Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Մարտ 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը
Այնճարի Մէջ

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի  անուանակոչութեան տօնը:

Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը:

Տէր հայրը նախ կատարեց Ս. Ծննդեան օրհնէքը կեդրոնին` ներկաներուն մասնակցութեամբ, որոնք միասնաբար երգեցին Ս. Ծննդեան աւետիսի շարականը, որմէ ետք տէր Միւռոն ներկայացուց Ս. Սարգիս զօրավարին կենսագրականը, անոր կեանքն ու զոհաբերութիւնը, զայն դասելով քրիստոնեայ բարեխօս սուրբերու շարքին. ապա խօսեցաւ կարգ մը աւանդութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ` առասպելներու եւ  դիւցազներգութիւններու` սուրբին հետ կապուած:

Աւարտին ուղղուեցան լուսաբանական հարցումներ:

Բարեկենդանի Աւանդական Ճաշի Պազար
«
Աղաւնի Փափազեան»

Շաբաթ, 6 փետրուար 2016-ին, Բարեկենդանի նախօրեակին,  առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբը ժամադրավայր դարձած էր ԼՕԽ-ի  անդամներուն եւ բարեկամուհիներուն, որոնք պատրաստած էին համադամ ուտելիքներ:

Հակառակ անբարենպաստ կլիմային եւ տեղատարափ անձրեւին` ճաշի պազարը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

«Անահիտ» Մասնաճիւղի Սուրբ Սարգիս
Զօրավարի Տօնին Առիթով Ձեռնարկ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Մար Եուսեֆ), կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, շրջանի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահին մէջ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Դարբինեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանին, բարերար Արշալոյս Ներսէսեանին, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին քաջալերելու վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը:

Երգիչ Ճօ Աթակեան, ընկերակցութեամբ ձայնի հաղորդավար Գէորգ Պաղտասարեանի, ճոխ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը: Ներկաները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին  եւ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

«Աշխէն» Մասնաճիւղի
Բարեկենդանի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» (Մարաշ) մասնաճիւղի վարչութիւնը Բարեկենդանի տօնին առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 5 փետրուար 2016-ին, «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Իսկուհի Գափլանեանի եւ շուրջ ութսուն ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:

Վարչութեան ատենապետ Ատել Դերձակեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց Սօսէ Ճինպաշեանը` խօսելու օրուան խորհուրդին մասին:

Ան իր խօսքին մէջ, Բարեկենդանի նշանակութեան առընթեր, անդրադարձաւ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս` հայրենիքի եւ մասնաւորապէս Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

Երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան իր ժողովրդական, աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ, ապա  կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

«Արագած»-ի
Բարեկենդանի Ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, Բարեկենդանի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 9 փետրուար 2016-ին, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերու եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ու տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ականներու եւ հրաւիրեալներու:

Վարչութեան ատենապետ Սիլվա Յովհաննէս բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար, եւ անոնց, որոնք ներդրում ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան մէջ: Ապա բեմ հրաւիրեց երգիչ Շահէ Յակոբեանը, որ ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Յարութ Յակոբեանի եւ ձայնի հաղորդավար Գէորգ Պաղտասարեանի, հայկական ճոխ երգերով խանդավառեց  մթնոլորտը:

Քարաօքէի Երեկոյ «Աղթամար»
Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ

ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը, պահպանելու համար հայ երգն ու երաժշտութիւնը, երկուշաբթի, 8 փետրուար 2016-ին կազմակերպեց քարաօքէի  երեկոյ մը` ճաշարան «Նապաա Այնճար»-ի մէջ:

Համախմբուած էին մօտ 75 ընկերուհիներ ու համակիրներ` միասնաբար կեանք տալու մոռցուած հայկական երգերուն:

Ձեռնարկի բացման խօսքը  կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Անեթ Փալազեանը, ան մաղթեց, որ բոլորին տուները լի ըլլան խնդութեամբ ու հայկական երգերով:

Երեկոյի հանդիսավարութիւնը կատարեց Նայիրի Հապէշեանը, որ տեղեկութիւններ տուաւ պահոց օրերու եւ հայկական  աւանդութիւններու  մասին:

Ներկաները շատ մեծ խանդավառութեամբ երգեցին աշուղական, սիրային եւ հայրենասիրական երգեր եւ շուրջպարերով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:

Բարեկենդանի Հանդիպում` «Անի»
Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժտէյտի) կազմակերպած Բարեկենդանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 փետրուար 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբի սրահին մէջ:

Ներկայ էին Շրջանային վարչութենէն, մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ԼՕԽ-ականներ,  համակիրներ եւ հրաւիրեալներ:

Տարրալուծարանի մասնագէտ եւ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի տարիներու գործօն անդամ Շաքէ Բարմաքսըզեան հրաւիրուած էր դասախօսելու` նիւթ ունենալով «Արեան ընդհանուր քննութիւնը»: Նախքան դասախօսութիւնը` ներկաներուն բաժնուեցաւ թերթիկ մը, որ կ՛ընդգրկէր դասախօսութեան նիւթին  կարեւոր գիտելիքները:

Շ. Բարմաքսըզեան ներկայացուց արեան բաղադրութիւնը եւ քննութիւններուն կարեւորութիւնը: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ հարցումներ ուղղեցին: Դասախօսը լուսաբանական բացատրութիւններով պատասխանեց բոլոր հարցումներուն:

«Ճաշկերոյթի Ձեռնարկ»` Ի Նպաստ
«
Կարս» Մասնաճիւղի Որդեգրեալ
Սան-Սանուհիներուն

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթի ձեռնարկը, ի նպաստ մասնաճիւղի որդեգրեալ սան-սանուհիներուն, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 փետրուար 2016-ին, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ:

Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեան, յանձնախումբերէն, մասնաճիւղերէն ԼՕԽ-ականներ, մասնաճիւղի անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Հելէն Խայեաթ իր բացման խօսքով անդրադարձաւ մասնաճիւղի աշխատանքներուն` շեշտը դնելով ձեռնարկի կարեւորութեան վրայ: Ան փակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Հայկական երգերով ձեռնարկը խանդավառեց երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան:

Սիրոյ Տօն`
«
Հ. Սասունի» Մասնաճիւղ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ֆանար), սիրոյ տօնին առիթով ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Նահր Քելպի «Ալժաննէ» ճաշարանին մէջ` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանի, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու  ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սօսի Պէօյիքեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա խօսք առաւ շրջանի ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանը: Ան գնահատեց ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղին աշխատանքը եւ յանձնարարեց, որ աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը ամէն տարի քաջալերուի շրջանի բոլոր հայրենակիցներուն կողմէ:

Մթնոլորտը խանդավառեց երգիչ Սագօ Մխմելճեանը:

Միջինքի Հաւաք` «Ջաւօ Շանթ»-ի
Կազմակերպութեամբ

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տըքուէնի) կազմակերպած միջինքի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 16 փետրուար 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Այտա Խուստէքեանի, ԼՕԽ-ականներու, հիւրերու եւ համակիրներու:

Վարչութեան ատենապետ Մարօ Տէր Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց օրուան դասախօս Սօսէ Ճինպաշեանը, ապա հրաւիրեց զայն արտասանելու իր խօսքը: Ան նախ խօսեցաւ միջինքի աւանդութեան մասին, ապա անդրադարձաւ իսլամացած, իսլամացուած եւ ծպտեալ հայերու մասին: Ան թելադրեց ներկաներուն ճիշդ հայերէն խօսիլ, պահպանել հայկական սովորութիւններն ու մշակոյթը:

Տեղի ունեցան հայկական աւանդական միջինքի ուտելիքներու հիւրասիրութիւն:

Պահքի Ձեռնարկ` «Նայիրի»
Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը` Պահքի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 16 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիլիան Օրտողլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

Մասնաճիւղի ատենապետ Վարդուհի Գալայճեան իր բացման խօսքին ընդմէջէն տուաւ օրուան պատգամը: Ապա ան հրաւիրեց օրուան դասախօսը` Մարլեն Տանակէօզեանը, որ հետաքրքրական բացատրութիւններ տուաւ բոյսերու եւ անասուններու աշխարհէն:

Հայկական ճոխ երգերով ձեռնարկը խանդավառեց երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան:

«Արազ» Մասնաճիւղը Կազմակերպեց
Մեծ Պահքի Ընկերային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի  «Արազ» մասնաճիւղի (Պաուշրիէ) վարչութեան կազմակերպած Մեծ պահքի  առթիւ ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 25 փետրուար  2016-ին, առաւօտեան ժամը

11:00-ին, «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանի եւ շուրջ քառասուն ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ Մեծ պահքի ծոմապահութեան շրջանին` շեշտը դնելով ԼՕԽ-ի մատուցած բոլոր ծառայութիւններուն վրայ, որոնք աստուածահաճոյ գործեր են:

Բացման խօսքէն ետք վարչութեան ժրաջան անդամները հրամցուցին պահքի իրենց պատրաստած բազմատեսակ ճաշերը:

Ընկերային Հաւաքոյթ «Աստղիկ»
Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ

Մար Մըխայէլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղը Բարեկենդանի առիթով կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը ՀՅԴ  «Տիգրան Ծամհուր»  ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 25 փետրուար 2016-ին, 50 ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամուհիներու ներկայութեամբ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետը բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ  զօրավիգ կը կանգնին վարչութեան տարած աշխատանքներուն եւ իրենց լումաներով կ’օժանդակեն` ուժ եւ կորով ներշնչելով:

Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս Մարլեն Տանակէօզեանը, որ հետաքրքրական եւ շինիչ ձեւով բացատրութիւն տուաւ անասուններու աշխարհէն:

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

«Սօսէ» Մասնաճիւղին Կազմակերպած
Միջինքի Ձեռնարկ

Հետեւելով նախորդ տարիներու սովորութեան, այս տարի եւս Ժիպէյլի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը ուրբաթ, 25 փետրուար 2016-ին կազմակերպած էր միջինքի ձեռնարկ մը «Հայ կեդրոն»-ին մէջ:

Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Լուսին Պեզճեան հայերէնով բարի գալուստ մաղթեց «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանի պատասխանատու Պսակ աբղ. Թեփիրճեանին, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանին, Շրջանային վարչութեան անդամ Լիլիան Օրտողլեանին, ԼՕԽ-ականներուն, հայ եւ օտար հիւրերուն, թիւով` 93 ներկաներ:

Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարչական  Սիլվա Համբարձումեան:

Ձեռնարկին յատուկ կշիռ տուաւ Պսակ աբղ. Թեփիրճեանին խօսքը` պահքի խորհուրդին եւ նպատակին մասին: Ան ըսաւ «Պահքը միջոց մըն է, որ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի երկինք, համբերութեամբ շարունակենք ճամբորդութիւնը, սկսած Բարեկենդանէն` հասնելու Սուրբ Յարութեան»… Ան անդրադարձաւ նաեւ «Մարդը` այս անծանօթ արարածը» գիրքին բովանդակութեան եւ իմաստին, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղին գործունէութիւնը:

 

Նախորդը

«Մանուկներուն Ձայնը»

Յաջորդը

Մանուկները Եւ Համացանցը. Հաւասարակշռութիւն` Ամէն Ինչի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?