Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ու Թեմակալ Առաջնորդներու Եւ Ազգային Իշխանութեանց Ներկայացուցիչներու Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ

Փետրուար 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Veharan_021116

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 9-11 փետրուար 2016-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային իշխանութեանց հաւաքական հանդիպում:

Veharan1_021116

– ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎին ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներուն լոյսին տակ լայնօրէն քննարկուեցան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան, Երիտասարդական, Միջեկեղեցական ու Միջկրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքներուն առնչուած աշխատանքները, իրագործումներն ու ծրագիրները: Կրօնական ժողովը, իր գնահատանքը յայտնելէ ետք յիշեալ մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն, շեշտեց աշխատանքները նոյն թափով շարունակելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու երիտասարդութեան առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը, եւ միւս կողմէ ներկայ աշխարհին մէջ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեան անհրաժեշտութիւնը:

Կրօնական ժողովը նաեւ քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան ընթացքը, հրատարակչական մարզին մէջ կատարուած աշխատանքը եւ դպրեվանքի առաքելութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Կրօնական ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակին: Կրօնական Ժողովը ողջունելով երկու վեհափառ հայրապետներուն նախագահութեամբ տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց ժողովի զոյգ հանդիպումները` առաջարկեց, որ աւելի կազմակերպուած ու հետեւողական կերպով եւ օրակարգերու յստակ առաջնահերթութեամբ շարունակուին եպիսկոպոսաց ժողովները` շեշտելով մեր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան անյետաձգելի հրամայականը:

Կրօնական ժողովը ուրախութեամբ ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետզհետէ աճող միաբանութիւնը, շարք մը միաբաններու համալսարանական ուսման հետեւիլը, ինչպէս նաեւ անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը կաթողիկոսարանին ու թեմերուն մէջ:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎը իր լիակատար նիստին առաջին բաժինով յաջորդաբար զեկոյցներ լսեց կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած հետեւեալ հաստատութիւններէն` «Թռչնոց բոյն», Ազունիէի բուժարան եւ ազգային ծերանոց: Յիշեալ կեդրոններու խնամակալները վերջին շրջանի իրենց կատարած աշխատանքներուն առընթեր նաեւ ժողովին ուշադրութեան յանձնեցին կարգ մը ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններ` յատկապէս յիշեալ կառոյցներու տնտեսական իրավիճակին գծով: Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց մեր ժողովուրդի ընկերային ծառայութեան նուիրուած այս հաստատութիւններուն կատարած աշխատանքին համար, մէկ կողմէ շեշտելով որ ոչ մէկ հայ` հիւանդ, կարիքաւոր կամ որբ անտէր ու անօգնական պէտք է մնայ, եւ միւս կողմէ յիշեցնելով յիշեալ հաստատութիւններուն նիւթապէս աջակցելու հրամայականը, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց ընկերային ծառայութիւնը:

Ժողովը նաեւ զեկոյցներ ստացաւ կաթողիկոսարանի մանկավարժական կեդրոնի, ինչպէս նաեւ հայագիտական բաժանմունքի եւ արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի պատասխանատուներէն: Երկար քննարկումներէ ետք, ժողովը վերաշեշտեց Սուրբ Աթոռին կողմէ յիշեալ մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներու կենսական կարեւորութիւնը:

Ժողովը ընդարձակ զեկոյց մը ստացաւ կաթողիկոսարանի կալուածական ու շինարարական յանձնախումբին կողմէ: Արդարեւ, անցնող շրջանին հսկայ աշխատանք կատարուած է այդ ծիրին մէջ, յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»-ի ու Պիքֆայայի մէջ: Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց կալուածոց տեսչութեան ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի բոլոր այն բարերարներուն, որոնք իրենց առատաձեռն նուիրատուութեամբ մասնակից դարձած էին կաթողիկոսարանի առաքելութեան առաւել ծաւալման:

Ժողովը նաեւ քննեց 2015 տարուան իրագործուած պիւտճէն ու վաւերացուց 2016 տարուան նախահաշիւ պիւտճէն: Այս ծիրին մէջ ժողովը անդրադարձաւ, այն երեւոյթին, որ թէ շուրջ երկու միլիոն տոլարի հասնող կաթողիկոսարանի տարեկան պիւտճէով հսկայ գործ կը կատարուի. միաժամանակ ժողովը իր մտահոգութիւնը յայտնեց այն մասին, որ կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէին աւելի քան մէկ երրորդը բաց է:

Վերջապէս, Քաղաքական ժողովը զբաղեցաւ թեմերուն առնչուած կարգ մը հարցերով եւ իր անհրաժեշտ թելադրութիւնները տուաւ:

– ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ միատեղ հանդիպման ընթացքին առաջին ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց, որ բոլոր թեմերէն ու գաղութներէն ներս միասնական ոգիով ու հաւաքական աշխատանքով նշուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, միաժամանակ ան շեշտեց պահանջատիրական նոյն կեցուածքով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները շարունակելու հրամայականը: 100-ամեակի աշխատանքներու ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը զեկուցեց Սիսի կաթողիկոսարանի դատին գծով կատարուած աշխատանքներուն մասին: Ներկաները ողջունեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական ու վճռական այս քայլը:

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ ընդհանրապէս սփիւռքի ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաբերութեան: Շեշտեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ այդ ծիրին մէջ կատարելով կարգ մը նկատողութիւններ:

Ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը իր զանազան երեսներով` լսելէ յետոյ առաջնորդ սրբազանին ու Ագգային իշխանութեան ներկայացուցիչին զեկոյցները: Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան կատարուած նիւթական աջակցութեան բոլոր մասնակիցներուն, միաժամանակ յիշեցնելով այդ աջակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: Ժողովը նաեւ յիշեցուց Ղարաբաղի մէջ Նոր Կիլիկիա գիւղի շինարարութեան վերջին հանգրուանը իրագործելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Որոշուեցաւ յառաջիկայ Ազգային ընդհանուր ժողովը գումարել 2017-ի յունիս ամսուան սկիզբը:

 

Նախորդը

Վերջին Հրաժեշտ` Վաստակաւոր Դերասան Եւ Բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին

Յաջորդը

Մեր Հարստութիւնը Երկրի Քաղաքացիների Ստեղծագործ Ներուժն Է. Սպարտակ Սէյրանեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?