Օքսֆորտ համալսարանի եւ Պրիթիշ Քաունսըլի համատեղ կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ֆրանսախօս վարժարաններու ուղղագրական, բանաւոր եւ գրաւոր հարցաշարքերուն պատասխանելով` լիբանանահայ Ալեքս Պուտագեան հանդիսացած է երկրորդ մրցանակակիր:
Պուտագեան ուշադրութիւն գրաւած է պատանեկան տարիքի դասակարգումին մէջ իր գրելաձեւի հմտութեամբ, շարադրութեան մէջ անգլերէն լեզուի տիրապետութեամբ եւ այդ բոլորով ալ արժանացած դատական կազմին կողմէ ճշդուած երկրորդ մրցանակին: