Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 125-Ամեակը Ֆրեզնոյի Մէջ

Մարտ 10, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vicken_Frezno_022816

Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին եւ յարաբերական յանձնախումբին, կիրակի, 28 փետրուարին Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութիւնը: Մինչ այդ Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ՀՕՄ-ի եւ ՀՅԴ-ի ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

125-ամեակի տօնակատարութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ. Հայկօ Օհաննէսեան մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները:

Հանդիսավարը` Լեւոն Էսկիճեան, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ապա իր միտքերը յայտնելով` ըսաւ. «Ի՛նչ դժուար է ներկայացնել 125 տարուան աւանդ ունեցող Դաշնակցութեան պէս կուսակցութեան մը տօնակատարութեան բացման խօսքը, միաժամանակ շատ հեշտ եւ դիւրին է հաստատել, թէ ո՛վ չի ճանչնար Դաշնակցութեան հերոսներու նուիրումն ու իրագործումները»:

Յարգոյ հանդիսավարը իր մտածումները կեդրոնացուց ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարին վրայ: Ան իր խօսքը ներկաներուն ուղղելով` ըսաւ. «Եւ վերջապէս, եթէ Դաշնակցութիւնը հիմնուած չըլլար, ի՞նչ պիտի ըլլար հայութեան վիճակը»:

Նունէ Պետրոսեան (Խաչիկեան) ներկայացուց Պ. Սեւակի «Մենք քիչ ենք» քերթուածը: Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:

ՀՅԴ-ի խօսքը ներկայացուց Կարօտ Քարօղլանեան: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ՀՅԴ-ի մէջ կը դաստիարակուին եւ փորձառութիւն կը ստանան ծառայելու գաղութի` զանազան բնագաւառներու մէջ:

Չարլի Քէեան համագաղութային դպրոցի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին ասմունքով եւ երգերով` «Ձայն տուր, ով ֆետա», «Ձօն Դաշնակցութեան» եւ «Արիւնոտ դրօշ»:

«Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւաթեան արտասանեց կոմիտէի խօսքը:

Ան համառօտ ակնարկով անդրադարձաւ ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական պատերազմներուն, Հայաստանի բաժանումին` Արեւելեան եւ Արեւմտեան բաժիններու, թուրքերու իշխանութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի մէջ թալանին ու հալածանքներուն առաջքը առնելու համար ստեղծուած կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի ժողովներուն:

Դասախօսը համառօտ կերպով անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի գործունէութեան` խօսքը աւարտելով հետեւեալ ձեւով. «ՀՅԴ իր քայլարշաւը կը շարունակէ 125 տարիներէ ի վեր… այսօր միասնաբար կ՛ուխտենք զայն շարունակել»:

Այնուհետեւ ներկաները յոտնկայս եւ ծափերով դիմաւորեցին «Գըրգ Գըրգորեան» պարային միաւորը` պարուսոյցներ Կարինէ Յովհաննէսեանի եւ Հրանդ Վարդանեանի ղեկավարութեամբ:

Սիւզի Էքմեքճեան մեկնաբանեց Խ. Աւետիսեանի «Իմ անուշ տաւիղ» երգը: Ապա բեմ բարձրացաւ պարախումբը եւ ներկայացուց երկու պար:

Հանդիսավար Լ. Էսկիճեան ներկայացնելէ ետք օրուան պատգամաբերը` դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, զայն բեմ հրաւիրեց: Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ի տես նորահաս սերունդի երգերուն եւ պարերուն, ուրախ տրամադրութեամբ բեմ բարձրանալով` այսպէս պատգամեց ներկաներուն. «Ջարդերը, տեղահանումները, պատերազմները, հալածանքները, ներգաղթ-արտագաղթները եւ ամէն տեսակի մարտահրաւէրները ոչ միայն չկրցան մաշեցնել, խամրեցնել Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը,  այլեւ` զայն դարձուցին սրբազան»:

Ապա իր մտածումները կեդրոնացուց «Մնալ պահանջատէր» բնաբանին վրայ` նշելով, որ պահանջատէր պէտք է մնանք, որպէսզի կարենանք մեր քանակը իսկական որակի վերածել, որպէսզի կարենանք մեր համայնքը հայկական պահանջատիրութեան իսկական մայրաքաղաքի վերածել:

Վ. Յովսէփեան շարունակելով իր խօսքը` ըսաւ. «Պահանջատէր ենք ու պահանջատէր կը մնանք` հոգիով, սիրտով եւ մանաւա՛նդ գործով»: Ապա անդրադառնալով մեր քաղաքին` Ֆրեզնոյին, ան շարունակեց. «Պահանջատէր ենք, որ Ֆրեզնոն վերադառնայ իր նախկին հմայքին… Միասնաբար ո՛չ մէկ ճիգ պէտք է խնայել` սլացքը ուղղելու դէպի կազմակերպ եւ կայուն գաղութ. Ֆրեզնոյի հայութիւնը պարտի ըլլալ այդ բռունցքին բութամատը»:

Պատգամաբերը իր պատգամը աւարտեց` ըսելով. «Մի՛շտ հաստատուն, մի՛շտ առաջին գիծի վրայ, մի՛շտ զգօն, մի՛շտ պատրաստ եւ միշտ միասնական: Այստեղ ինչպէ՜ս չյիշել առեւանգումի անարգ ոճիրի զոհ դարձած մեր մեծերէն Սարգիս Զէյթլեանի յորդորը, որ կ՛ըսէ. «Միասի՛ն ըլլալ, միասի՛ն պայքարիլ, միասի՛ն յոգնիլ, միասի՛ն տխրիլ եւ միասի՛ն հրճուիլ. մէ՛կ զգալ` տասնեակ հազարներու մէջ, եւ տասնեակ հազար անգամ զօրաւոր զգալ` իւրաքանչի՛ւր անձի մէջ: Չկա՛յ աւելի մեծ զգացում` մարդկային հոգիի ստեղծագործ հանճարին թռիչք ու թափ տուող զգացում, քան այն զգացումը, երբ կը նկատես, որ երբ կը հարուածես, բազուկիդ հետ կը հարուածեն տասնեակ հազարներ. երբ ճակատդ կը բարձրացնես, քեզի հետ իրենց ճակատը բարձր կը պահեն տասնեակ հազարներ: Չկա՛յ աւելի վսեմ զգացում, քան այն զգացումը, որ երբ դուն արիւն կու տաս երակներէդ, արդէն տասնեակ հազարներու արցունքը կը սրբես եւ դողացող մանկան վախի-սարսափի դողը ժպիտի կը վերածես…»:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հելեն Պատարօ, Լենա Ժըպրան, Քլոտիա Մարշալեան Եւ Ասմա Զէյն Պարգեւատրուեցան Հայկազեան Համալսարանին Կողմէ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?