Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յառաջ» Օրաթերթի Ցուցահանդէս` Ի Յիշատակ Շաւարշ Եւ Արփիկ Միսաքեաններու

Յունուար 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ յունուար 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեաններուն նուիրուած ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ 150 իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ միաբանութեան վանահայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի: Ներկաները եկած էին մասնակցելու վանքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող Սուրբ Ծննդեան եւ ջրօրհնէքի արարողութիւններուն: Յետ ծիսակատարութեան, բոլոր մասնակիցները հրաւիրուեցան սեղանատուն` միասնաբար ճաշակելու կէսօրուան ճաշը:

Աւանդութեան համաձայն, տարին քանի մը անգամ տեղւոյն հայութիւնը քով-քովի կու գայ եւ կը նշէ Սուրբ Ծննդեան, Զատկուան եւ Վերափոխման տօները:

Ճաշի սեղանին, Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան խօսք առնելով, հայերէնով եւ իտալերէնով հակիրճ կերպով ներկայացուց Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեաններուն կեանքը, հետապնդած նպատակը, հայերէնի գործածութեան եւ փոխանցումին կարեւորութիւնը: Ճաշէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան ցուցասրահ, ուր Հայաստանի դեսպանին եւ աբբահօր ձեռամբ կտրուեցաւ ցուցասրահին ժապաւէնը:

Արփիկ Միսաքեան իր մահէն առաջ կապ հաստատած է Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանին հետ եւ անոր յանձնած` իր գրադարանը, գեղանկարչական եւ անձնական լուսանկարներու եւ տպագրական իրերու իր հաւաքածոները եւ զանազան գոյքերը` առանց իր պաշտօնական կտակին մասին խօսք ընելու: Արուեստագէտներու գեղանկարները (Գառզուի գծանկարները, Շարթի գունաւոր փորագրութիւնները…), ինչպէս նաեւ` պատմական դէմքերու, մտաւորականներու եւ գրողներու դիմանկարներու տպագրական կաղապարները, Ա. Միսաքեան տարիներու ընթացքին մշակել տուած էր` թերթին մէջ զանազան առիթներով տպագրելու նպատակով:

Ցուցադրուած նկարներուն մէջ առաջին հերթին աչքի կը զարնէր Բաբգէն Պոտոսեանի կողմէ նկարուած Շաւարշ Միսաքեանի իւղանկարը, որ անցեալին «Յառաջ»-ի խմբագրատան գրասենեակը զետեղուած էր եւ մշտապէս կը յիշեցնէր Շաւարշը` իբրեւ հիմնադիրը, խմբագիրը, մտաւորականը, հայրը: Տեղ գտած էր նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի կողմէ Արփիկ Միսաքեանին շնորհուած «Պատուոյ լեգէոնի ասպետ»-ի տիտղոսը` շրջանակուած: Յատկանշական էին նաեւ տարբեր լուսանկարները, որոնք կը պատկերէին կարտինալ Աղաջանեանի, Վազգէն Ա. վեհափառի, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Բաբկէն Արաքցեանի հետ անոր հանդիպումները…

Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Ղազարի վանքը իր թանգարանին մէջ ունի մեծ ցուցասրահ մը, ուր ներկայացուած են դարերու ընթացքին վանքի տպարանին տպագրական սարքերը եւ լոյս տեսած հրատարակութիւնները, աշխարհագրական քարտէսները: Արփիկ Միսաքեանի կտակածը կու գար հարստացնելու միաբանութեան ճոխ հաւաքածոն:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ելեկտրամագնիսական Ուժերու Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ» Նիւթով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?