Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Նոյեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՍԵդա Խտըշեան
ՍԵդա Խտըշեան

Թարգմանչաց տօնը գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կը համընկնի հոկտեմբեր ամսուն` կրթական տարեշրջանի սեմին, եւ այսպէս, հայ դպրոցը կը վերամկրտուի Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով:

Հայ դպրոցը, հայ լեզուի ու պատմութեան ուսուցման կողքին, իր առաքելութեամբ կը յիշատակէ եկեղեցական եւ ազգային տօներ, որոնք կը տօնախմբուին աշակերտական յատուկ հանդէսներով, եւ անոնց ընդմէջէն  հայ աշակերտին հոգիին ու մտքին մէջ կը թրծուին քրիստոսաւանդ կրօնն ու հայկական ոգին:

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 29 հոկտեմբեր 2015-ին յիշատակեց Թարգմանչաց տօնը, որուն ընթացքին նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին Թարգմանչաց խորհուրդը:

Hripsimiantz1_102915

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հայրեր, հիւրեր եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը:

Տնօրէնութիւնը օրուան պատգամը փոխանցելու համար հրաւիրած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի-Տիաքոնիա եւ ընկերային արդարութեան բաժանմունքի տնօրէն ՍԵդա Խտըշեան:

Օրուան բանախօսը, վեր առնելով Թարգմանչաց տօնին իմաստն ու խորհուրդը, առաւելաբար շեշտը դրաւ հայ աշակերտին դերին ու անոր պարտաւորութեանց վրայ, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց հայօրէն ապրելու, անշեղ հաւատքով շարունակելու եւ հետապնդելու մեր ժողովուրդին պայքարը:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Թարգմանչաց տօնի ամէնէն խորհրդաւոր պատկերը կու գայ տարագրութեան օրերէն, երբ մայրերը, հակառակ ահաւոր չարչարանքներուն եւ արհաւրալից կացութեան, այբուբենը կը սորվեցնէին իրենց զաւակներուն: Ան շեշտեց, որ այդ մայրիկներուն իմաստութեան եւ գիտակցութեան շնորհիւ 100 տարիէ ի վեր երիտասարդ սերունդներու մէջ վառ մնաց մեր լեզուն:

Նորօրեայ մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով` Սեդա Խտըշեան դիտել տուաւ, որ համաշխարհայնացումը այսօր իսկական սպառնալիք է, եթէ հոն չկարենանք մենք մեզ պահել, մեր լեզուն ու մշակոյթը պահպանել: Անոր համաձայն, համացանցը հոյակապ միջոց է, սակայն պէտք է գիտնալ ինչպէ՛ս զայն ծառայեցնել մեր ինքնութեան պահպանման ու մեր դատի հետապնդման:

Իր խօսքը եզրափակելով` Ս. Խտըշեան ըսաւ. «Եղէք ամուր ձեր հայութեան մէջ, անզիջող` ձեր պահանջատիրութեան մէջ, աննահանջ` էիր պայքարին մէջ եւ ինքնավստահ շարունակեցէք մեր երթը, որ մեր երթն է, մեր պապերուն երազի երթն է դէպի հայրենիք»:

Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրինուհի քոյր Արմինէ Մարկարոսեանը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց օրուան բանախօսին, գնահատեց աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը եւ ջերմօրէն շնորհաւորեց վարժարանի Հայոց լեզուի ուսուցիչները, որոնք բծախնդրութեամբ կ՛ուսուցանեն մեսրոպեան լեզուն, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` թելադրեց անոնց մեսրոպաշունչ ոգիով լիցքաւորուած ընթանալ եւ նուաճել բարձունքներ:

Նախորդը

ՄԱՀԱԵՄ-ի Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի Գնահատանքի Երեկոյ

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնը Ազգային Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?