Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ ուրբաթ, 15 յունուարին հոծ եւ միասնական ներկայութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը:
Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի կազմակերպած տօնակատարութեան ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան եւ դեսպանատան անձնակազմը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդի ներկայացուցիչ վարդապետ Գէորգ վրդ. Պահէեան, Դամասկոսի մէջ ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ Ազգային իշխանութեան եւ քոյր միութիւններու վարչութիւններու ներկայացուցիչներ:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով` կատարողութեամբ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտներու` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրօ Արմէնուհի Սիմոնեան-Բարսեղեանի:
Բեմավար Սոնա Անտէրեան-Քիւրտեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Խանդաղատանքի եւ հպարտութեան տօնն է 125-ամեակը ՀՅ Դաշնակցութեան: Այս ամեակը առիթ մըն է խոկալու կուսակցութեան մը մասին, որ սոսկ քաղաքական կուսակցութիւն չէ, այլ` առաքելութիւն, որ մէկ եւ քառորդ դար գաղափարական կուռ ոգիով տոգորուած` հայ ժողովուրդին դիմաց ցցուած ծանր ու դժխեմ պայմաններուն մէջ ապահոված է անոր արժանապատուութիւնը: 125 տարիներ առաջ հայոց պատմութեան ամէնէն դժնդակ ժամանակներուն հայ ժողովուրդին կարիքներէն ծնունդ առած Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ իր սեփական ժողովուրդին կոտտացող վէրքին բալասանը, անոր ազատութեան եւ անկախութեան ձգտումներուն արտայայտիչը, իսկ հետագային` հայ ազատագրական պայքարին ռահվիրան: 125 տարիներ շարունակ իր գաղափարին կառչած աներեր հաւատքով, տքնաջան եւ անխոնջ աշխատանքով գործեց անիկա` յանուն հայ ժողովուրդի լուսաշող ապագայի ապահովման, ամբողջական հայութեամբ ազատ, անկախ, ամբողջական հայրենիքի կերտման»:
Ապա արաբերէնով խօսք արտասանեց դոկտ. Նորա Արիսեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի կարեւորութեան, որովհետեւ անիկա կը փաստէ սուրիահայութեան տոկունութիւնը, եւ շեշտեց, որ սուրիահայ միութիւնները եւ հաստատութիւնները կը ձգտին պահպանել հայկական ինքնութիւնը եւ աւանդութիւնը` յատուկ կերպով անդրադառնալով երկխօսութեան, ազգային կամքի եւ սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկներուն մասնակցութեան կարեւորութեան:
Արիսեան նշեց, որ սուրիահայերը կը կիսեն սուրիացի եղբայրներուն հետ երկրի տառապանքը, որուն ընթացքին արձանագրուած են մեծաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ` աւելցնելով, թէ սուրիահայերը կ՛ենթարկուին տարբեր տեսակի վնասներու, մանաւանդ Հալէպի եւ Տէր Զօրի եկեղեցիները, որոնք փաստօրէն թիրախ դարձան թրքական բարբարոսութեան: Ան ըսաւ. «Սուրիահայերը կը հաւատան, որ Սուրիան պիտի մնայ խաղաղութեան, սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան երկիր, եւ այսօր այս մէկուն գրաւականը սուրիական ընկերութեան եւ բանակին վրայ է»:
«Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ միտքով. «Հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնած եւ յանուն հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի ընդհանրական շահերու հետապնդման իր լաւագոյնը զոհաբերած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորը»:
Ան անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն` նշելով, թէ այս պայմաններուն մէջ նիւթական վնասներու համընդհանուր հաշուարկ մը ընելը անկարելի է, բայց եւ այնպէս թիւերը երեւակայական են: Ան նշեց. «Սիրելինե՛ր, մեր հիմնական կորուստը կը կայանայ գաղութիս նօսրացման մէջ, հարիւրաւոր երիտասարդներ, տասնեակներով ընտանիքներ կը գաղթեն երկրէն: Այս դժուար պայմաններուն մէջ գաղութիս եւ համահայկական ուժերու կարողութիւնները բաւարար չեղան դիմագրաւելու դժուարութիւնները: Բայց եւ այնպէս գաղութին մէջ գործող համայնքներն ու կազմակերպութիւնները համախմբուեցան եւ սերտ համագործակցութեան ու առողջ մթնոլորտի երեւոյթ մը պարզուեցաւ: Դամասկոսի Շտապ օգնութեան միութեան (ԴՇՕՄ) հիմերը դրուեցան բոլորին մասնակցութեամբ` նպատակ ունենալով դամասկոսահայութեան օգնութեան հասնիլ, անոր կարիքները հոգալ, եւ այս իմաստով որոշ գործնական աշխատանքներ տարուեցան: Ներկայիս բոլորիս մտահոգութիւնն է մեր ազգային վարժարաններու եւ միութիւններու գոյատեւման երաշխիքներ ապահովելը»:
Ուրֆալեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այսօր մենք` իբրեւ սուրիացի քաղաքացիներ, քաջ կը գիտակցինք մեր պարտաւորութիւններուն ու պարտականութիւններուն եւ կը մերժենք այս բոլոր արարքները, զորս կը կատարուին Սուրիոյ պետականութիւնը եւ ամբողջականութիւնը հարուածելու միտումով: ՀՅԴ-ն իր բնոյթով կը մնայ նոյնը, բայց կը յարմարի կեանքին:
ՀՅԴ-ի ուժը իր համակիր շրջանակին մէջն է նաեւ: Իսկ դուք է՛ք սիրելինե՛րս, այս կազմակերպութեան ուժն ու կորովը եւ ներշնչարանը: Դաշնակցութիւնը ձեզմով կը զօրանայ եւ ձեզի կը ծառայէ: Փառք ու պատիւ ՀՅԴ-ին: Փառք ու պատիւ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան: Փառք ու պատիւ Սուրիոյ Հանրապետութեան: Կեցցէ՛ք սիրելի՛ դամասկոսահայեր: Կեցցէ՛ Հ Յ Դաշնակցութիւնը»:
Տօնակատարութեան իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, որ շեշտեց պատմականօրէն Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը, մանաւանդ ազատագրական պայքարի ժամանակաշրջանին, ապա Արցախի պատերազմի ժամանակ: Փոլատեան շնորհաւորեց Դաշնակցութեան 125-ամեակը եւ իր գնահատանքը յայտնեց «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին, որ այս դժուար պայմաններուն մէջ կազմակերպեց նման ձեռնարկ մը:
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանէն ժամանած ազգային գործիչ Վիգէն Աւագեան, որ իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ տողերով. «Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութեան հրաւիրուած որեւէ բանախօս, այս պահուս, դժուարութիւնը պիտի ունենար ընթացիկ պատգամ փոխանցելու հայորդիներու, որոնք չորս տարիէ կ՛ապրին արտակարգ պայմաններու մէջ, կը դիմագրաւեն տեսակաւոր դժուարութիւններ, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց հաւատքը, յոյսն ու կենսունակութիւնը: Այսօր միայն մենք չենք, որ պիտի պատգամենք ձեզի, այլ նաեւ դուք էք, որ հաւաքական տոկունութեան եւ դիմադրութեան դասեր պիտի փոխանցէք մեզի` որպէս Դաշնակցութեան շուրջ բոլորուած հաւատաւոր ազգայիններու: Այս տօնակատարութեան կազմակերպումը ինքնի՛ն, կը կարծենք, թէ այդ դասերէն մեծագոյնն է տագնապահար Դամասկոսէն ուղղուած համայն հայութեան: Արդարեւ, Սուրիոյ մեր գաղութը անցնող հինգ տարիներուն դարձաւ համահայկական ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ: Բոլորը մտահոգուեցան սուրիահայութեամբ: Բայց նաեւ բոլորը, հաւատացէք բոլորը, գօտեպնդուեցան սուրիահայութեան ցուցաբերած իրարօգնութեան ոգիով, պատնէշի վրայ մնալու յանձնառութեամբ եւ ամէն հարուածէ ետք վերականգնելու վճռակամութեամբ»:
