Գաղութային

ՀՅԴ 125-Ամեակը Ֆրեզնոյի Մէջ

ՀՅԴ 125-Ամեակը Ֆրեզնոյի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին եւ յարաբերական յանձնախումբին, կիրակի, 28 փետրուարին Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութիւնը: Մինչ այդ Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ՀՕՄ-ի եւ ՀՅԴ-ի ննջեցեալներու հոգիներուն համար: 125-ամեակի տօնակատարութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ. Հայկօ Օհաննէսեան մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները: Հանդիսավարը` Լեւոն...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Նոր Ձայն» Համերգ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Նոր Ձայն» Համերգ

Էն. Տի. Եու. համալսարանի եւ «Լիպանիզ միուզիք սքուլ» երաժշտական դպրոցին կողմէ կազմակերպուած, «Նոր ձայն» խորագիրը կրող եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Նարէին համերգը տեղի ունեցաւ 3 մարտ 2016-ին: Ներկայ էին հայ եւ օտար արուեստասէրներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ Դաւիթ Միրզախանեանն ու Վլադիմիր Պօղոսեանը: «Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի սան Նարէն  համերգի  առաջին բաժինով ներկայացուց Ալեքսանտրօ Սքարլաթի, Քալտարայի, Հենտըլի, Փերկոլոզիի, Պլիւքի Փայիզելոյի...

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը 100 Հազար Տոլար Հանգանակած Է Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը 100 Հազար Տոլար Հանգանակած Է Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը կը տեղեկացնէ, որ նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին իրականացուած դրամահաւաքի շարք մը նախաձեռնութիւններու շնորհիւ կարելի եղած է աւելի քան 100 հազար տոլար հանգանակել ի նպաստ սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն: Վերջերս այդ գումարէն 44 հազար տոլար փոխանցուած է «Սուրիահայ ընտանիք մը հովանաւորէ» ծրագիրին, որ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած էր 2013-ին` տարրական օգնութիւն հասցնելու համար կարիքաւոր ընտանիքներու: Այդ ծրագիրին...

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Մշակութային Վարչութեան Կազմակերպութեամբ Ժազի Ելոյթ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի մէջ մշակութային կեդրոնին հետ  համագործակցաբար, ուրբաթ, 26  փետրուար 2016-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ ներկայութիւն Լիբանանի մէջ Իտալիոյ  եւ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր բազմութեան տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելեան երկխօսութիւններ»  խորագիրը կրող երաժշտական երեկոյ մը: ՀԵԸ-ի Մշակութային մարմինի անդամ Վազգէն   Մուղալեան եւ Իտալական դեսպանատան մշակութային կցորդ, Մշակութային կեդրոնի  տնօրէն Էտուարտօ Քրիզաֆուլլի  շեշտեցին    իտալական...

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի Հայօճախը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի Հայօճախը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

  Հինգշաբթի, 18 փետրուար 2016-ին տեղի ունեցաւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի հայօճախը» գիրքին շնորհահանդէսը Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ լիբանանահայ մտաւորականներու, կրթական մշակներու, մամուլի ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու: Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Ժիրայր Դանիէլեան Շաղիկ Խիւտաւերտեան Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտաւերտեան, որ համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց դոկտ. Տագէսեանին կենսագրութիւնը, խմբագրած գիրքերէն քանի մը հատը եւ ընդգծեց անոր դերակատարութիւնը`  գիտամշակութային...

Նիւ Եորքի Համազգայինի Մանկապատանեկան «Ծիրանի» Երգչախումբը

Նիւ Եորքի Համազգայինի Մանկապատանեկան «Ծիրանի» Երգչախումբը

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Նիւ Եորքի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս հիմնադրուեց մանկապատանեկան «Ծիրանի» երգչախումբը, որի բուն հովանաւորն է հանդիսանում տեղիս ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէն, համագործակցութեամբ Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ եւ Ս. Սարգիս առաքելական զոյգ եկեղեցիների: Ինչպէս դարերի ու տարիների ընթացքում, այսօր եւս, նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ սփիւռքում ապրող հայ ժողովրդի գոյատեւման պայքարը, կենցաղային ու միջավայրի խոչընդոտները գնալով...

Փետրուար Ամսուան Գործունէութիւնները.  Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Փետրուար Ամսուան Գործունէութիւնները. Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

ԼԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ  Փետրուար ամսուան գործունէութիւնները Ազգային Աբգարեան վարժարանէն ներս այլազան եւ ճոխ ընթացք մը ունեցան այս տարեշրջանին: Առաջինը Վարդանանց ճակատամարտի նշումն էր հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, ատենամարզանքի կոկիկ յայտագրի մը ընդմէջէն, որ յաւուր պատշաճի կատարուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ առիթ եղաւ, որ աշակերտները աւելի լաւ հասկնան Վարդանանց խորհուրդը` «Վասն կրօնի, վասն հայրենեացը»: Կարդացուեցաւ Վարդան Մամիկոնեանի ճառէն հատուած մը, Վարդանանցի...

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

Յաւիտենական Հայաստան. Մեծ Դէմքեր (Arménie Eternelle Grandes Figures) Հեղինակներ` Հրայր Հրաչեան Եւ Արա Գրիգորեան

Յ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ Ընթացիկ տարուան յունուար 13-ին Փարիզի Բարեգործականի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յաւիտենական Հայաստան» գիրքին շնորհահանդէսը` փարիզաբնակ հայերու ընտրանիի մը ներկայութեան: Երեկոյթը պիտի սկսէր գիշերուան ժամը 9:00-ին, ժամանակէն առաջ սրահը լեցուած էր ընթերցասէրներով, որոնք անհամբեր կը սպասէին լսելու, հաղորդուելու «Յաւիտենական Հայաստան»-ին հետ: Բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Արա Գրիգորեան` հմուտ մտաւորական եւ հայագիտական հարցերու մասնագէտ: Քանի մը տարի առաջ, երբ...

«Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի  Աշակերտութեան Իր Ուղղած Պատգամին Մէջ`.  Ազգը Պահպանելու Գլխաւոր  Միջոցը Լեզուն Պահպանելն Է  Կը Հաստատէ Յովիկ Պերթիզլեան

«Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Իր Ուղղած Պատգամին Մէջ`. Ազգը Պահպանելու Գլխաւոր Միջոցը Լեզուն Պահպանելն Է Կը Հաստատէ Յովիկ Պերթիզլեան

«Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը` 21 փետրուարը, վեցերորդ տարին ըլլալով, արժանավայել շուքով նշուեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին կողմէ: Այս առիթով տեղի ունեցաւ աշակերտական յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, հայագէտ եւ լեզուագէտ Յովիկ Պերթիզլեան: Հանդիսութիւնը կանխեց ամսուան մը վրայ երկարած հայագիտական մրցանքներու շարք մը, ուր քոլեճին աշակերտները, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններով,...

Վարդանանց Հերոսամարտի  Տօնակատարութիւն ՀԲԸՄ Պօղոս  Գ. Կարմիրեան  Վարժարանին Մէջ

Վարդանանց Հերոսամարտի Տօնակատարութիւն ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

Աւարայրի հերոսամարտը մեր ոգեղէն  գոյութեան, հայ  ժողովուրդին աննկուն կամքին եւ անընկճելի հաւատքին փաստն  է: Այս հաւատքով  ոգեւորուած  հինգշաբթի, 11 փետրուար 2016-ին, Պօղոս Գ. Կարմիրեան  վարժարանի  աշակերտները  արժանաւոր կերպով նշեցին Սրբոց Վարդանանց տօնը: Օրուան բանախօսն էր Սարգիս քհնյ.  Սարգիսեանը, որ հակիրճ ձեւով տուաւ օրուան խորհուրդը` անդրադառնալով  պատմական անցեալին, խօսելով Վարդանանց  հերոսամարտի ճակատագրական էութեան մասին, ապա թելադրեց աշակերտներուն, որ Վարդանի ոգին վառ...

«Այցելութիւն Դիրքապահ Զինուորներին»

«Այցելութիւն Դիրքապահ Զինուորներին»

Փետրուար 23-ին, Հայրենիքի պաշտպանի օրուան ընդառաջ, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը անգամ մը եւս հանդէս եկած է հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ: Արդէն աւանդական դարձած «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորներին» ծրագիրը իրագործուեցաւ մասնաճիւղի գրեթէ բոլոր անդամներուն միահամուռ ջանքերով ու մեծագոյն սիրով` սահմանին կանգնած զինուորի մէկ օրը աւելի հետաքրքրական ու ջերմ դարձնելու համար: Աւելի քան 550 զինուորների համար նախատեսուած սնունդի արկղերը հասցէատէրերուն հասցուցին ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Երուանդ Գույումճեանի Տարիներու Ծառայութիւնը

կիրակի, 21 փետրուար 2016-ին «Ծառայութեան տարուան» առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս Հայրապետական օրհնութեան գիրով պատուեց Երուանդ Գույումճեանը, Ազգային ծերանոցի խնամակալութեան ճամբով անոր աւելի քան քառասուն տարիներու մատուցած ծառայութեան համար: Արամ Ա. կաթողիկոս իր օրհնութեան գիրին մէջ շեշտեց. «Արդարեւ, ընկերային ծառայութիւնը կը հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը: Ընկերային ծառայութեան մասնակից դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան: Ա՛յս գիտակցութեամբ,...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան Ծ. վրդ. Քեչէճեանի: Համախմբումը հիմնուած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ` 2010 թուականին: Այս առիթով ՀՀՀ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան սեղմ գիծերու մէջ վեհափառ հայրապետին ներկայացուց վարչութեան միամեայ գործունէութեան ծրագիրը եւ այս...

ՀՄԸՄ-ական Նուպար Ռումուլեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնին Կողմէ

ՀՄԸՄ-ական Նուպար Ռումուլեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնին Կողմէ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, 20 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երէց խմբապետներու պարգեւատրման արարողութիւն: Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը շքանշաններու տուչութիւն կը կատարէ այն անձերուն, զորս կ՛ուզէ գնահատել միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ իրենց ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին համար: Այս առիթով պատուոյ յատուկ գիրերն ու շքանշաններ յանձնեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ: Այս տարի...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ու Թեմակալ Առաջնորդներու Եւ Ազգային Իշխանութեանց Ներկայացուցիչներու Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ու Թեմակալ Առաջնորդներու Եւ Ազգային Իշխանութեանց Ներկայացուցիչներու Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 9-11 փետրուար 2016-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային իշխանութեանց հաւաքական հանդիպում: - ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎին ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներուն լոյսին տակ լայնօրէն քննարկուեցան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան, Երիտասարդական, Միջեկեղեցական ու Միջկրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքներուն առնչուած աշխատանքները, իրագործումներն ու ծրագիրները: Կրօնական...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Քնար Պոհչալեան Տօնեց Իր 107-Ամեակը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Քնար Պոհչալեան Տօնեց Իր 107-Ամեակը

«Հորիզոն»-ին համաձայն, 13 փետրուարին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան դարձաւ 107 տարեկան: Մեծ հաւանականութեամբ ան հաւանաբար ամէնէն տարեց վերապրողներէն մէկն է: Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան ծնած է 1909-ին, Կեսարիա: Երբ ջարդերը եւ Կեսարիոյ դէմ յարձակումը սկսան, ան իր ընտանիքին հետ քանի մը ամիս ապաստանեցաւ յարդանոցի մը մէջ: Հետագային անոր ընտանիքը աքսորուեցաւ, սակայն` ոչ իրենց տունէն շատ հեռու, որովհետեւ հայրը թրքական բանակին մէջ...

Ներկայացում Վահան Յովհաննիսեանի  Երկու Գիրքերուն

Ներկայացում Վահան Յովհաննիսեանի Երկու Գիրքերուն

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, «Սարդարապատ» գրախանութին եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» ու «Մայրամուտ, որը պէտք է կասեցնել» գիրքերուն ներկայացումը` երեքշաբթի, 19 յունուար 2016-ին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ գրասէրներու հոյլի մը: «Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պօղիկեան ելոյթ ունեցաւ հակիրճ բացման խօսքով մը եւ անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեանի կեանքին` նշելով, որ Վահանը երիտասարդական աւիւնով լի, անսպառ ներուժով օժտուած,...

Ամերիկեան Համալսարաններու Մէջ Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ Ցոյցերը Ուշադրութիւն Կը Գրաւեն

Ամերիկեան Համալսարաններու Մէջ Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ Ցոյցերը Ուշադրութիւն Կը Գրաւեն

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան Հինգշաբթի, փետրուար 4-ին, հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող Համահայկական ուսանողական միութիւնը (All-ASA), Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման դէմ բողոքի լուռ ցոյցեր կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներու շարք մը համալսարաններուն մէջ` համագործակցութեամբ ՀԵԴ-ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն: Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ «Ուրացման արատ» ընդհանուր խորագիրին...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճը` Հաւատարիմ Կրթօճախ Ազգային Տօներուն Եւ Աւանդութեանց

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճը` Հաւատարիմ Կրթօճախ Ազգային Տօներուն Եւ Աւանդութեանց

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի կամարներուն տակ տօնական աշխուժ եռուզեռ մը կար: Երեխաներուն զուարթ ու զիլ ճլվլոցը լեցուցած է ո՛չ միայն դպրոցին սրահը, այլ` միջանցքներէն աջ ու ահեակ դուրս կը տարածուէր որպէս կոչնակ.- «Է՜յ հէ՜յ, եկան հայոց ազգին օրերը, հանեցէք հիները, հագէք նորերը, Եկանք ի Բարեկենդան, կ՛երթանք ի Զատիկ»: Սրահին վառ գոյները, երաժշտութիւնն ու փոքրիկներուն բերկրանքը բոլորովին չքացուցած էին ձմեռը. ալ...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան.  Վարդանանաց Ճակատամարտի Տօնախմբութիւն

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Վարդանանաց Ճակատամարտի Տօնախմբութիւն

            «Աւարայրի դաշտը ներկեց արիւնդ, Անմահ Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան» Այս եւ նման վարդանաշունչ երգերով սկսաւ չորեքշաբթի, 3 փետրուարի օրը Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ: Առաւօտուն Ս. պատարագ մատուցեց Վարդան վրդ. Գազանճեանը, որ իր քարոզին մէջ աշակերտներուն փոխանցեց անմահ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի անժամանցելի պատգամը` ուղղուած բոլոր ժամանակներու հայութեան: Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց 3 փետրուար...

Page 54 of 68 1 53 54 55 68

Արխիւներ