Փասատինա
Կիրակի, 17 յունուարին Փասատինայի երեք հազար աթոռ ունեցող «Սիվիք» հանդիսասրահը փոքր եղաւ ՀՅԴ 125-րդ տարեդարձին ներկայ ըլլալու փափաքով ձեռնարկի վայր հասած բազմութեան:
Յայտագիրը սկսաւ Կարինէ Աւագեանի «Ա՜խ, Հայաստան» մեներգով, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի դրօշակներու խումբին մուտքը սրահ` նուագախումբին ընկերակցութեամբ:
Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու քայլերգները կատարուեցան «Լարք» երաժշտական միութեան աշակերտներուն, իսկ ՀՅԴ-ի քայլերգ «Մշակ բանուորը»` ՀԵԴ պատանեկան միութեան երգչախումբին կողմէ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միգանուշ Աճեմեան, իսկ երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գեւ Իսքաճեան: Օրուան պատգամները փոխանցեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ օրուան գլխաւոր բանախօսը` ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
ՀՅԴ-ի մասին իրենց տեսագրուած վկայութիւնները փոխանցեցին համայնքի հոգեւոր եւ ազգային գործիչներ, ինչպէս նաեւ` Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ երգիչ Յարութ Փամպուքճեան, որուն «Հեռացած ընկերներ» երգին հետ ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ կազմակերպութեան շարքայիններէն վերջին շրջանին մահացած ընկերները ներկայացնող տեսերիզ մը: Ներկայացուեցան նաեւ ՀՅԴ-ի զինանշանը բացատրող երեք տեսերիզներ:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը` ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, նաեւ Փայլա Գէորգեան` «Պատիւ ունեմ» երգով, Արմէն Մովսիսեան` «Յուսոյ առագաստ» երգով, Անտրէն` «Արցախի եարխուշտա»-ով, Թաթա Սիմոնեան` «Սարգիս Կուկունեան» երգով, Քրիստափոր Արապեան` յեղափոխական երգերով, իսկ Ազգային Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտական երգչախումբը` շարք մը հայրենասիրական երգերով:
Յայտագիրը աւարտեցաւ «Փիլիպոս»-ի աշակերտական երգչախումբին կատարողութեամբ «Արիւնոտ դրօշ» երգով, զոր յոտնկայս ունկնդրեց ժողովուրդը:
Սան Ֆրանսիսքօ
Նախաձեռնութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» եւ Սանթա Քլարայի «Սարդարապատ» կոմիտէներուն, ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ յունուար 16-ի երեկոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 400 հանդիսականներու:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներու դրօշակի արարողութեամբ ու շարունակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարողութեամբ, որուն յաջորդեց ՀՅԴ-ի քայլերգը` կատարողութեամբ ՀԵԴ-ի «Ռոստոմ» ուխտի անդամներու:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէներուն անունով եւ ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ եւ ձեռնհասօրէն յայտագիրը վարեց հանդիսավար Ռուբինա Գասպարեան, որ իր բացման խօսքին սկիզբը հատուած մը ներկայացուց դաշնակցական յայտնի գործիչ Վահան Փափազեանէն (Կոմս), որ ըսած է. «Տարիներ անընդհատ մեր կուսակցութիւնը քայլել է ժողովուրդի հետ, նրա տառապալի ու արիւնի ճանապարհովը, միշտ եւ ամէն տեղ, լայն ու նեղ օրերին, եւ այս միջոցին ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը ճանաչել են իրար, ինչպէս` ծնող եւ զաւակ»:
Ռ. Գասպարեան, շարունակելով իր խօսքը` նշեց, թէ 125-ամեայ կազմակերպութեան մը էութիւնը արտայայտելը անկասկած կը պարունակէ խտացումը ամբողջ դար մը եւ 25 տարիներու պատմութեան` իր յաղթանակներով եւ բազմաթիւ ցնցումներով: Դաշնակցութեան տօնակատարութիւնը ինքնաքննարկման, վերարժեւորման, հպարտութեան եւ յատկապէս հաշուետուութեան օր է, երբ կազմակերպութեան պատասխանատու ղեկավարներ կը ներկայացնեն իրենց գործունէութեանց ծրագիրները, մարտահրաւէրները եւ մանաւանդ ապագայի տեսլականը` միշտ նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդի բարօրութիւնը եւ հայրենիքի հզօրացումը:
Շրջանի պատկան մարմիններու եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու խօսքը ներկայացուց ՀԵԴ «Ռոստոմ» ուխտի անդամներէն Գրիգոր Անտոնեան: Ան, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Իւրաքանչիւր երիտասարդ դաշնակցական այս կառոյցին մէջ ընելիք ու տալիք աշխատանք ունի` նպատակակէտ ունենալով հայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութեան պահպանումը, վառ պահելով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը»:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան` 2015 տարեշրջանին մահացած ընկերներու մասին տեսերիզ մը: Նոյնպէս տեսերիզով ցուցադրուեցան դրուագներ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութենէն: Ապա օրուան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան:
Գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ դասական, ժողովրդական եւ ազգային երգերու համբաւաւոր երգիչ Գէորգ Հաճեան: Յայտագիրին ընթացքին եւ ապա` աւարտին, Գ. Հաճեան ներկայացուց օրուան պատշաճ ազգային ու յեղափոխական երգերու փունջ մը` թնդացնելով սրահը ու արժանանալով յոտնկայս ծափահարութիւններու:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Երեւան» պարախումբը` Մաունթըն Վիու շրջանէն, ներկայացնելով երկու հայկական պարեր` «Սասնայ պար» եւ «Դրօշ պար», պարուսոյց եւ ղեկավար Ֆլորա Բաղդասարեանի առաջնորդութեամբ: Աւարտին ելոյթ ունեցան նաեւ ՀԵԴ «Ռոստոմ» ուխտի անդամները` յեղափոխական երգերով:
55 Հայորդիներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն
23 յունուարին Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ 55 հայորդիներ ՀՅԴ ծրագիրին ու կանոնագիրին վրայ երդում կատարելով` միացան Դաշնակցութեան շարքերուն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յարութ Մկրտիչեան բացաւ երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ հրաւիրեց օրուան կնքահայրը` վաստակաւոր հասարակական գործիչ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Նշան Փիրումեանը, որ առնէ նորագիրներուն երդումը:
Նորագիրներուն երդումը առնելէ ետք Նշան Փիրումեան տուաւ իր պատգամը: Նկատել տալով, որ նորագիրներէն քսանը պիտի միանան ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան` Փիրումեան շեշտեց կարեւորութիւնը շրջանի տասնեակ հազարաւոր ուսանողները հայկական իրականութեան հետ հաղորդակից դարձնելու աշխատանքին:
Իր խօսքը ուղղելով նորագիր հայուհիներուն` Փիրումեան նշեց, որ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարիներէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումը հայ կինը միշտ մասնակից եղած է կուսակցական աշխատանքին: Սակայն սփիւռքի մէջ այդ աւանդութիւնը նահանջ արձանագրած է, եւ հայ կինը միշտ ուղղորդուած է ծառայելու Հայ օգնութեան միութեան մէջ, ուր ան հիանալի աշխատանք տարած է: «Ժամանա՛կն է, որ մեր կուսակցութեան մէջ մեծնան հայ կնոջ դերն ու մասնակցութիւնը», հաստատեց ան:
Ն. Փիրումեան նորագիրներուն փոխանցեց իր կազմակերպական հարուստ փորձէն բխած խորհուրդներ. «Շատ դիւրին է Դաշնակցութեան անդամակցիլը, շատ դժուա՛ր է Դաշնակցութեան մէջ մնալը», ըսաւ ան:
Կնքահօր պատգամէն ետք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ խօսք առաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, որ նորագիրներուն տուած երդման կարեւորութեան անդրադառնալով` ըսաւ. «Դուք հայրենիքի հողէն հեռու, սակայն նո՛յն կանչով, դուք 21-րդ դարու այս ապազգայնացնող ժխորին մէջ, սակայն նո՛յն հաւատքով, դուք աշխարհայնացման այս թոհ ու բոհին մէջ, սակայն նո՛յն կորովով, ըսի՛ք եւ եղա՛ք դաշնակցական. 21-րդ դարու գիտելիքներով, արհեստագիտութեամբ ու նորարարութիւններով օժտուած ձեր բազուկներուն իմաստ պիտի տաք եւ ձեր հոգիները պիտի հարստացնէք Դաշնակցական գործերով, բնականաբար` հարստացնելով նաեւ մեզ ու մեր վիթխարի կուսակցութիւնը նորանոր նուաճումներով, յաջողութիւններով ու իրագործումներով, մի՛շտ ունենալով իբրեւ նպատակ` ծառայել Հայաստանին` ի՛ր Արցախով: Մի՛շտ ունենալով բռնագրաւուած մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն վերադարձը իբրեւ կիզակէտ: Մի՛շտ մեզի պարտադրուած սփիւռքի կարիքներուն հասնիլը ունենալով իբրեւ անխնայ մտահոգութիւններու կեդրոն, ուր նահանջ արտօնելը պիտի նկատէք անսակարկելի եւ անշրջանցելի կարմիր գիծ»:
Ան կոչ ուղղեց ծառայելու տարբեր բնագաւառներու մէջ` առանց փոխադարձ սպասելու, որովհետեւ ստացուած հոգեկան բաւարարութիւնը եւ ամբողջական մարդ զգալու իրականութիւնը պիտի համակեն եւ նորանոր գագաթներու մղեն ու առաջնորդեն` դաշնակցականի երդման մէջ միշտ մնալով հաստատ ու անսասան: