Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Թեմայով Համագումար Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Հայ եկեղեցւոյ առանցքը կը կազմէ սուրբ եւ անմահ պատարագը: Ս. պատարագի ճամբով հաւատացեալները մասնակից կը դառնան Քրիստոսի բանաւոր պատարագին: Ս. պատարագի իւրաքանչիւր աղօթքն ու շարժումը ունի իր իմաստն ու բացատրութիւնը, որուն մեկնութիւնն ու իմաստը պէտք է փոխանցուի հաւատացեալ ժողովուրդին: Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 18-19 մարտ 2017-ին Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա»...




















