Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի կամարներուն տակ տօնական աշխուժ եռուզեռ մը կար: Երեխաներուն զուարթ ու զիլ ճլվլոցը լեցուցած է ո՛չ միայն դպրոցին սրահը, այլ` միջանցքներէն աջ ու ահեակ դուրս կը տարածուէր որպէս կոչնակ.-
«Է՜յ հէ՜յ, եկան հայոց ազգին օրերը,
հանեցէք հիները, հագէք նորերը,
Եկանք ի Բարեկենդան, կ՛երթանք ի Զատիկ»:
Սրահին վառ գոյները, երաժշտութիւնն ու փոքրիկներուն բերկրանքը բոլորովին չքացուցած էին ձմեռը. ալ ո՜վ կը մտածէր դուրսի ցուրտին մասին:
8 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները, մարմնաւորելով մանկական աշխարհէն հեքիաթային կերպարներ ու երեւոյթներ, իրենց ծնողներուն հետ լեցուեցան դպրոցին սրահը: Իւրաքանչիւր փոքրիկին մէջ կարելի էր տեսնել խաղաղ ու անհոգ աշխարհ մը, ուր կը տիրէր միայն բարին ու գեղեցիկը:
Բարեկենդանի աւանդական ձեռնարկին հանդիսավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին Բարեկենդանի տօնակատարութեան առիթով, ապա ըսաւ, որ աշակերտական ձեռնարկին նպատակն է փոքրիկներուն մէջ սերմանել հայրենասիրութիւն եւ յարգանք ազգային արժէքներուն, սովորութիւններուն, ծէսերուն եւ տօներու նկատմամբ: Ան խօսքի աւարտին մաղթեց անամպ երկինք, անհոգ ու բարի մանկութիւն բոլոր փոքրիկներուն:
Բացման խօսքէն ետք աշակերտները դասարան առ դասարան դատակազմին դիմաց ներկայացուցին իրենց մարմնաւորած կերպարները: Մեծ անակնկալ էր «Ծիածան» խումբին անակնկալ մուտքը սրահ: Բոլորը կատարեալ հրճուանքի մէջ էին, իսկ ուրախ ծաղրածուն ու անոր ընկերները կը փորձէին ալ աւելի ջերմացնել մթնոլորտը: Փոքրիկները միացան խումբին` պարելով ու երգելով: Ձեռնարկը վերածուեցաւ մեծ հանդիսութեան:
Ստեղծուած պահը լուսաւոր էր եւ կենսուրախ, կարծես կ՛աւետէր բնութեան զարթօնքին սկիզբը: Հանդիսութեան ընթացքին բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան, ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի բարեկամներ` Մասիս Խաչերեան, Հերմինէ Նասրաուի եւ Ժաք Քահքէճեան, որպէս դատական կազմի անդամներ յայտարարեցին լաւագոյն ու բացառիկ ծպտուած աշակերտներուն անունները, որոնք բարձրացան բեմ ու ստացան իրենց նուէրները:
Փոքրիկներուն բարձր տրամադրուածութեան չէին զիջեր ծնողներն ու հիւրերը, որոնք առաջին պահէն մինչեւ վերջ ոգեւորուած ու խանդավառ հետեւեցան ծրագիրին:
Հանդիսութեան աւարտին բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ հիւրերը բարձրացան բեմ ու ստացան բարեկենդանին առիթով պատրասուած իրենց նուէրները, ապա հրաժեշտ տուին իրարու:
Նոյն սրահին մէջ երեկոյեան Խանամիրեանի միջնակարգի աշակերտները, նախկին շրջանաւարտներ եւ այցելուներ հաւաքուեցան տօնելու Բարեկենդանի խրախճանքը: Բարեկենդանի սովորութեան մասին աշակերտները իրազեկ դարձուցին միջնակարգի ուսուցիչները, որոնք բացատրեցին, թէ Բարեկենդան կը նշանակէ կենդանութիւն, բարի կեանք: Մեծ պահքի բարեկենդանը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, քանի որ կը նախորդէ ամէնէն երկար պահքին: Անոնք նշեցին, թէ, հայկական աւանդութեան համաձայն, Բարեկենդանը ո՛չ միայն առատ ուտելիքներու, կերուխումերու, խաղերու եւ զուարճանքներու տօնակատարութիւն էր, այլ նաեւ բացարձակ ազատութիւն կը տրուէր անհատի խօսքերուն ու ցանկութիւններուն: Մարդոց բերանէն անպակաս կը մնար կատակը:
Ձեռնարկի ընթացքին աշակերտները խումբերու բաժնուելով խաղացին ու երգեցին, ապա բոլոր կարգերու աշակերտները բեմ բարձրացան ու լաւագոյն ծպտուածները ստացան նուէրներ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ ձիրքերու բացայայտում ծրագիրը, որուն ընթացքին աշակերտները հանդէս եկան նուագներով, զաւեշտներով ու պարերով:
Մթնոլորտը այնքան խանդավառ էր, որ սեղաններուն շուրջ զետեղուած աթոռները մնացին թափուր. բոլորը ինքնամոռաց կ՛երգէին ու կը պարէին: Ի վերջոյ կարելի է միայն ըսել, որ Խանամիրեան քոլեճի աշակերտութեան Բարեկենդանի այս տարուան ձեռնարկները, որոնք կազմակերպուած էին ուսուցիչներուն կողմէ, անմոռանալի յուշ պիտի մնան Խանամիրեանի աշակերտներուն սրտերուն մէջ:
Վարդանանքն Ու Տեառնընդառաջը
Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ
Հայ եկեղեցւոյ տօներն ու աւանդութիւնները հաւատարիմ կրող ու պահպանող Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը ուրբաթ, 11 փետրուար 2016-ին համախմբուեցան դպրոցին շրջափակը` նշելու Տեառնընդառաջը եւ վառելու աւանդական խարոյկը: Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը, ապա ան աշակերտութեան մաղթեց փայլուն, օրհնաբեր կրթութիւն եւ պայծառ ապագայ: Ան կոչ ուղղեց` հաւատարմութեամբ պահպանելու ազգային եկեղեցական տօներն ու աւանդութիւնները: Վառող խարոյկին շուրջ աշակերտները շրջանակ կազմած դարձան` հայրենասիրական երգեր երգելով, ծափելով ու մէկ-մէկ ալ վրայէն ցատկելով:
Տեառնընդառաջի արարողութենէն ետք համախմբուած աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ սրահ, ուր տեղի պիտի ունենար Վարդանանք հերոսամարտի ոգեկոչում:
Նախակրթարանի Ա., Բ. եւ Գ. կարգերու աշակերտները առոյգ եւ աշխուժ մեկնաբանեցին փունջ մը ազգային հայրենասիրական երգեր` գովքը հիւսելով Վարդանանց սխրագործութեան: Երգերուն յաջորդեց Դ., Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտներուն Ժաք Ս. Յակոբեանի «Մենք» խմբական արտասանութեան ներկայացումը: Անոնք իրենց կարկաչ ձայնով, մանկական մաքուր ապրումներով ու պինդ բեմականութեամբ հաստատեցին բանաստեղծութեան մէջ ըսուած խօսքը .«Մենք վարդանայաղթ Աւարայրամարտ, մեր ձեռքին մէջ զէնք եւ խաչ մեր հոգւոյն: Մենք աշխարհի անարդար ու խուլ, խիղճը խարանող արդարութեան խայթ»:
Վարդանանց ոգեկոչման ձեռնարկին պատգամը փոխանցեց Համբիկ Պիլալեան, որ հաղորդական ու հաճելի ոճով աշակերտներուն տուաւ Վարդանանց խորհուրդն ու պատգամը: Համբիկ Պիլալեան, արագ ակնարկ մը նետելով 5-րդ դարուն Հայաստանի քաղաքական կացութեան վրայ, յայտնեց, որ 565 տարի առաջ Սասանեան Պարսկաստանին «ոչ» ըսող քիչ թիւով հայերը ո՛չ միայն քրիստոնէութիւնը պահելու համար ընդդիմացան, այլ կտրականապէս մերժելու Սասանեաններուն ստրկամտութիւնը եւ հայ ժողովուրդը փրկելու ծրագրուած բնաջնջութենէն: Ան ըսաւ, թէ շնորհիւ Վարդանանց պատգամին` մենք դարեր ետք յաջողեցանք կերտել Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը, մղեցինք Արցախեան գոյապայքարը: Շնորհիւ Վարդանի ու անոր քաջարի զինուորներուն` մենք ունեցանք Պետօներ, Կարօտներ, Վարդան Բաշխեաններ, Վիգէն Զաքարեաններ եւ ուրիշներ, որոնք հերոսական կռիւներ մղեցին ու չզլացան իրենց կեանքը նուիրաբերելու հայրենիքի ազատութեան: Երբ գիտակցաբար մահուան դէմ կը դնենք, մենք ալ կը դառնանք հերոս ու կ՛անմահանանք: Հայրենիքը միշտ ալ արժանապատուութեան գիտակցութիւն ունեցող մարդիկ տուած է, ըսաւ Պիլալեան:
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Վարդանանց ճակատամարտը յիշատակել բաւարար չէ, հարկաւոր է ապրիլ Վարդանի պէս, գործել անոր նման: Պէտք է նաեւ ամէն բանէ առաջ լաւապէս ճանչնալ հայրենիքը, ճանչնալ պատմութիւնը, որ կարենանք պահել մեր ինքնութիւնը, ազգային արժէքները: «Երբ մենք քաջատեղեակ ենք մեր պատմութեան ու զինուած անկէ եկած պատգամներով, բոլոր դժուարութիւնները պարզութեամբ կը յաղթահարենք»,- ըսաւ Հ. Պիլալեան, ապա շարունակեց. «Այսօր նոր սերունդի մեծագոյն յաղթանակը գիտութիւնն է: Ճարտարագիտութեան զարգացման այս դարուն պէտք է նոր սերունդը զինուի գիտութեամբ, որպէսզի հոգիի ու մտքի բարձունքներ նուաճէ»:
Համբիկ Պիլալեան եզրափակեց իր խօսքը կոչ ուղղելով աշակերտութեան. «Միշտ պատրաստ ըլլանք ո՛չ ըսելու յոռի բարքերուն, պահենք մեր ինքնութիւնը, ճանչնանք մեր պատմութիւնը, մեր հայրենիքը: Գուրգուրանք մեր լեզուին ու պահենք զայն անարատ: Հաւատարիմ մնանք պատմութենէն մեզի հասած պատգամներուն, եւ անոնցմով վերաիմաստաւորենք մեր կեանքը: Մենք ենք միակ ժառանգորդն ու պահապանը հայ արժէքներուն»: