Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի Հաւաք` Նուիրուած Գէորգ Ճորճ Աբէլեանի
ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ Դժուար է հաւատալ, թէ արդէն չորս տարիներ անցած են այն օրէն, երբ Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի անդամ Ռազմիկ Մնացականեան կը ներկայացնէր խմբակի առաջին հաւաքին նիւթը` Վահան Տէրեան, 19 փետրուար 2012-ին: Քիչեր համոզուած էին, որ հաւաքներու շարքը կրնայ գոյատեւել. շատեր դիտել կու տային, որ այսօրուան երիտասարդը գրականութեամբ հետաքրքրուած չէ, լեզուն դժուար կը հասկնայ, եւ որ մեր գրականութեան մէջ շօշափուած նիւթերը...



















