Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Մարտ 7, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, առաւօտեան ներկայ գտնուեցաւ Ս. պատարագին եւ հաղորդուեցան Վարդանանց խորհուրդով, իսկ կէսօրուան հանդէս եկան` նշելով Վարդանանքը:

Հանդիսութեան ներկայ էին` տնօրէնութիւնը, գերապատիւ հայրեր, ծնողաց վարչութեան անդամներ, ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ծնողներու հոծ բազմութիւն մը:

Յայտագիրը բազմերանգ էր, ան ըստ էութեան վեր կ՛առնէր Վարդանանց խորհուրդը` բանաստեղծութիւններով, ռազմահայրենասիրական երգերով, երաժշտական կտորներով, կենդանի պատկերներով եւ ազգագրական պարերով:

Դիպուկ էր յայտագիրը ներկայացնող աշակերտներու առինքնող ոճը, որ կը յայտարարուէր բանաստեղծական  յորդորներով:

Աշակերտներուն կողմէ արտասանուած կամ ներկայացուած կտորները մեր հեղինակներուն գրած ու մշակած Վարդանանց խորհուրդին նուիրուած նոյն բանաստեղծութիւններն էին, սակայն աշակերտներուն քաջարի եւ վճռական արտայայտութիւններն էին, որոնք հանդիսատեսը շուրջ մէկ ու կէս ժամ միացուցին ու նոյնացուցին բեմին հետ:

Տնօրէնութիւնը այս առիթով օրուան պատգամը տալու համար հրաւիրած էր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը` Զմմառեան միաբանութենէն, որ իր կարգին աշակերտի լեզուով եւ ծնողներու դատողութեամբ ներկայացուց օրուան կարգախօսը` իր իմաստով ու արժէքով. ան ներկայի թելադրութեամբ ընդգծեց հայ զինուորին ու հայ մօր նուիրագործումը ի սէր իր հայրենիքին, իսկ ապագայի յանձնարարութեամբ, մեծերն ու փոքրիկները հրաւիրեց յանձնառու ու գիտակցութեամբ տէր ու պաշտպան կանգնելու հայ ժողովուրդի աւանդոյթներուն, արժէքներուն ու Հայ դատին:

Տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան բեմ բարձրանալով` իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայր Մաշտոցին, որ իր պատգամը այնքան պարզութեամբ ներկայացուցած էր, որ ներթափանցած էր բոլորի հոգիներուն մէջ: Տնօրէնը այս առիթով անոր յանձնեց յուշանուէր մը, ապա բարձրօրէն գնահատեց հայ լեզուի, երգի ու պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք աչալրջութեամբ ստանձնած են մեր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ ան գնահատեց օրուան յայտագիրի բովանդակութիւնն ու պատրաստութիւնը, մանաւանդ` աշակերտներուն ջերմեռանդ մասնակցութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին քոյր Արմինէ Մակարոսեան չորս աշակերտներու` Աքասիա Պէրպէրեանին, Սարգիս Նաճարեանին, Կալի Պետիրեանին եւ Լէա Մարտիկեանին յանձնեց «Ֆապրիանօ»-ի մրցանակները: Անոնք անցեալ կրթական տարեշրջանին մասնակցած էին «Ֆապրիանօ»-ի  մրցանքին ու ձեռք բերած` պատուաբեր արդիւնքներ:

Յաջորդական սերունդներ հպարտօրէն բացագանչեցին ու դեռ պիտի աղաղակեն «Հա՛յ ենք մենք, հա՛յ ենք մենք, քա՛ջ Վարդանի թոռն ենք մենք…»:

Կ. Գ.

Նախորդը

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

«Ճանչնանք Մեր Լեզուն» Հայագիտական Մրցանքներու Աւարտին` «Մայրենի Լեզուի Օր»-ուան Եւ Վարդանանցի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?