Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 125-Ամեակ Կիպրոսի Մէջ

Դեկտեմբեր 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

gibros-(4)_112815

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կիպրոսի մէջ` ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 նոյեմբերին, Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի եւ նախագահութիւնը` կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի: Ներկայ էին նաեւ պաշտօնական հիւրեր, որոնք կը ներկայացնէին` համայնքի Ազգային իշխանութիւնը, կրթական հաստատութիւնները, կուսակցութիւններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ` երկու հարիւր ազգայիններ:

gibros-(2)_112815

ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգէն ետք գործադրուած յայտագիրը կ՛ընդգրկէր բացման խօսք` հանդիսավար Վարդուկ Սարգսեանի կողմէ, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի խօսքը եւ բանախօսութիւն` օրուան պատգամախօս Արթուր Աղաբեկեանի կողմէ:

gibros-(3)_112815

Ա. Աղաբեկեան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան օրուան նշումը հաշուետուութիւն կ՛ենթադրէ ժողովուրդին եւ խղճին առջեւ: Ան անդրադարձաւ 125-ամեայ կուսակցութեան պատմականին, Հայաստանի ու Արցախի մէջ անոր ծաւալած գործունէութեան, քաղաքական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու մէջ անոր ունեցած ներդրումին: «Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումն ու ամրապնդումը մեր գերխնդիրն է: Հայկական հզօր պետականութիւնը միակ միջոցն է հայ ժողովրդի անվտանգ գոյութեան, զարգացման եւ ազգային երազների իրականացման համար», հաստատեց Ա. Աղաբեկեան: Անոր համաձայն, Արցախի ազատագրումը Դաշնակցութեան համար եղել եւ մնում է Հայ դատի` ամբողջական հայութեամբ,  ամբողջական Հայաստանի կերտման անբաժան մասնիկը, «այլ կերպ ասած` Արցախը Հայ դատի փորձաքարն է»:

Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետը հաստատեց, որ Դաշնակցութեան մէկ անբաժանելի մասն է յեղափոխականութիւնը, որ ինքնանպատակ չէ, այլ պայքարի ձեւ: «Սակայն եղել են շրջաններ, որ ՀՅԴ-ն եղել է բարեփոխիչ ու խաղաղ կազմակերպութիւն: Շատերը այս կերպարանափոխութիւնը փորձում են որակել որպէս անսկզբունքայնութիւն, մինչդեռ մենք ուժեղ ենք եւ ազատ ամէն կարգի նախապաշարումներից», ըսաւ ան:

Ա. Աղաբեկեան լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ գոյութեան եւ գործին համայն հայութեան օժանդակութեան եւ ներդրումի կարեւորութիւնը:

gibros-(1)_112815

Յայտագրի գեղարուեստական բաժինը կը ներառէր պար, «Նանոր» պատանեկան պարախումբի եւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի կատարողութեամբ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական երգեր` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբին մասնակցութեամբ:

Յայտագիրը փակուեցաւ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի օրհնութեան խօսքով եւ Պահպանիչով, իսկ երեկոն շարունակուեցաւ ճաշկերոյթ – խրախճանքով, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ, որուն ընթացքին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Յովիկ Մանուշեան:

Նախորդը

Շուէտի Հայ Գաղութը

Յաջորդը

Հոլանտա. Արժանապատիւ Հանդիսութիւն` Դաշնակցութեան Մէկ Ու Քառորդ Դարու Տարեդարձին Առիթով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?