Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդ. «Ցեղասպանութիւն. 100-Ամեակ»

Փետրուար 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

TCD15-(87)

Ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդին կազմակերպած «Ցեղասպանութիւն. 100-ամեակ» խորագիրը կրող ձեռնարկը` հովանաւորոթեամբ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Զարթօնք» օրաթերթին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Ասիլեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքը նպատակ կը հետապնդէ ոչ միայն արժեւորում կատարել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գործունէութիւններուն, այլեւ արծարծել  «100-ամեակէն յետոյ ի՞նչ» հարցադրումը:

Ապա ներկաները դիտեցին եւ ունկնդրեցին  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի արտասանած խօսքը` նոյն հաւաքին առիթով: Նախարարը ըսաւ. «Հայոց պատմութեան հոլովոյթին մէջ յաւերժ կը մնայ 2015 տարին, որուն ընթացքին մենք կրցանք աշխարհին ցոյց տալ , թէ ո՛վ է հայը. ի՛նչ է Հայ դատը, որքա՜ն երախտապարտ ու շնորհակալ է հայ ժողովուրդը, եւ ի՞նչ կը պահանջէ մարդկութենէն, աշխարհէն եւ Թուրքիայէն»:

Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Ան  հրաւիրեց ներկաները անդրադառնալու օրակարգի առաջին կէտին, որ էր քննական արժեւորում Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Այս օրակարգով զեկուցեցին Սեդա Խտըշեան եւ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Սեդա Խտըշեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին իրականացուցած ծրագիրները չէին փառասիրեր քաղաքական նուաճումներ արձանագրել, եւ ոչ ալ պետական մակարդակով կամ գիտական ուսումնասիրութիւններով Հայոց ցեղասպանութեան դատական, իրաւական առաջարկութիւններու ձեւակերպում մը բանաձեւել: Մարմինը կեդրոնացած էր  առաւելաբար ժողովրդային մակարդակով կազմակերպուելիք նշումներուն վրայ, որոնք անպայմանօրէն կը ձգտէին քարոզչական անդրադարձ ունենալ` հասնելով լիբանանեան եւ միջազգային հասարակութեան: Հիմնական կիզակէտը կը մնար միշտ նորահաս սերունդին մէջ ամրագրելու անժամանցելիութիւնը ազգային պահանջատիրութեան` յանձնառու դարձնելով զիրենք ազգային դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան արդար իրաւունքներու պահանջատիրութեան գործընթացին:

Ռաֆայէլ Ումուտեան ըսաւ, թէ ձեռնարկները հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ յառաջացուցին նոր ազդակներ, որոնք զարթօնք եւ Արարատը նուաճելու կամքի վերահաստատում` գործակցութեան եւ համերաշխութեան ոգիով ամրացած: Իսկ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի ձեռնարկներուն նուիրուած «Զարթօնք»-ի յաւելուածը: Ան ըսաւ, որ լոյս տեսած յաւելուածը փորձ մըն է անցնող տարուան 36 ձեռնարկներու հաղորդագրութիւններն ու թղթակցութիւնները համատեղելու:

Դադարէ մը ետք ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի ներկայացուցիչ Ալպեր Կոստանեան, որ կարդաց նախարար Ռամզի Ժրէյժին շնորհաւորագիրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, որմէ ետք պատուոյ գիր մը յանձնեց տարուած բեղուն աշխատանքին համար: Ապա Յակոբ Գասարճեան, Միքայէլ Վահրիճեան եւ Արտեմ Պիւլպիւլեան երախտագրեր յանձնեցին 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամներուն:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան նաեւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան եւ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որոնք ներկայացուցին «100-ամեակէն ետք ի՞նչ. հայկական օրակարգը յաջորդ հանգրուանին» նիւթը: Հայր Անդրանիկ Կռանեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ գալիք տասնամեակներուն սերունդները հայ պահպանելը աւելի արթուն աշխատանք պիտի պահանջէ սփիւռքահայութենէն: Իսկ Հայաստան-սփիւռք միասնաբար եւ համատեղ աշխատանքով հետապնդել եւ Հայ դատին միջազգային տարազ եւ բանաձեւում տալ, որպէսզի միաձեւ ու ամբողջական պահանջ մը ներկայացուի ՄԱԿԻ-ն:

Իսկ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հայութիւնը 100-ամեակէն դէպի կայուն ապագայ փոխադրելու նպատակով ներկայացուց համահայկական առաջադրանքներ եւ հրամայականներ, որոնց կիզակէտը կը դառնայ հայ անհատը, հայ ինքնութեան հարցերը, հայկական միասնականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  զարգացումը, Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան նիւթի հետապնդումը եւ Հայ դատը, Հայաստան-սփիւռք կապերը, սփիւռքի հաստատութիւներու կայունութիւնը եւ ապագայ հայկական հաղորդական կալուածի առաքելութեան ռազմավարական մօտեցումը, վերլուծումի, ուսումնասիրական եւ զարգացման տեսիլք մշակող հաստատութիւններու մղում տալը:

Օրակարգի այս բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին նոր սերունդի ներկայացուցիչներ` Արին Ղազարեան, Մարիա Չոքաքլեան եւ Արամ Գարատաղլեան:

Ձեռնարկին ընթացքին յատուկ շնորհաւորագիրներով պարգեւատրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինի անդամները:

Ձեռնարկին փակումը կատարեց Անդրանիկ Տագէսեան:

Նախորդը

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքան «Պեռնարտա Ալպայի Տունը» Եւ Մենք

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?