով սկսող առածներ ներկայացուցին: Այնուհետեւ, 6-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին մայրենի լեզուին նուիրուած խմբային ասմունք մը, որուն յաջորդեց 11-րդ դասարանէն Լիւսի Ղարիպեանի (դաշնամուրով) եւ Գէորգ Ներսէսեանի (ջութակով) կատարողութեամբ «Ազգ իմ փառապանծ» երգի երաժշտութեան ունկնդրութիւնը: 10-րդ դասարանէն Սագօ Աբգար մենակատարութեամբ գովաբանեց մեր հարուստ, ամբողջական եւ ինքնատիպ լեզուն:
Օրուան պատգամախօսն էր Վահրիճ աբղյ. Ղարախանեան: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպ Մաշտոց աչքերը երկինք ուղղած էր` Աստուծմէ խնդրելով իրեն տալ իմաստութիւն, որպէսզի կարենայ գրել հայերէն այբուբենը, սակայն այսօր Մաշտոց երկինքէն երկիր կը նայի տեսնելու համար, թէ մենք` իր տառերուն ժառանգորդները, արդեօք հայերէն կը խօսի՞նք ու կը գրե՞նք: Հայր սուրբը շեշտեց, որ մեր մամիկները ցեղասպանութեան օրերուն աւազի վրայ իրենց արիւնով գրելով սորվեցուցին հայերէն տառերը, եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք մենք այսօր սուրբ կը պահե՞նք այդ նուիրուածութիւնը, զոր ունեցան մեր նախնիները մեզի հանդէպ: Հոգեշնորհ հայրը ըսաւ, որ մենք կրօն, լեզու եւ հայրենիք ունենալով` եղանք մէկ բռունցք բոլոր դժուարութիւններուն մէջ եւ դէմ դրինք թշնամիին, հետեւաբար մենք պէտք է անաղարտ պահենք, պահպանենք ու պաշտպանենք հայոց լեզուն:
10-րդ դասարանէն Սէրլի Կարապետեան մենախօսութեամբ մը կատարեց այն մամիկին դերը, որ իր զաւակին բացատրեց հայոց լեզուին սրբութիւնը, քաղցրութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Վերջին բաժինով Ա. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Աշխարհի հայերով» երգը, որուն ընկերակցեցաւ վարժարանի պարախումբէն 3 Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, որ Թարգմանչաց տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք տէրն ու տիրականն ենք հայ գիրերուն: Ան հայ աշակերտները նմանցուց բանակի մը զինուորներուն, որոնց պարտականութիւնն է պաշտպանել հայ գիրերը, հայոց լեզուն: Ռ. Պոյաճեան շեշտեց, որ աշակերտներուն պարտաւորութիւնն է նաեւ տան մէջ խօսիլ մաքուր հայերէն եւ սրբագրել օտար բառերը կամ քերականական ու լեզուական սխալները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամախօսին, ինչպէս նաեւ` հայոց լեզուի ուսուցչուհիներուն, որոնք պատրաստեցին հայոց լեզուն փառաբանող այդ օրուան հանդիսութիւնը: