Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Հոկտեմբեր 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

tarkman1_10-09-15

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը 9 հոկտեմբեր 2015-ին կազմակերպեց աշակերտական հանդիսութիւն մը` ներկայացնելով Թարգմանչաց շարժման պատմութիւնը եւ ընդգծելով ու արժեւորելով օրուան խորհուրդը:

Աշակերտական ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկան Դ. կարգի աշակերտները: Անոնք յայտնեցին, թէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը հայ ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական տօներէն մէկն է, որ կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, Թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը:  Աշակերտները անդրադարձան, թէ ինչպէս թարգմանիչներուն ջանքերով հայ ազգը համախմբուեցաւ միասնական մէկ հաւատքի շուրջ եւ յաջողեցաւ հեռացնել հայ ժողովուրդին սպառնացող բոլոր վտանգները: Ապա հաստատեցին` ըսելով. «Մենք, իբրեւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտներ, կը խոստանանք կառչած մնալ մեր ազգային արժէքներուն, անաղարտ պահել ու գուրգուրալ մեր մայրենի լեզուին եւ, վերջապէս, պահել Թարգմանչաց ոգին իւրաքանչիւրիս սրտին ու հոգիին մէջ»: Բոլոր կարգերու աշակերտները հերթաբար հանդէս եկան հայոց լեզուի փառքը հիւսող երգերով ու արտասանութիւններով:

tarkman2_10-09-15

Բացման խօսքէն ետք Ե. կարգի աշակերտները ապրումով արտասանեցին  Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» ոտանաւորը` պատգամելով. «Զաւակդ հայկազնեան դպրոց տար, մենք գրենք մեսրոպեան տառերով ու խօսինք մեր անուշ բառերով»:

Աշակերտական այս ձեռնարկը լաւագոյն առիթը եղաւ բոլոր կարգերու աշակերտներուն համար բացայայտելու իրենց ստացած գիտելիքները Թարգմանչաց շարժման, գիրերու գիւտին, ապա իրենց խոր յարգանքն ու երախտապարտութիւնը յայտնելու Մեսրոպ Մաշտոցին ու թարգմանիչներուն, որոնց շնորհիւ այսօր կ՛ապրինք հայօրէն:

Առաջին դասարանի աշակերտները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտին մասին, ապա Բ. եւ Գ. կարգերու աշակերտները խմբերգով մը ելոյթ ունեցան: Ուշագրաւ էր Զ. կարգի աշակերտներուն «Այբուբենի վերջին տառը» խորագիրը կրող թատրոնը, որ կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս ծխական դպրոցի մը ուսուցիչը այբուբենը կը սորվեցնէր աշակերտներուն, յանկարծ ներս կը խուժեն թուրքերը եւ կը վիրաւորեն ուսուցիչը: Վիրաւոր ուսուցիչը, առանց ընկրկելու, կը սորվեցնէ այբուբենի վերջին տառը եւ կը փչէ իր շունչը, մինչ իր շուրջը բոլորուած աշակերտները կ՛ըսեն. «Կ՛ուխտենք սուրբ երդումով, երբեք չմոռնալ մայրենի լեզուն, որ գրուած է ու պահուած` մեր նախահայրերուն արիւնով: Կ՛երդնունք, որ ա՛յս պիտի ըլլայ մեր սրբազան վրէժը»:

Իրենց կարգին, Ը. կարգի աշակերտները հայ գրականութեան անդաստանէն ներկայացուցին մայրենի լեզուին ձօնուած փունջ մը արտասանութիւններ` Սիլվա Կապուտիկեանէն, Մուշեղ Իշխանէն, Վահագն Դաւթեանէն, Վահան Թէքէեանէն:

Ձեռնարկին աւարտին Սիլվի Աբէլեան մաղթեց աշակերտներուն, որ անոնք թարգմանչաց շնորհներով ու ոգիով շարունակեն ուսումնական տարեշրջանն ու գալիք բոլոր օրերը:

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարան. Երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան

Յաջորդը

Կոմիտաս Վարդապետ (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935). Հայու Հոգիին Շունչն Ու Երգը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?