Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Վարդանանաց Ճակատամարտի Տօնախմբութիւն

Փետրուար 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

           Khatch_021616

«Աւարայրի դաշտը ներկեց արիւնդ,
Անմահ Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան»

Այս եւ նման վարդանաշունչ երգերով սկսաւ չորեքշաբթի, 3 փետրուարի օրը Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ: Առաւօտուն Ս. պատարագ մատուցեց Վարդան վրդ. Գազանճեանը, որ իր քարոզին մէջ աշակերտներուն փոխանցեց անմահ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի անժամանցելի պատգամը` ուղղուած բոլոր ժամանակներու հայութեան:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց 3 փետրուար 2016-ին, ներկայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ օրուան պատգամախօս Սարգիս Նաճարեանի:

Բացման խօսքը կատարեց 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան, որ ըսաւ, թէ Աւարայրի ճակատամարտը կը մարմնացնէ գաղափարական մը եւ կը թարգմանէ ազնուական ձգտում մը: Ան նշեց, թէ հայոց փոքր ազգը ուզեց իրականացնել մեծ երազ մը` հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան երազը, ազգի ու լեզուի գոյատեւման երազը, մեր հոգեղէն գոյութեան երազը: Կանիմեան նշեց, թէ Վարդանի եւ իր ընկերներուն հաւատքի ջահով լուսաւորուեցան անոնց ժառանգորդները, որոնք ազատութեան երկինքներ բացին մեր դիմաց` կերտելով Սարդարապատը, ստեղծելով Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ ազատագրելով Արցախը:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտութեան ներկայացումով: Անոնք արտասանութեամբ եւ երգով մասնակցութիւն բերին այս տօնակատարութեան: Ա. եւ Բ. դասարանները յաջորդաբար կատարեցին «Ուխտ Վարդանանց» եւ «Վարդանանք» ասմունքները, որմէ ետք 5-րդ դասարանի աշակերտները երգեցին «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» եւ «Գողթնի քնարք» երգերը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ խմբագիր, լրագրող եւ մտաւորական Սարգիս Նաճարեանը: Ան ըսաւ, թէ Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ» քայլերգին մէջ խտացուած կը գտնէ Վարդանանաց ճակատամարտի ամբողջ խորհուրդը, երբ իրապէս «խենթ»-եր էին մեր հայազգի ինքնուրոյն գոյութեան ու գոյատեւման ճար ու հնար գտնողները: Այդ ճարն ու հնարը անոնց նահատակութիւնն էր, որպէսզի ազգը կանգուն մնայ ու գոյատեւէ, ըսաւ Ս. Նաճարեան աւելցնելով, որ այդ նահատակները հայրենասիրութեան, ազատասիրութեան, կրօնասիրութեան, ազգային ինքնուրոյնութեան պաշտպանութեան սրբազան «խենթ»-եր էին, որոնք մեռան, որպէսզի մենք ապրինք ինքնուրոյն դիմագիծով:

Ս. Նաճարեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ սփիւռքահայութեան կեանքը այսօր ալ Աւարայր մըն է, հետեւաբար մենք զօրակոչուած ենք հակազդելու մեր ազգային դիմագիծէն, լեզուէն, աւանդութիւններէն, ցեղային յատկանիշներէն ու մշակոյթէն հեռացնող ազդեցութիւններուն, օտարամոլ բարքերուն եւ արդիականութեան պիտակին տակ ներկայացող այլասերող երեւոյթներուն:

4-րդ դասարանի աշակերտները խմբային արտասանութեամբ ներկայացուցին «Խորհուրդ Վարդանանց»-ը: Այնուհետեւ 3-րդ դասարանէն Սերժիօ Հայրանեանի եւ Մարտիկ Դանիէլեանի կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն մը` որդիի ու հօր միջեւ, որով վերջինս կը յորդորէր իր զաւակը ըլլալու արի Վարդան մը:

Յայտագիրը աւարտին հասաւ Մերի Ճուրեանի, Սերժիօ Ահարոնեանի եւ Նարեկ Նագգաշեանի «Զինուորի երգ»-ի կատարումով` ընկերակցութեամբ վարժարանի երգչախումբին:

Հանդիսութեան աւարտին տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ Աւարայրի ճակատամարտէն 1565 տարիներ ետք մենք այսօր կը տօնենք պարտութիւն մը, որ ինքնին յաղթանակ մըն է, որ կ՛ապացուցուի մեր գոյութեամբ, հայկական դպրոցներու եւ հայոց լեզուի գոյութեամբ: Ան իր խօսքը փակելով ըսաւ, թէ Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը յաւերժացնելու միակ ձեւն է հայոց լեզուին ու մշակոյթին տէր ըլլալն ու հայօրէն ապրիլը` այդպիսով քալելով Վարդաններու ճամբէն:

 

Նախորդը

Վարդանանց Զօրավարաց Խորհուրդի Ապրումը Սբ. Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?