Փետրուար 23-ին, Հայրենիքի պաշտպանի օրուան ընդառաջ, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը անգամ մը եւս հանդէս եկած է հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ: Արդէն աւանդական դարձած «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորներին» ծրագիրը իրագործուեցաւ մասնաճիւղի գրեթէ բոլոր անդամներուն միահամուռ ջանքերով ու մեծագոյն սիրով` սահմանին կանգնած զինուորի մէկ օրը աւելի հետաքրքրական ու ջերմ դարձնելու համար:
Աւելի քան 550 զինուորների համար նախատեսուած սնունդի արկղերը հասցէատէրերուն հասցուցին ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ շարքային անդամներ: Ծրագրի իրագործման իրենց լուման ներդրեցին նաեւ Հայաստանի ՀՕՄ-ի միաւորի անդամները:
Մայրական սիրով ու օրհնանքով պատրաստուած կերակուրներով արցախցի քոյրերն ու մայրերը բուռ մը ընտանեկան ջերմութիւն ու սէր նուիրեցին սահմանի պահապաններուն, իսկ Շուշիի Խանդամիրեանի անուան թատրոնի դերասանները հոգեւոր մեծ բաւականութիւն պարգեւեցին անոնց: