Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը 100 Հազար Տոլար Հանգանակած Է Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

March 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0205ARSE3

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը կը տեղեկացնէ, որ նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին իրականացուած դրամահաւաքի շարք մը նախաձեռնութիւններու շնորհիւ կարելի եղած է աւելի քան 100 հազար տոլար հանգանակել ի նպաստ սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն:

Վերջերս այդ գումարէն 44 հազար տոլար փոխանցուած է «Սուրիահայ ընտանիք մը հովանաւորէ» ծրագիրին, որ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած էր 2013-ին` տարրական օգնութիւն հասցնելու համար կարիքաւոր ընտանիքներու: Այդ ծրագիրին շնորհիւ, ցարդ կարելի եղած է 112 հազար տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրել սուրիահայ ընտանիքներու` Սուրիոյ օգնութեան խաչին (ՍՕԽ) միջոցով:

Սոյն ծրագիրին կողքին կ՛իրականացուին նաեւ տաք ուտեստեղէն եւ բնակարաններ ապահովելու ծրագիրները: Վերջերս 8000 տոլար փոխանցուած է առաջինին համար` ցարդ այդ նպատակին տրամադրուած գումարը հասցնելով 38 հազար տոլարի: Այս ծրագիրը նախապէս կ՛իրականցուէր Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի ՍՕԽ-ի կեդրոնէն, սակայն կեդրոնին կրած վնասներուն պատճառով անիկա այժմ կ՛իրականացուի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի «Գառնի» սրահին մէջ: Որոշ պարագաներու, ճաշեր կը հասցուին նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանները:

Առողջապահական սպասարկութիւններ տրամադրելու նպատակով վերջերս աւելի ապահով վայր մը փոխադրուած է նաեւ Հալէպի ՍՕԽ-ի դարմանատունը, որ օժանդակութիւններ կը ստանայ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-էն:

Իսկ բնակարանային օժանդակութեանց համար Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-էն ցարդ տրամադրուած են 20 հազար տոլարի նպաստներ:

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն, որբանոցներուն, ՍՕԽ-ի դարմանատան ու Շտապ օգնութեան ծառայութեան 184.866 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է ցայսօր:

Նաեւ, սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով, կարելի եղած է 33 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը ապահովել «Աթլենթիք» բարեսիրական կազմակերպութենէն. գումարէն 8000 տոլար տրամադրուած է ՀՕՄ-ի հովանիին տակ գործող Հալէպի ապաստանարանին. 10 հազար տոլար տրամադրուած է Լիբանան հասած սուրիահայ գաղթականներու առողջապահական կարիքներուն, իսկ 10 հազար տոլար` Հայաստանի ՀՕՄ-ին, օժանդակելու համար Հայաստան հասած 100 սուրիահայ ընտանիքներու:

Վերջապէս, նկատի ունենալով, որ պատերազմին սկիզբէն ի վեր Հալէպէն եւ Գամիշլիէն մեծ թիւով հայեր համեմատաբար աւելի ապահով վայր նկատուող Լաթաքիա քաղաքը հաստատուած են, Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ը «Աթլենթիք» բարեսիրական կազմակերպութեան տրամադրած նպաստէն 5000 տոլար յատկացուցած է ՍՕԽ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին` օգնելու համար Լաթաքիոյ հայկական վարժարանները յաճախող գաղթական աշակերտներուն:

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Մշակութային Վարչութեան Կազմակերպութեամբ Ժազի Ելոյթ

Յաջորդը

Բարի Մարդիկ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.