Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանը Հիւրընկալեց Բրիտանացի-Լիբանանցի Առեւտրականներու Համախմբումը

February 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_3358

Դոկտ. Հայտոսթեանի Դասախօսութիւնը
«Հայերուն Բերած Նպաստը Լիբանանին.
Մարտահրաւէրներ Եւ Դասեր» Նիւթով

Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց լիբանանցի-բրիտանացի առեւտրականներու մէկ համախմբումը` Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ ներկայացնելով «Հայերուն բերած նպաստը Լիբանանին. մարտահրաւէրներ եւ դասեր» խորագրեալ նիւթով դասախօսութիւն մը, ուր հանդէս եկաւ համալսարանին նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

Համախմբումին նախագահ Կրահամ Պոլ նախ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունելով մեծաթիւ լիբանանցի եւ բրիտանացի ակադեմական մասնագէտներու եւ գործարարներու ներկայութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի ազնիւ կեցուածքին համար, որ կը հիւրընկալէր 2016-ի իրենց տարեկան անդրանիկ հանդիպում-հանդիսութիւնը:

Իր ոգեշնչող ուղերձին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բացատրեց բոլոր լիբանանահայերու զօրաւոր կապուածութիւնն ու կառչածութիւնը Լիբանանին, վեր առաւ լիբանանահայ համայնքին եզակի ու իւրօրինակ յատկանիշերը:

Խօսելով լիբանանահայերուն բերած նպաստին մասին` դոկտ. Հայտոսթեան յաւելեալ տեղեկութիւններով լոյս սփռեց լիբանանահայերու պատմական յարաբերութիւններուն եւ գոյառման վրայ տարածաշրջանէն ներս, սկսեալ Մեծն Տիգրան թագաւորի օրերէն` Ք. Ա. 1 թուականէն, մինչեւ դէպի Սուրբ Վայրեր առաջին հայերու ուխտագնացութեան տարիները` քրիստոնէական կրօնի տարածման վաղ ժամանակներուն, մինչեւ հայ կաթողիկէներու հաստատուիլն ու ներկայութիւնը Քեսրուանի շրջան եւ հիմնադրութիւնը Զմմառու վանքին` 1771-ին, եւ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին հայերու զանգուածային բռնի տեղահանութեան ու տարագրութեան տարիները…:

DSC_3325

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան նաեւ ներկայացուց Հայկազեան համալսարանին յաջողութիւն արձանագրած պատմութիւնը` սփիւռքի տարածքին իբրեւ միակ հայկական սեփականութիւն վայելող կրթական բարձրագոյն կառոյց կամ համալսարան, վեր առնելով անոր 60 տարիներու խաղաղանպատակ դերակատարութիւնը, յատկապէս պատրաստելով ու դաստիարակելով Լիբանանի երիտասարդութեան ապագան համերաշխական մթնոլորտի մէջ: Այս առումով, դոկտ. Հայտոսթեան բերաւ օրինակ «Rocket Society»-ի  («Հրթիռի ընկերակցութիւն») հիմնումին` Հայկազեան յատենի ուսողութեան դասախօս Մանուկ Մանուկեանի կողմէ, վաղ 1960-ականներուն, որ հետագային աւելի զարգացաւ ու դարձաւ ազգային ծրագիր մը` կոչուելով «Լիբանանի հրթիռի ընկերակցութիւն»:

Դոկտ. Հայտոսթեան ներկայացուց օրինակը անուանի հոգեբուժ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանի, որ նշանակուեցաւ առաջին լիբանանցի տնօրէն` մտային ու հոգեկան խանգարում ունեցողներու բուժման ապաստարանի («Ասֆուրիյէ»): Ան նաեւ յիշեցուց անունները երկու նշանաւոր ճարտարապետներու` Յարութիւն Գալայեանի, որ փորձագէտ-մասնագէտ ծանօթ անուն մըն է Պաալպեքի եւ Այնճարի հին աւերակներու վերականգնման աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Մարտիրոս Ալթունեանի, որ ճարտարապետն է Լիբանանի խորհրդարանի շէնքին շինութեան` 1931-ին:

Այնուհետեւ, հարցադրում-պատասխան նիստերէ ետք, եւ մինչ կը պատրաստուէր ընդունելութիւն-քոքթէյլը, հիւրերը շարունակեցին իրենց զրոյց-քննարկումները` ունկնդրելով Հայկազեանի ուսանողներուն կողմ ներկայացուած գեղեցիկ երաժշտութիւն:

 

Նախորդը

Ալեքս Պուտագեան Կ՛արժանանայ Պրիթիշ Քաունսըլի Երկրորդ Մրցանակին

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի Մասնակցութիւնը Օքսֆորտի Հայագիտական Ամպիոնի Կազմակերպած Համագումարին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.