Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճանչնանք Մեր Լեզուն» Հայագիտական Մրցանքներու Աւարտին` «Մայրենի Լեզուի Օր»-ուան Եւ Վարդանանցի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Մարտ 7, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ճանչնանք մեր լեզուն» բնաբանով կատարուած հայագիտական մէկ ամսուան մրցանքներէ ետք (ուղղագրութիւն, շարադրութիւն, ասմունք, բանաւոր խօսք, գրական գիտելիքներ), չորեքշաբթի, 22 փետրուարի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը հանդիսաւոր ձեռնարկով մը նշեց «Մայրենի լեզուի օր»-ը: Նոյն առիթով կատարուեցաւ նաեւ Վարդանանց տօնին յիշատակութիւնը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց քոլեճի Ժ. դասարանի աշակերտուհի Արազ Էլէյճեան: Ան ըսաւ, որ` «Եթէ Վարդանանք չունենայինք, «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» կարգախօսին հաւատացող նուիրեալներ չունենայինք, ուրոյն դիմագիծ, անկախ եկեղեցի, գերիշխան երկիր եւ անկախ պետականութիւն չէինք ունենար»:

Շարունակելով` Էլէյճեան շեշտեց, որ` «Վարդանանք օրինակ ծառայեցին Սարդարապատի հերոսներուն եւ Արցախի ազատամարտիկներուն, որոնք աշխարհին ցոյց տուին հայու հաւատքին եւ վճռակամութեան ուժը` ընդդէմ թշնամիին գերակշիռ թիւին»: Ապա ան հաստատեց, որ` «Մենք կը հաւատանք հայ ժողովուրդի յաղթանակին: Ինչպէս անցեալին, վաղն ալ պիտի յաղթենք եւ ի հեճուկս հայութեան թշնամիներուն` պիտի կերտենք ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստան»:

Օրուան գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց ասմունք եւ երգ: Ասմունքով հանդէս եկան միջնակարգի եւ երկրորդականի ասմունքի լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած աշակերտուհիները` Քարոլին Կարապետեան («Բարեւ»), Սիլվի Թաթոյեան («Ուզում եմ»), Հերմիկ Աբրահամեան («Փոխարէն»), Սէրլի Գալայճեան («Եւ այր մի Մաշտոց»): Միջնակարգէն խումբ մը աշակերտուհիներ ներկայացուցին «Վարդանանքի երգ»-ը, իսկ եօթներորդ դասարանի աշակերտուհիները երգեցին «Մայր լեզու»-ն: Երկրորդականի ասմունքի լաւագոյն աշակերտը` Դրօ Միրզայեան ներկայացուց «Վասակի մենախօսութիւնը» եւ «Վարդանի ճառը»:

Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան «Ճանչնանք մեր լեզուն» մրցանքներուն արժեւորումը կատարելով` ուրախութեամբ հաստատեց, որ այս տարի մրցանակակիր աշակերտներուն թիւը աւելցած է եւ երկրորդականի բաժինի բանաւոր խօսքի մրցումը ունեցած է աննախընթաց յաջողութիւն, տրուած ըլլալով, որ աւարտական փուլի հասած 12 աշակերտներ ունեցած են տպաւորիչ ելոյթներ, լաւապէս մտածուած նիւթերով, անթերի հայերէնով, կուռ տրամաբանութեամբ եւ բաւական հարուստ լեզուով:

Իր խօսքին աւարտին, տնօրէն Վիգէն Աւագեան հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը` կատարելու մրցանակակիր աշակերտներուն մրցանակաբաշխութիւնը եւ տալու օրուան պատգամը:

Մրցանակները ընդգրկեցին գիրքեր եւ ամավերջի հայերէնի ու հայոց պատմութեան քննութիւններէն զերծ կացուցուելու իրաւունք:

Միջնակարգի բաժինէն մրցանակներու արժանացան` Մեղրի Տեմիրճեան («Յիշատակութիւն»), Սէրլի Գալայճեան (Գ. մրցանակ), Սիլվի Թաթոյեան (Բ. մրցանակ) եւ Հերմինէ Աբրահամեան (Ա. մրցանակ):

Երկրորդականի բաժինէն «Յիշատակութեան» մրցանակներ ստացան` Մեղեդի Չուլճի, Քարոլին Կարապետեան, Սէրուժ Խանճիհանեան, Սինթիա Փասլիքեան, Սինթիա Դաւիթեան, Քրիստին Մարկոսեան, Արմիկ Մարկոսեան, Սիրական Հապիպ եւ Նանոր Այնթէպլեան: Գ. մրցանակի տիրացաւ Գէորգ Եագուպեան, Բ. մրցանակի` Նանոր Աքճեան, Ա. մրցանակի` Արազ Էլէյճեան: Հայագիտական մրցանքներուն իր արձանագրած գերազանց արդիւնքին համար քոլեճին Ժ. դասարանի աշակերտ Դրօ Միրզայեան արժանացաւ «Բարձր պատուոյ յիշատակութեան»: Հետեւաբար տնօրէնութիւնը անոր շնորհեց մէկ տարուան ուսման լրիւ կրթաթոշակ:

Մրցանակաբաշխութեան յաջորդեց օրուան պատգամը:

Թորգոմ ծ. վարդապետ իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ Վարդանանցը կը խտացնէ երեք սրբութիւններ` հայրենիք, կրօն եւ մշակոյթ: Երեքն ալ պէտք է տեսնել իրենց ամբողջականութեան մէջ:

«Հայրենիք ըսելով, պէտք է հասկնալ` հող, անկախութիւն, սահման ու բանակ:  Կրօն ըսելով, պէտք է հասկնալ` հաւատք, Աստուածաշունչ, քրիստոնէութիւն եւ տաճար: Իսկ մշակոյթ ըսելով պէտք է հասկնալ` լեզու, գիր ու դպրութիւն, կառոյց ու արուեստ», յայտնեց ան:

Ըստ էութեան, երեք սրբութիւնները զիրար կ՛ամբողջացնեն, շարունակեց ան, իւրաքանչիւրին արժէքը կը կայանայ հաւաքական համալրումի մէջ: Անոնց անքակտելիութիւնը կ՛երաշխաւորէ ազգին շարունակականութիւնը եւ աճումը: Եթէ ուզենք երեքը իրարու միացնելով մէկ բառ գործածել, ինքնութիւն բառը լաւագոյնս կ՛արտայայտէ այդ միութիւնը: Վարդանանցը ինքնութեան պատերազմն էր` ինքնութիւն պահելու պատերազմը, հա՛յ մնալու պատերազմը:

Թորգոմ ծ. վրդ. իր պատգամին մէջ յատկապէս ծանրացաւ լեզուի եւ մշակոյթի կարեւորութեան վրայ` «Մայրենի լեզուի օր»-ուան առիթով շեշտելով սեփական լեզուին եւ ազգային մշակոյթին տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Օրուան պատգամէն ետք ձեռնարկը փակուեցաւ քոլեճին քայլերգով:

 

Նախորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կ՛ընդունի Վաչէ Պուլղուրճեանը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?