Անդրադառնալով Դաշնակցութեան` բանախօսը ըսաւ, որ կուսակցութիւնը ունի պաշտամունք հայրենիքի եւ սէր ժողովուրդին հանդէպ, ունի պահանջը կայուն եւ ժողովրդավար պետականութեան, ձգտումը քաղաքական լիարժէք համակարգի կայացման: Ունի ընկերային արդար իրաւունքի ըմբռնումը ու մանաւանդ անոնց տէր կանգնելու հաստատ վճռակամութիւնը: Ունի իր հաւատարիմ ուխտապահներու բանակը, որ օժտուած է նոր մարտահրաւէրներ դիմաւորելու կարողութեամբ եւ կամեցողութեամբ:
«Ունի տակաւին իր նահատակները, հոյլը իր լուսապսակ զոհերուն, որոնց գործը կէս մնաց, եւ որոնց հաւատարիմ կտակարան է ինք: Ու վերջապէս ունի ներքին կարգապահութեան շեշտուած գիծ, գիտակցական պարտաճանաչութիւն, ընկերական սէր ու յարգանք: Գումարեցէք այս բոլորը, կ՛ունենաք Դաշնակցութիւնը: Ունեցէք այս բոլորը եւ կ՛ըլլաք Դաշնակցական»:
Աւագեան իր խօսքին աւարտին ըսաւ. «Դաշնակցութեան 125-ամեակի առթիւ արժանաւորապէս հիները ոգեկոչելով մենք կ՛ուզենք նաեւ անխառն յարգանքի մեր տուրքը մատուցել կուսակցութեան նորագոյն շրջանի նահատակներուն` անոնց, որոնք ինկան Հայ դատի զինեալ պայքարի բագինին, Արցախի ազատագրութեան կռիւներուն եւ Սուրիոյ հայութեան հաւաքական անվտանգութեան պահպանման ի խնդիր… Այս եւ նման տօնակատարութիւնները թող խթան ըլլան մեզի` հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ յաւելեալ պատասխանատուութեան ոգիով գործելու այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ, մինչեւ Դաշնակցութեան ազգային եւ քաղաքական դաւանանքին ամբողջական յաղթանակը, մինչեւ հայութեան հետ, հայութեան համար պայծառ ապագայի կերտումը: Կեցցե՛ն Հայաստանն ու հայութիւնը: Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը, եւ կեցցէք դուք, որ հաւատաւոր ուղեկիցներն էք Դաշնակցութեան երթին դէպի ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական, հզօր եւ բարգաւաճ Հայաստան»:
Դամասկոսի մէջ Դաշնակցութեան 125-ամեակի պատմական տօնակատարութիւնը փակուեցաւ աշակերտութեան կատարողութեամբ «Մշակ բանուոր» քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի օրհնութեան խօսքով: Ան ուրախութիւն յայտնեց ձեռնարկին ներկայ գտնուելուն եւ մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ու քաղաքական միտքի ու ազգային քաղաքականութեան կերտման մէջ իր աւանդը եւ ներդրումը ունեցող մեր աւանդական կուսակցութիւններէն Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան 125-ամեակը յարգելուն համար: Առաջնորդը մաղթեց, որ մեր գոյատեւման պայքարին մէջ լուռ չկենանք, այլ ունենանք մեր ըսելիքը բոլոր բնագաւառներու մէջ` եզրափակելով. «Կը շնորհաւորեմ ՀՅԴ-ի 125-ամեակը եւ կը յայտնեմ իմ գնահատանքս ու օրհնութիւնս Դամասկոսի «Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնի վարչականներուն, բոլոր երախտաւորներուն եւ մասնակիցներուն, որոնք այսօր ճոխացուցին այս փառապանծ յոբելեանը աւանդական մեր այս կուսակցութեան»:
Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին դաշնակցական դէմքերու պատգամներն ու Դաշնակցութեան պատմականը ներկայացնող տեսերիզ ցուցադրուեցաւ, իսկ տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին բարձրորակ արտասանութիւններով` Ռուզան Բենդեզեան-Սեւերեքլեան եւ Նանոր Շիրինեան-Մլքիկեան, իսկ երգերով` Սարին Քաթքլեան եւ Մեղրի Պետիրեան` Նարեկ Ապաճեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ: