Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Կաղանդի Գեղարուեստական Հանդէս Եւ Պարգեւատրում` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիգեանի

January 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Haratch1_122215

Երեքշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահը ժամադրավայր հանդիսացած էր հոծ բազմութեան մը` քաջալերելու Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտութեան պատրաստած Կաղանդի գեղարուեստական ներկայացումը, ինչպէս նաեւ` երախտագիտութիւն յայտնելու բազմավաստակ հոգեւոր հովիւ, վարժարանի նախկին տնօրէն, կրթական մշակ ու մնայուն բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիգեանին:

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, ներկայութեամբ գիւղի քահանայ հայրերուն, ազգային երեսփոխանին, Այնճարի քաղաքապետին, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, վարժարանիս խնամակալութեան, տնօրէնութեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, բարեկամներու ու ծնողներու` բացումը կատարուեցաւ սոյն տօնախմբութեան:

ԺԱ. դասարանէն Առուակ Շաննագեան աշակերտութեան անունով բարի գալուստի խօսք ուղղեց հանդիսականներուն` ըսելով, որ բազմադարեան պատմութեան մէջ նշուած աւանդական դրուագները ցոյց կու տան ժողովուրդի քաղաքակիրթ ու յարգալից վերաբերումը այս եւ մնացեալ տօներու նկատմամբ, ան ըսաւ. «Գոհունակ սրտով ցանկանք, որ նորանոր յոյսերը Նոր տարուան տօնածառի նման լուսաւորեն մեր միտքը, աշխուժութիւն սերմանեն, որպէսզի արդիւնաւորուին մեր կատարած բոլոր աշխատանքները»: Ապա ողջունելէ ետք Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիգեանը, բեմը յանձնեց օրուան հաղորդավարներուն` ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն Անի Գալոշեանին ու Կարէն Անտոնեանին, որոնք օրուան խորհուրդն ու հայոց աշխարհի Նոր տարուան գալուստը աւետող քաղուածքներով ճոխացուցին յայտագիրը:

Haratch2_122215

Haratch4_122215

Haratch6_122215

Աշակերտական հինգ պարախումբեր (գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Ժիրայր Քէչէճեան) յաջորդաբար բեմ բարձրացան. նախակրթարանի Ա.-Բ. եւ Գ.-Դ. դասարաններու պարախումբերը ներկայացուցին «Կինտոներ» եւ «Ան Նատտա» պարերը, որոնցմէ ետք հայկական ժողովրդական պարով ելոյթ ունեցաւ Ե.-Զ. դասարաններու պարախումբը, ապա միջնակարգի ու երկրորդականի պարախումբերը ներկայացուցին արաբական ժողովրդական պար մը:

Այնուհետեւ Ա.-Բ.-Գ. դասարաններու երգչախումբը, խմբավարութեամբ Նայիրի Հապէշեանի, ելոյթ ունեցաւ «ալօ, ալօ, Ձմեռ պապի» եւ «Երգ Նոր տարուան» կատարումներով:

Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ Կաղանդի այս հանդէսը համարեց վարժարանին կողմէ տօնական նուէր մը գիւղի բնակչութեան` յայտնելով, թէ անիկա արուեստի ճամբով քիչ մը խնդութիւն ու ժպիտ, ինչպէս նաեւ շրջապատող անկայունութեանց դիմաց` քիչ մը համարձակ պատասխան տալ կը միտի:

Տնօրէնը վեր առաւ անցնող տարուան պատմական նշանակութիւնը` յիշեցնելով, թէ պահանջատիրական նոր հանգրուանի մը համար կատարուած ուխտը «կը կրէ կտակը նահատակներուն, աւանդը հերոսամարտին եւ տաք շունչը` վերապրումի ասպետական սերունդին»:

Հաւաքին սրբազան հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը գօտեպնդիչ գտնելով` ան սոյն հանդէսը արժանավայել պահ մը համարեց պատուելու վերապրումի ասպետական սերունդին մէկ ներկայացուցիչը` բազմավաստակ հոգեւոր հովիւ, վարժարանի նախկին տնօրէն, յանձնառու բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիգեանը:

Այնուհետեւ, տնօրէն Արմէն Թաշճեան բոլորին անունով տէր հօր մասին երախտապարտ վկայութիւն մը ներկայացուց. «Տէր հայրը եղաւ այն արի հովիւը, որ իր անդուլ աշխատանքով ու տեսլականով իր շուրջը համակեց վերանորոգ թափով: Այս վերանորոգ թափն էր, որ մղեց մուսալեռցին Այնճարին տանտէրը ըլլալու հաստատակամութեան: Այս վերանորոգ թափն էր, որ տէր հօր միջոցով ազգային վարժարանը միջնակարգ ուսման անցնելու իր քայլափոխը կատարեց եւ գիւղի գագաթին կառուցուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցին»:

Տնօրէնը հաստատեց, որ տէր Նարեկը հոգեւոր հովիւի, կրթական մշակի եւ այնուհետեւ յանձնառու բարերարի իր եռեակ դերակատարումները վերածած է առաքելութեան ու կեանքի իմաստի, նոյնանալով Հայ եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանի կառոյցներուն հետ` իբրեւ ամրացնող շաղախ ու սննդարար երակ:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնը բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրն ու տէր Նարեկը, որ պարգեւատրուեցաւ վարժարանի երախտագիտութիւնը արտայայտող յուշանուէրով մը` ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր: Այնուհետեւ վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Սեդրակ Հաւաթեանի եւ տնօրէն Արմէն Թաշճեանի ձեռամբ տէր հօր յանձնուեցան նաեւ անցնող սեպտեմբերին վարժարանին կազմակերպած 100-ամեակի ձեռնարկին սփիւռքի նախարարութեան շնորհած «Մայրենիի դեսպան» մետալն ու համապատասխան վկայագիրը:

Տէր Նարեկը, իր կարգին, յուզումով ու քաղցր յիշատակներով արտասանեց իր սրտի խօսքը. հիացած ըլլալով օրուան հանդիսութեան ճոխութենէն` ըսաւ, թէ այս հանդիպումը զինք կը փոխադրէ աւելի քան յիսուն տարի ետ, երբ վարժարանը իր համեստ պայմաններուն մէջ կը յիշէր Նոր տարուան գալուստն ու Յիսուսի ծննդեան աւետումը: Ան ըսաւ. «Վաստակաշատ բոլոր նուիրեալներուն կատարած աշխատանքին հունձքը կը քաղենք այսօր»: Եւ ան հաւաստիացուց. «Կ՛ուխտեմ կեանքիս մինչեւ վերջին օրը այս սքանչելի վարժարանը պահել իմ աչքիս լոյսին պէս, այն, ինչ որ կատարած եմ ես, ուխտաւորի հաւատքէս թելադրուած ըրած եմ. պարտք էր կատարել այդ բոլորը»: Ես բախտաւոր էի, որ Աստուած ինծի շնորհեց քահանայի կարգը, որուն միջոցով իրագործուեցան համայնական նպատակներ»:

Haratch3_122215

Այնուհետեւ շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը. նախակրթարանի Դ.-Ե.-Զ. դասարաններու երգչախումբը բեմ բարձրացաւ ու «Մելոտիան» նուագախումբին ընկերակցութեամբ ներկայացուց «Նոր տարուան հանդէս», «A la Nanita Carol of the bells», «Go, tell it on the mountain» եւ «Մենք ուզում ենք խաղաղութիւն» երգերը:

Haratch5_122215

«Տաւիղ» նազպարին յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Կաղանդ պապուկին այցը հայկական բանակի սահմանապահ միաւորներուն: Աւարտին «Չի կարելի» պարի տօնական ու ճոխ շարժուձեւերով բեմ բարձրացան պարախումբի բոլոր աշակերտները, որոնք խանդավառեցին ներկաները:

Առաջնորդ սրբազան հայրը օրուան հանդիսութիւնը որակեց իբրեւ «տպաւորիչ զօրահանդէս», նաեւ իր բարեմաղթութիւններուն մէջ հանդիսականներուն տուաւ պատգամը համախումբ մնալու, ինչպէս նաեւ` խաղաղ ու սիրով պարուրուած տարի մը դիմաւորելու: Ան շնորհաւորեց տէր Նարեկը եւ վարժարանի իւրաքանչիւր միաւոր, որ իր անսակարկ նուիրումով կը ծառայէ գեղեցիկ նպատակներու իրագործումին ի խնդիր:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ:

Նախորդը

Ճաշ` Անտունիներուն

Յաջորդը

Նոր Տարին Բերէ՛ Բարին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.