


Շաբաթ, 25 փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի երախտագիտութեան եւ գնահատանքի երեկոն, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ քոլեճին տնօրէնութեան, ներկայութեամբ աւելի քան 250 ազգայիններու, Ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներու, քոլեճի նախկին ու ներկայ խնամակալներու, տիկնանց յանձնախումբերու անդամներու, շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, քոլեճի բարեկամներու եւ բարերարներու:
Երեկոյին բացումը կատարեց քոլեճին նախկին շրջանաւարտներէն Վարդի Օհանեան-Գէորգեան: Ան ներկայացուց ձեռնարկին նպատակը եւ նշեց, որ հրաւիրուած ենք յարգանքի տուրք մատուցանելու անոնց, որոնք 53 տարի գործեցին լուռ ու մունջ. ճաշկերոյթներ, վիճակահանութիւններ, նուիրատուութեան արշաւներ, ծնողական հաւաքոյթներ եւ զանազան ձեւի ձեռնարկներ կազմակերպեցին, իրենց ժամանակէն ու հանգիստէն շատ բան զոհեցին Պուրճ Համուտի սրտին գործող Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը կանգուն պահելու եւ Սոֆիա Յակոբեանականը ուսումէ չզրկելու համար:
Շարունակելով, Օհանեան ըսաւ, որ ուսուցիչները ունին իրենց տօնը: Տնօրէնները յաճախ կը յիշուին, սակայն խնամակալները եւ տիկնանցի անդամները մնացած են ու կը մնան «անծանօթ զինուորներ», քուլիսներու ետին աշխատողներ, որոնք արժանի են գնահատանքի եւ շնորհակալութեան:
Հայերէն բացման խօսքին յաջորդեց արաբերէն լեզուով բացման խօսքը, զոր ներկայացուց քոլեճի նախկին շրջանաւարտներէն Քրիստէլ Իսա: Այնուհետեւ, հանդիսութիւնը ծաղկեցուց հայրենի ջութակահար Յովիկ Գարախանեան: Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած, քոլեճին նախկին շրջանաւարտներուն վկայութիւնները փոխանցող տեսանիւթեր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ քոլեճին չորս տնօրէններուն` Կարօ Պետրոսեանի, Լեւոն Նահապետեանի, Կարօ Յովհաննէսեանի եւ Յակոբ Բագրատունիի սրտի խօսքերը ներկայացնող տեսանիւթ մը:
Իւրաքանչիւր տեսանիւթի ներկայացումէ ետք կատարուեցաւ պարգեւատրում: Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի ձեռամբ, առաջին հանգրուանով, յուշանուէրներ ստացան քոլեճին վաստակաշատ խնամակալները.- Աբրահամեան Գօգօ, Ալլըքեան Յակոբ, Արթուն Ժան, Գազէզեան Փաուլօ, Գալուստեան Տիգրան, Գրիօղլեան Յարութ, Միթիլեան Վաչէ, Մինասեան Ռոպէր, Մկրտիչեան Գառնիկ, Մղտեսեան Եղիկ, Յակոբեան Կիրակոս, Ուրիշեան Մարալ, Չիւրիքեան Մարալ, Սաղըրեան Սիլվա, Սթամպուլեան Փէկի, Տօնիկեան Առաքել եւ Քէշիշեան Յակոբ:
Երկրորդ հանգրուանով պարգեւատրուեցան քոլեճին երկար տարիներ ծառայած յաջորդական տիկնանց յանձնախումբերու անդամները.- Աբրահամեան Անի, Ազնաւուրեան Ռիթա, Ազնաւուրեան Սիլվա, Գալէնտէրեան Սիլվա, Գոճայեան Կիւլէն, Դարբինեան Սալբի, Թաշճեան Զեփիւռ, Թորոսեան Նազելի, Ժինեան Արփի, Իսկէնեան Արփի, Ղազարեան Անի, Մանճեան Ցօղիկ, Մարտոյեան Շուշան, Մկրտիչեան Մարալ, Ուլիկեան Վիքի, Չարեան Ռիթա, Պուտագեան Նորա, Պօղոսեան Սիլվա, Քէօսէեան Անահիտ եւ Քիւսպէքեան Վիքի:
Պարգեւատրուող խնամակալներու եւ տիկնանց յանձնախումբերու անդամներու անունով խօսքեր արտասանեցին Եղիկ Մղտեսեան եւ Ռիթա Չարեան: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին քոլեճին տնօրէնութեան եւ Ազգային իշխանութեան` գնահատանքի երեկոյին կազմակերպման համար եւ յայտնեցին, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը իրենց համար եղաւ երկրորդ տուն մը, իր հարազատ մթնոլորտով եւ հայեցի առողջ դիմագիծով: Հայ դպրոցին ծառայութիւնը պարտականութենէ աւելի հաճոյք մը եղաւ, ազգին ու ժողովուրդին նուիրաբերումի ձեւ մը եղաւ, շեշտեցին անոնք:
Ապա, տեղի ունեցաւ Լիբանանի եւ հայութեան կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցող հանրածանօթ Սոֆիա Յակոբեանականներու գնահատանք: Յատուկ յուշանուէրներ ստացան Արեգնազ Մանճիկեան-Աղասարգիսեան (կրթական մշակ, տնօրէն), Կարօ Քեպապճեան (Արցախի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ, Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան հիմնադիր), Սեդա Մելքոնեան-Մանկասարեան (Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ), Վարդուկ Մարգարեան (վաստակաշատ մարզիկ, մարզիչ), Րաֆֆի Կէվօղլանեան (Պուրճ Համուտի նախկին
փոխքաղաքապետ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Ազգային առաջնորդարանի բնակարանային յանձնախումբի ատենապետ), Յակոբ Լուսարարեան (հանրածանօթ գործարար, շինարարական ծրագիրներու տնօրէն), Զաքար Քէշիշեան (խմբավար, երաժիշտ), Շողիկ Խառնըլեան-Թորոսեան (սոփրանօ երգչուհի, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցչուհի), Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան (Գարակէօզեան հիմնարկի տեղեկատուութեան եւ գործի բաժանմունքի պատասխանատու, կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսչութեան անդամ եւ մայրավանքի կիրակնօրեայի տեսուչ), Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան (Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ, կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսչութեան երկարամեայ անդամ), Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան (Սպահանի թեմի Շահինշահր քաղաքի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ), Զարմիկ Հալլաճեան (միջազգային խոհարար, Ծոցի երկիրներու պատկերասփիւռի հանրածանօթ դէմք եւ խոհարարական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ), Վարդի Օհանեան-Գէորգեան («Զուարթնոց» կեդրոնի ընկերային ծառայող), Պետիկ Գասպարեան (Արարատը եւ Ասիոյ, Եւրոպայի ու Ափրիկէի բարձրագոյն գագաթները նուաճած լեռնագնաց) եւ Աւօ Քէօֆթէեան (լիբանանեան բանակի սպայ):
Գնահատանքի արժանացան նաեւ հանդիսութենէն յարգելի պատճառներով բացակայող Սոֆիա Յակոբեանականներ Սիլվա Փոլ Կիրակոսեան (արուեստագէտ), Արա Վասիլեան (ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի տնօրէն), Արմէն Ապտալեան («Վանայ Ձայն»-ի նախկին տնօրէն եւ Օ.Թի.Վի.-ի հայկական լրատուական բաժինի տնօրէն), Գօգօ եւ Նանոր Քէլէշեաններ (հայկական եւ լիբանանեան պարարուեստի վաստակաշատ դէմքեր):
Աւարտին, խօսքեր արտասանեցին քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեան շնորհակալութիւն յայտնեց 53 տարիներ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը կանգուն պահած յաջորդական Ազգային իշխանութիւններուն, խնամակալներուն, տիկնանց յանձնախումբերուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն: Ան ըսաւ, որ քոլեճը «Աշխատանքը կ’ազնուացնէ» նշանաբանով ստեղծեց ծառայութեան ու նուիրումի աւանդ մը, կրթական հարուստ փորձառութիւն մը, որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի փոխանցուի Ազգային միացեալ վարժարան: Մեր կեանքին 1315 շրջանաւարտ տուած Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը պիտի փոխադրուի նոր տուն եւ բոլորին սպասումն է, որ կրթական-մանկավարժական աշխատանքը վերանորոգ թափով ու կամքով կը շարունակուի նոր տան մէջ, ուր նորեր իրենց աշխատանքով ու նուիրումով կրթական այդ աւանդը պիտի հարստացնեն աւելիով:
Իր կարգին, Առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ կը գտնուինք Ազգային միացեալ վարժարան տեղափոխման յատկանշական հանգրուանին մէջ: Ժամանակն է, որ հայ դպրոցը ժամանակակից ու արդիական պայմաններու մէջ շարունակէ իր առաքելութիւնը: Դպրոցներու անունները կրնան փոխուիլ, սակայն հայ դպրոցը կը մնայ հայ դպրոց, իր առաքելութեամբ, նպատակով եւ գոյութեան իմաստով:
Շարունակելով, Շահէ եպս. մաղթեց, որ դպրոցական կառոյցի փոխադրութեան հետ Ազգային միացեալ վարժարան կը փոխադրուի նաեւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին ծառայած նուիրեալներու հաւատքն ու գուրգուրանքը, որպէսզի կրթական երթը շարունակուի եւ համաշխարհայնացումի դժուարին պայմաններուն մէջ սերունդը կառչած մնայ ազգային իր արժէքներուն` գիրին, դպրութեան, մշակոյթին եւ կրթութեան:
Այսօր մենք կը նշենք հայ դպրոցին յաղթանակը, մեր յաղթանակը, հայօրէն ապրելու եւ հայօրէն գոյատեւելու մեր կամքին յաղթանակը, շեշտեց Առաջնորդը եւ մաղթեց, որ հայ դպրոցին շուրջ տիրող խանդավառութիւնը կը փոխանցուի նաեւ Ազգային միացեալ վարժարան, տարուէ տարի, սերունդէ սերունդ հայ դպրոցին վաստակով աւելի հարստանալու եւ հպարտանալու համար:
Խօսքերէն ետք, գնահատանքի արժանացած Սոֆիա Յակոբեանականները տնօրէնին եւ առաջնորդ սրբազանին հետ հատեցին օրուան կարկանդակը եւ հանդիսութենէն բաժնուեցան քոլեճին բնական շարունակութիւնը եղող Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեսնուելու ակնկալութեամբ:


