Շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի նշումը:
Հայաստանի եւ ՀՅԴ քայլերգներու կատարումներէն ետք, «Արմէն Գարօ» կոմիտէին եւ ՀՅԴ 125-ամեակի յանձնախումբին անունով երեկոն պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Նազարէթ Մարգարեան: Ան ողջունեց ներկաները սոյն յոբելենական ձեռնարկին իրենց մասնակցութեան համար, ապա հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր երդուեալ դաշնակցական նահատակներուն` անցնող 125 տարիներուն ընթացքին:
Այնուհետեւ պաշտօնական խօսք փոխանցեց Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական, որ նախանձախնդրութեամբ ընդգծեց ՀՅԴ գործունէութեան 125-ամեայ վաստակն ու ներդրումը` Հայաստանին, հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս ապակեդրոնացեալ դրութեամբ իր 125 տարիներու ներկայութեան:
Օրուան երկրորդ պատգամաբերը Հալէպէն հիւրաբար շրջան այցելող Սուրիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտի անդամ Ներսէս Սարգիսեանն էր, որ ամփոփ եւ շատ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը եւ յատկապէս Հալէպի, Քեսապի, Դամասկոսի, Տէր Զօրի մէջ եւ այլուր հայութեան այսօրուան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան ընդգծեց, թէ սուրիահայութիւնը որպէս խորհրդանիշը հայութեան, երբեք չթուլացաւ եւ ցայսօր կը շարունակէ իր գաղութային ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւններն ու կեանքը` միութենական, դպրոցական, եկեղեցական եւ այլ ընկերային բնագաւառներէ ներս:
Ներսէս Սարգիսեան մատնանշելով այսօրուան Սուրիոյ իրականութեան մէջ կեանքի ու մահուան պայքարը` շեշտեց, որ ինքնանպատակ չէ սուրիահայութեան պայքարը:
«Ներկայ իրավիճակը, միջազգային հանրութեան նաեւ մտահոգութեան առանցքը կը կազմէ: Անիկա շատ խոր իմաստ ունի ու կը վերաբերի ամբողջական հայութեան եւ ոչ թէ միայն սուրիահայութեան: Շատ յստակ է, որ այսօր մեր թշնամին, որ կ՛ուզէ Ցեղասպանութենէն վերապրող այդ գաղութը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջէն ջնջել: Այլապէս շատ դիւրին կ՛ըլլար գաղութը տեղափոխել ուրիշ երկնակամարի տակ, եթէ ինքնանպատակ ըլլար», ըսաւ Սարգիսեան եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջին օրէն իսկ ստեղծուած Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին տարած կամաւոր աշխատանքին մասին:
Աւարտին Ներսէս Սարգիսեան ներկաներուն վստահեցուց, թէ այս մարմինին թափանցիկ եւ ամէնէն բծախնդիր ձեւով գործելուն մասին: Ան հիմնականին մէջ երեք դժուարութիւններու մասին խօսեցաւ. առաջին` հայերու ապահովական խնդիրներուն, երկրորդ` կենցաղային տագնապի մասին, ինչպէս` ըմպելի ջուրի, հացի եւ սնունդի, երրորդ` տնտեսական դժուարութեան մասին: Եւ այս դժուարութիւնները նշելով` ան յայտնեց, թէ Շտապ օգնութեան մարմինն է, որ կը հոգայ եւ նեցուկ կը կանգնի ժողովուրդին` գործակցութեամբ ՀՕՄ-ին, ՀԲԸՄ-ին, հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ յարանուանութեանց, երեք համահայկական կուսակցութիւններուն եւ բոլոր ուղեկից միութիւններուն:
«Համայնքին գործունէութիւնը կը շարունակուի խանդավառ եւ յանձնառութեամբ: Սուրիոյ մէջ մնացող հայերուն թեւ եւ թիկունք ենք: Կը քաջալերենք Հայաստան տեղափոխուող հայութեան ծրագիրը: Վերջ ի վերջոյ նաեւ կապի մէջ ենք գաղութներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի տեղական հայ իրականութեան մէջ ներառեն նոր գաղթած հայերը, որպէսզի չհեռանան իրենց ինքնութենէն», ըսաւ Սարգիսեան իր խօսքի աւարտին:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Ֆիլատելֆիայէն ժամանած «Արցախ» նուագախումբն ու երգիչ Անդրանիկ Վարդանեանը, որպէսզի հայրենասիրական, ազգային, յեղափոխական եւ ազգագրական երգերու ընդմէջէն խանդավառեն ներկաները:
Յայտագիրի ընթացքին նաեւ ՀՅԴ 125-ամեակը խորհրդանշող կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ` ձեռամբ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշականի եւ ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ներսէս Սարգիսեանի: