Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Դասախօսական Երեկոյ` Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Մասին

Մարտ 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կազմակերպութեամբ hինգշաբթի, 16 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ` նիւթ ունենալով Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը: Օրուան դասախօսն էր լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան:

Ձեռնարկին  սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի կրթական տնօրէն Վազգէն Մուղալեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալ մարմինի անդամ Վարդան Յովսէփեանը, որ հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրականը եւ իբրեւ արուեստագէտ` անոր տարած աշխատանքը: Ապա մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան աշխարհահռչակ հայազգի ծովանկարիչ  Այվազովսքիի (Յովհաննէս Այվազեան) գործերէն օրինակներ: Ցուցադրութեան ընկերացաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտ Արի Տագէսեան (կիթառի վրայ), որ նուագեց «Օրօր»-ը: Այնուհետեւ Վարդան Յովսէփեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը` ներկայացնելու համար իր նիւթը:

Յարութիւն Թորոսեան իր խօսքին սկիզբը նախ սահմանեց արուեստին եւ արուեստագէտին իրավիճակն ու ապրումները, եւ անոնց առնչութիւնը` մեր առօրեային ու իրական կեանքին հետ: Ան այս բոլորը նկատեց օգտաշատ տեղեկութիւններ, մանաւանդ` ձեռնարկին ներկայ գտնուող եւ գծագրական  արուեստին հետեւող աշակերտներուն համար: Ապա ան անցնելով օրուան նիւթին, ներկայացուց արժէքը մեծ ծովանկարիչին, ինչպէս նաեւ անոր համաշխարհային ծանօթացումներն ու գնահատանքները` մէջբերելով խօսքերը տարբեր ժողովուրդներէ եւ արուեստի տարբեր բնագաւառներէ եկած աշխարհահռչակ դէմքերու: Ան արդարացիօրէն հաստատեց, որ եթէ Այվազովսքի ըլլար զաւակը թիւով մեծ ժողովուրդի մը եւ երկրի մը, եւ ոչ թէ` թիւով փոքր հայ ազգին, անպայմանօրէն այս տարին  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի հռչակուէր իբրեւ Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակի տարի, անոր մասին պիտի ըլլային հրատարակութիւններ եւ լրատուութիւններ աշխարհի բոլոր լեզուներով ու բոլոր երկիրներուն մէջ: Սակայն չեղան այս բոլորը, եւ աշխարհի լաւագոյն ծովանկարիչներէն մէկը, չըսելու համար լաւագոյնը, մնաց միայն իր ժողովուրդին մատչելի` վերյիշելու համար զինք իր արժէքներով, ծննդեան 200-ամեակին առիթով:

Յարութիւն Թորոսեան լաւագոյն ձեւով ներկայացնելէ ետք համաշխարհային արուեստագէտը, վեր առաւ անոր հայկական արժեչափերն ու գործունէութիւնը` նշելով, թէ ան ինչպէ՛ս կապուած էր իր երկրին ու ժողովուրդին, որոնց իր օժանդակութիւնը բերաւ արուեստի ճամբով, ինչպէս նաեւ առօրեայ իր բոլոր կարելիութիւններով, որոնցմով կրնար օգտակար հանդիսանալ: Այվազովսքի նաեւ նկարեց հայ  մեծ դէմքեր եւ հայկական ջարդերը… դասախօսը եզրափակեց իր խօսքը` յիշեցնելով, որ Այվազովսքիի մահով կիսատ մնաց իր վերջին պաստառը` «թրքական նաւուն պայթումը»:

Ձեռնարկի աւարտին Վազգէն Մուղալեան հրաւիրեց ներկաները մօտէն ծանօթանալու Այվազովսքիի մէկ գործի կրկնօրինակին, որ ձեռնարկի տեւողութեան ցուցադրուած էր բեմին վրայ, եւ որուն բնօրինակը կը գտնուի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին մէջ, թերեւս միակը` Լիբանանի մէջ: Ապա, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անունով, Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան եւ խնամակալ մարմինի ատենապետ Շանթ Պոյաճեան յուշանուէր մը յանձնեցին օրուան դասախօս Յարութիւն Թորոսեանին:

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Թեմայով Համագումար Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Խաղաղ Օրերու Խաբեբան Եւ Պատերազմ Դիմակայող Պարկեշտը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?