
Էն. Տի. Եու. համալսարանի եւ «Լիպանիզ միուզիք սքուլ» երաժշտական դպրոցին կողմէ կազմակերպուած, «Նոր ձայն» խորագիրը կրող եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Նարէին համերգը տեղի ունեցաւ 3 մարտ 2016-ին:
Ներկայ էին հայ եւ օտար արուեստասէրներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ Դաւիթ Միրզախանեանն ու Վլադիմիր Պօղոսեանը:
«Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի սան Նարէն համերգի առաջին բաժինով ներկայացուց Ալեքսանտրօ Սքարլաթի, Քալտարայի, Հենտըլի, Փերկոլոզիի, Պլիւքի Փայիզելոյի յօրինումները, ինչպէս նաեւ իտալական հնադարեան արեաներ:
Երկրորդ բաժինով հնչեցին Մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու: Նարինէին կը նուագակցէր իտալացի դաշնակահար Ֆաուսթօ տի Պենետիթթօ:
Համերգը տեղի ունեցաւ Էն. Տի. Եու. համալսարանին մէջ, ուր համախմբուած արուեստասէրները մեծ գոհունակութիւն ապրեցան, որովհետեւ անոնք վայելեցին երգերու կատարողական բարձր մակարդակը, ստեղծուած երաժշտական ուրոյն մթնոլորտն ու արուեստի մատուցման վերացականութիւնը: Այս առիթով բոլորը Նարէին մաղթեցին նորանոր յաջողութիւն եւ ստեղծագործ կեանք:
«Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ը եւս լաւագոյնը կը մաղթէ Նարէին ու իր տարած աշխատանքով կ՛ուզէ միւս սաները եւս հասցնել երաժշտական բարձր մակարդակի իմացութեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ


