ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի մէջ մշակութային կեդրոնին հետ համագործակցաբար, ուրբաթ, 26 փետրուար 2016-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ ներկայութիւն Լիբանանի մէջ Իտալիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր բազմութեան տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելեան երկխօսութիւններ» խորագիրը կրող երաժշտական երեկոյ մը:
ՀԵԸ-ի Մշակութային մարմինի անդամ Վազգէն Մուղալեան եւ Իտալական դեսպանատան մշակութային կցորդ, Մշակութային կեդրոնի տնօրէն Էտուարտօ Քրիզաֆուլլի շեշտեցին իտալական դեսպանատան եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի միջեւ տարիներու վրայ երկարող մշակութային համագործակցութիւնը: Միջազգային մրցումներու դափնեկիր Սթեֆանօ Մաուրիզի (դաշնամուր), Մոհամմէտ Ապոզեքրի (սազ) եւ Լուչիանօ Պիոնտինի (աքորտիոն), միջին արեւելեան ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան խորհուրդը բնաբան ունենալով, իրենց ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը ներկայացուցին մշակութասէր հասարակութեան: